Խաղող. Ինչ Գիտենք Այս Աստուածային Հատապտուղի Մասին

«Պատերազմը կրնայ սպասել, իսկ խաղողի բերքահաւաքը ոչ»
ֆրանսական ասացուածք

Աշխարհի բոլոր բոյսերու մէջ ամենամեծ տեսականին ունի խաղողը։ Գոյութիւն ունի խաղողի

8000 տեսակ, համեմատութեան համար ըսենք, որ բոլոր պտուղները իրարու հետ ունին 6000 տեսակ։

Մէկ շիշ գինի պատրաստելու համար անհրաժեշտ է 600 հատիկ խաղող։

Խաղողը միակ բոյսն է, որուն ուսումնասիրութեան համար ամբողջ գիտութիւն մը ստեղծուած է՝ ԽԱՂՈՂԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ։ Նոյնիսկ բժշկութեան մէջ խաղողաբուժութիւն եզրոյթը կայ։ Կը բուժեն

ոչ միայն խաղողի պտուղներով, այլ նաեւ թուփով, կեղեւով ու այն ամէն ինչով, ինչ կարելի է ստանալ

այդ բոյսէն։ Որթատունկի մազիկներն ու տերեւները շատ հարուստ են c կենսանիւթով։

Հնագէտները կը հաստատեն, որ խաղողագործութիւնը ծաղկում ապրած է մօտաւորապէս 5-7 հազար

տարի առաջ :

Հայաստանի մէջ եւս խաղողագործութիւնը շատ հին ծագում ունի: Դեռ Ք.ա. 10-9-րդ դարերուն
ուրարտացիները ունեցած են զարգացած խաղողագործութիւն։ Խաղողը Հայաստանի խորհրդանիշներէն
մէկն է, առասպելի համաձայն՝ մարդկութիւնը բացայայտեց գինին այն ժամանակ, երբ Նոյ նահապետը
ջրհեղեղէն ետք Արարատ լերան ստորոտին տնկեց խաղողի առաջին որթը:
Հայաստանի մէջ խաղողագործութեան զարգացման մասին կը վկայեն ասորեստանեան սեպագիր արձանագրութիւնները, Կարմիր բլուրի, Արենիի քարանձաւի պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած մառանները, կարասները, գինեգործական պարագաները: Հայաստան ունեցած է խաղողի հարիւրաւոր տեսակներ։
Խաղողագործութիւնը միշտ եղած է Հայաստանի գիւղատնտեսութեան գլխաւոր ճիւղերէն մէկը: Հայկական խաղողները եւ գինիները կարեւոր դեր ունեցած են Հայաստանի հովտային եւ լեռնային շրջաններու միջեւ ապրանքափոխանակութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը երկիրներու (Միջին Արեւելք, Ռուսիա, Եւրոպա) հետ առեւտրական կապերու զարգացման համար:
Սպանիոյ մէջ աւանդոյթ կայ, որ նոր տարուան գիշեր արագ 12 հատիկ խաղող կ’ուտեն, իւրաքանչիւր
հատիկը ժամացոյցի սլաքի ամէն զարկի հետ զուգահեռ, որպէսզի տարուան 12 ամիսը յաջողութիւն
ունենան։
Յունաստանի մէջ աւանակի յուշարձան տեղադրուած է, որովհետեւ այդ աւանակը առաջին անգամ
խաղողի թուփ կերած է եւ յաջորդ տարի տեսած են, որ այդ թուփը աւելի լաւ աճած է եւ սկսած են յօտել
բոլոր թուփերը։
 Ruby Roman խաղողի ամենասուղ տեսակն է, ստեղծուած է Ճափոնի մէջ 1994  թուականին եւ կը
վաճառուի միայն իր ծննդավայրին մէջ, 2016-ին տեղի ունեցած աճուրդի մը ընթացքին այս խաղողի
մէկ ողկոյզը վաճառուած է $10900։
աղբիւր՝ armeniasputnik.am

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...