Ծաղկազարդ. ամբողջական դաս

Ծաղկազարդը հեթանոսական շրջանէն եկած տօն է, յայտնի է նաեւ ծառզարդ եւ ծառզարդար անուններով։

Այդ շրջանին ծաղկազարդը կապուած էր ծառ պաշտելու հետ։

Հայերս ունեցած ենք կենաց ծառ, այսինքն՝ կեանքի ծառ, որ կը ներկայացնէ ծնունդէն մինչեւ ծաղկունք եւ պտղաբերութիւն, նաեւ անմահութիւն կը խորհրդանշէ։

Եթէ Նոր Տարիին ծառը կը զարդարէին պտուղներով ու չիրերով, ապա ծառզարդարին, այսինքն՝ ծաղկազարդին, ծառը կը զարդարէին հաւկիթներու փունջերով։

Ծաղկազարդը կը նշուի Սուրբ Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ։

Հայերու ծառի հանդէպ ունեցած սէրը շարունակուեցաւ նաեւ քրիստոնէական շրջանին: Ծաղկազարդի առաւօտեան, եկեղեցւոյ մէջ կ՛օրհնեն ուռենիի,

ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղեր եւ կը բաժանեն հաւատացեալներուն, օրհնուած ճիւղերը տուն կը բերեն,

որպէսզի չարիքներէն հեռու մնան եւ տարին բարիքներով լեցուն ըլլայ։

Ծաղկազարդը նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մտնելուն. խաչուելէն եւ յարութիւն առնելէն առաջ, Յիսուս Քրիստոս վերջին անգամ գնաց Երուսաղէմ,

այնտեղ ժողովուրդը զինք դիմաւորեց  մեծ ուրախութեամբ՝ որպէս Փրկիչի։ Շատեր անոր առջեւ արմաւենիի, ձիթենիի, ուռենիի ճիւղեր

եւ նոյնիսկ իրենց հագուստները  կը փռէին, այդ ձեւով մարդիկ իրենց սէրն ու հաւատքը  կարտայայտէին Քրիստոսի նկատմամբ,

որովհետեւ ան մարդկութեան մեղքերը իր վրայ վերցնելով, չարչարուեցաւ եւ փրկեց մարդկութիւնը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոս Ծաղկազարդը հռչակեց նաեւ «Մանուկներու օր»։

Ծաղկազարդի Նուրի անունով տիկնիկը՝ անձրեւի հարսն էր, զայն կը պատրաստէին հագուստներու աւելցած կտորներէ եւ թելերէ.

խաչաձեւ մարմնով, երկար մազերով, մեծ աչքերով, կարմիր հագուստով` գլխուն ծաղիկներով զարդարուած պսակ:

Ծաղկազարդին Նուրին եկեղեցի կը տանէին եւ աղօթքէն ետք հոն կը ձգէին, որպէսզի տարին անձրեւաբեր ըլլայ։

Բառարան

Փրկիչ= ազատարար, ազատող, Յիսուս

Արտայայտել= հասկցնել

Նկատմամբ=մասին

Հռչակել=յայտարարել

Անձրեւաբեր= անձրեւ բերող

Խաղ

Կազմեցէք այս խճանկարը «Յիսումի մուտքը Երուսաղէմ»

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...