Ծաղկազարդ Տօնին Իմաստը

Անթիլիասի Մայրավանքը Ծաղկազարդի տօնին

Խաչուելէն եւ յարութիւն առնելէն առաջ, Յիսուս Քրիստոս վերջին անգամ գնաց Երուսաղէմ։

Քաղաք մտնող Յիսուսին ժողովուրդը դիմաւորեց  մեծ ուրախութեամբ՝ որպէս Փրկիչի։

Շատեր անոր առջեւ ծառերու ճիւղեր եւ նոյնիսկ իրենց հագուստները  կը փռէին։

Այս ձեւով մարդիկ կ’արտայայտէին իրենց սէրն ու հաւատքը  Քրիստոսի նկատմամբ։

Ահա այս իրադարձութեան նուիրուած է Ծաղկազարդի տօնը։

Ծաղկազարդը Հայոց եկեղեցւոյ շարժական տօներէն է՝ կը նշուի Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ՝ Կիրակի օրը։

Տօնակատարութեան անունը եւ օրը կը համընկնի ծառերը ծաղկելուն, անիկա միացած է Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքին,

քրիստոնէական տօնին եւ եկեղեցական տօնացոյցին մէջ հաստատուած է Ծաղկազարդ անունով։

Ծաղկազարդի օրը եկեղեցւոյ մէջ նաեւ մանուկներու օրհնութեան կարգ կը կատարուի,

երեխաները եկեղեցի կ’երթան՝ ծաղիկներով զարդարուած մոմեր բռնած եւ կը ստանան Աստուծոյ օրհնութիւնը։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...