Գիտէ՞ք, որ աշխարհի մէջ կայ աւելի քան 7,500 տարբեր տեսակի խնձոր:
Կ’ըսուի, որ խնձորի ծառը ծագած է Կասպից ծովու եւ Սեւ ծովու միջեւ եղած տարածաշրջանի մէջ: Աշխարհի ամենամեծ
խնձորը 1,4 քկ է:
Խնձորը շատ համեղ պտուղ մը ըլլալէն բացի, ունի նաեւ շատ բուժիչ յատկութիւններ.
-Նախ առողջ կը պահէ ձեր ակռաները
-Խնձոր ուտելով դուք միշտ աշխոյժ կ’ըլլաք
-Առողջ կը պահէ ձեր սիրտը
-Շատ ջուր պարունակելով կը զօրացնէ ձեր տեսողութիւնը
-Կը պաշտպանէ շաքարախտէն եւ այլ տարբեր հիւանդութիւններէ
-Անիկա կը պարունակէ A, B1, B2, C եւ այլ կենսանիւթեր, որոնք շատ կարեւոր են մկանային հիւսուածքի, ոսկորներու, մաշկի եւ ընդհանրապէս առողջ աճի համար:
-Խնձորի մաշկին մէջ յայտնաբերուած Quercetin- ը կը պաշտպանէ ուղեղի բջիջները:
Պատահական չէ, որ խնձորի մասին տարբեր լեզուներով ասացուածքներ կան։
Այնպէս որ ամէն օր խնձոր կերէք եւ առողջ ապրեցէք։