Լու­տեր ­Ճորճ ­Սիմ­ճեան (1905-1997). Ար­դիա­կան Գոր­ծիք­նե­րու եւ Ե­լեկտ­րո­նա­կան Սար­քե­րու Ա­մե­րի­կա­հայ Հնա­րի­չը

Նազարէթ Պէրպէրեան

Հոկ­տեմ­բեր 23-ի այս օ­րը, քսան տա­րի ա­ռաջ, Մ. Նա­հանգ­նե­րու մէջ, 94 տա­րե­կա­նին մա­հա­ցաւ ա­նո­ւա­նի

հայ գիւ­տա­րար մը՝ ­Լու­տեր ­Ճորճ Սիմ­ճեան ա­նուն-մա­կա­նու­նով, որ իբ­րեւ ար­հես­տա­գի­տա­կան ար­դիա­կան

սար­քե­րու հնա­րի­չի՝ կա­րե­ւոր տեղ կը գրա­ւէ ա­մե­րի­կա­ցի աշ­խար­հահռ­չակ դէմ­քե­րու մա­տեա­նին մէջ։

Ճար­տա­րա­գի­տա­կան մար­զէն ներս ա­ւե­լի քան 200 գիւ­տե­րու հե­ղի­նա­կա­յին ի­րա­ւուն­քը կը պատ­կա­նի

Լու­տեր ­Սիմ­ճեա­նի։ Բժշ­կա­կան լու­սանկար­չա­կան հա­մա­կար­գեր, լու­սան­կար­չա­կան ինք­նա­կեդ­րո­նա­ցու­ցիչ

(auto-focusing) խցիկ, ինք­նաշ­խատ (automatic) ե­րե­ւակ­ման սարք, ռազ­մա­կան թռիչք­նե­րու խթա­նիչ

(stimulator), փոս­տա­յին սա­կա­գի­նե­րու հա­շո­ւիչ եւ նմա­նօ­րի­նակ բա­զում գոր­ծիք­նե­րու հնա­րի­չը ե­ղաւ

հա­յազ­գի այս հնա­րա­միտ գիւ­տա­րա­րը։

Յատ­կա­պէս դրա­մա­բան սար­քի՝ ATMի (Automated Teller Machine) գիւ­տը կը պատ­կա­նի Սիմ­ճեա­նի, որ իր

հնա­րած հան­րա­յայտ «­Պանք­մա­թի­ք»ով (Bankmatic) ռահ­վի­րան ե­ղաւ մեր ժա­մա­նակ­նե­րու ա­մէ­նէն

ընդ­հան­րա­ցած դրա­մատ­նա­յին այդ սարք-գոր­ծի­քի ստեղծ­ման ու կա­տա­րե­լա­գործ­ման։

Լու­տեր ­Ճորճ ­Սիմ­ճեան (Luther George Simjian) ծնած է 1905-ի ­Յու­նո­ւար 28-ին, ­Կի­լի­կիոյ հա­յա­շատ Այն­թապ

քա­ղա­քին մէջ։ 1915-ին թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած տա­րա­գիր

բիւ­րա­ւոր հա­յե­րու հետ, ­Սիմ­ճեան­նե­րը եւս յայտ­նո­ւե­ցան ­Պէյ­րու­թի մէջ, ուր կարճ շրջան մը ապ­րե­լէ ետք՝

­Լու­տեր ան­ցաւ ­Մար­սէյլ, Ֆ­րան­սա, ուր­կէ 1920-ին տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­ներ։

15 տա­րե­կան հա­սա­կին հաս­տա­տո­ւե­լով Մ. ­Նա­հանգ­ներ՝ ­Քըն­նեք­թի­քըթ նա­հան­գի ­Նիւ ­Հէ­վըն քա­ղա­քին մէջ,

պա­տա­նի ­Լու­տեր կեան­քի աս­պա­րէզ նե­տո­ւե­ցաւ իբ­րեւ լու­սան­կա­րիչ։ Միա­ժա­մա­նակ բժշկու­թիւն ու­սա­նե­ցաւ

Եէյլ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ (Yale School of Medicine), մաս­նա­գի­տա­նա­լով իբ­րեւ լու­սան­կար­չա­կան

տար­րա­լու­ծա­րա­նի գի­տաշ­խա­տող։ Տար­րա­լու­ծա­րա­նա­յին լու­սան­կա­րի­չի իր աշ­խա­տան­քի տա­րի­նե­րուն,

նո­ւի­րո­ւե­ցաւ բժշկու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան:

1928-ին նշա­նա­կո­ւե­ցաւ միեւ­նոյն հա­մալ­սա­րա­նի լու­սան­կար­չա­կան բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն եւ ի­րա­գոր­ծեց

լու­սան­կար­չա­կան սար­քե­րու կա­պո­ւած քա­նի մը գիւ­տեր, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ նկար­նե­րու ման­րա­դի­տա­կի

լու­սար­ձա­կը (projector):

1934 թո­ւա­կա­նին տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Նիւ Եորք, որ ե­րի­տա­սարդ գիւ­տա­րար-հնա­րի­չին առ­ջեւ նոր հո­րի­զոն­ներ

բա­ցաւ։ ­Լու­տե­րի ա­ռա­ջին կա­րե­ւոր գիւ­տը ե­ղաւ սե­փա­կան դէմ­քի լու­սան­կար­ման մեծ սար­քը, որ շատ ա­րագ

տա­րա­ծում գտաւ մեծ հան­րա­խա­նութ­նե­րու մէջ, նաեւ՝ ա­ռի­թը ըն­ծա­յեց հայ գիւ­տա­րա­րին, որ­պէս­զի հիմ­նէ Photoreflex ըն­կե­րու­թիւ­նը, մեկ­նե­լով իր հնա­րած հա­մա­նուն գոր­ծի­քէն։ ­Յա­ջո­ղու­թիւ­նը այն­քա՜ն մեծ էր, որ

­Լու­տեր ­Սիմ­ճեան իր գիւ­տին հե­ղի­նա­կա­յին ի­րա­ւուն­քը եւ հա­մա­նուն ըն­կե­րու­թիւ­նը վա­ճա­ռեց։ ­Շու­տով հիմ­նեց

նոր ըն­կե­րու­թիւն մը՝ Reflectone ա­նու­նով, որ­պէս­զի հրա­պա­րակ ի­ջեց­նէ միեւ­նոյն ա­նու­նը կրող նոր սարք մը՝

դար­ձող հա­յե­լի­նե­րով օժ­տո­ւած բազ­կա­թոռ մը, ո­րուն վրայ բազ­մո­ղը ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լար իր սե­փա­կան

մար­մի­նը դի­տե­լու բո­լոր ան­կիւն­նե­րէ։

1939 թո­ւա­կա­նին ­Սիմ­ճեա­նի մօտ ա­ռա­ջա­ցաւ կան­խիկ դրամ տրա­մադ­րող ինք­նաշ­խատ դրա­մա­բան սար­քի (Automated Teller Machine — ATM) ստեղծ­ման գա­ղա­փա­րը: ­Թէեւ դրա­մա­տուն­նե­րը թե­րա­հա­ւա­տու­թեամբ

ըն­դու­նե­ցին դրամ տրա­մադ­րող ինք­նաշ­խատ մե­քե­նեայ ու­նե­նա­լու գա­ղա­փա­րը եւ հա­զիւ վեց ա­միս

փոր­ձար­կե­ցին ­Սիմ­ճեա­նի գոր­ծի­քը, այ­սու­հան­դերձ՝ ան շա­րու­նա­կեց աշ­խա­տիլ իր գոր­ծի­քի կա­տա­րե­լա­գործ­ման վրայ։ ­Մին­չեւ 1960 ա­պա­հո­վեց 20 ար­տօ­նա­գիր` կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լով Banmatic սար­քը եւ հիմք ստեղ­ծե­լով

այ­սօ­րո­ւան թղթադ­րամ տրա­մադ­րող եւ դրա­մա­կան գոր­ծարք կա­տա­րող գոր­ծիք­նե­րուն հա­մար։ 1965-ին ան

հնա­րեց նաեւ միեւ­նոյն գոր­ծի­քի մե­տա­ղադ­րամ տրա­մադ­րող սար­քը։

Լու­տեր ­Սիմ­ճեան ա­ռեւտ­րա­կան մեծ յա­ջո­ղու­թիւն ու­նե­ցաւ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին, երբ գիւ­տը

ը­րաւ ռազ­մա­կան թռիչք­նե­րու Optical Range Estimation Trainerին, որ կ­’օգ­տա­գոր­ծո­ւէր Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու

ռազ­մա­կան օ­դա­չու­նե­րու մար­զում­նե­րուն ժա­մա­նակ՝ գնա­հա­տե­լու հա­մար օ­դա­նա­ւա­յին կազ­մած­նե­րու

ա­րա­գու­թիւնն ու միջ-տա­րա­ծու­թիւ­նը: Սիմ­ճեան իր հնա­րած գոր­ծի­քէն ա­ւե­լի քան եր­կու հա­զար օ­րի­նակ

վա­ճա­ռեց եւ նիւ­թա­կան մեծ յա­ջո­ղու­թիւն ու­նե­ցաւ։ Իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին հա­յազ­գի գիւ­տա­րա­րը

հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ֆ­լո­րի­տա՝ ­Ֆորթ ­Լօ­տըր­տէյլ (Fort Lauderdale), ուր հիմ­նեց իր սե­փա­կան մեծ տար­րա­լու­ծա­րա­նը

եւ մին­չեւ 92 տա­րե­կա­նը աշ­խա­տե­ցաւ նոր գիւ­տե­րու հնար­ման վրայ։
Իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց 23 ­Հոկ­տեմ­բեր 1997-ին։

Լու­տեր ­Ճորճ ­Սիմճ­եա­նի մասին ա­մե­րի­կեան «­Թայմ» թեր­թը 1934-ին գրած է, երբ անդ­րադարձած է գու­նա­ւոր բժշկա­կան նկա­րող սար­քի մշակ­ման նիւ­թին.- ­Շա­տե­րը զինք կը կո­չէին՝, երկ­րորդ ­Թո­մաս Էտի­֊ո­նե, որ

ա­մերի­կեան նշա­նա­ւոր գիւ­տա­րար էր եւ ար­ժէ­քաւոր գիւ­տե­րու հե­ղի­նակ, ինչ­պէս ե­լեկ­տա­կան լամ­բը,

ձայ­նագ­րիչ­ը եւ այլ գոր­ծիք­ներ ստեղ­ծող­նե­րը: Ինչ կը վե­րաբերի հա­յազ­գի ­Ճորճ ­Սիմ­ճեա­նին, ան հե­ղի­նակ է

ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր ար­տօ­նա­գիր­նե­րու եւ բազ­մա­թիւ սար­քե­րու, ո­րոնց­մէ այ­սօր ա­մե­նա­տա­րա­ծո­ւա­ծը՝

դրա­մա­բաշ­խիչ մե­քե­նան է (Automated Teller Machine-ATM) եւ հե­ռա­յու­շա­րա­րը, որ կը գոր­ծա­ծո­ւի յա­տկապէս

հե­ռատե­սի­լի խօս­նակ­նե­րու եւ այլ մար­դոց հե­ռա­տե­սի­լա­յին ե­լոյթ­նե­րու ըն­թաց­քին:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...