Միջնադարեան հայ ճարտարապետութեան արժէքաւոր յուշարձաններէն Կիրանց վանքը կը գտնուի Տաւուշի մարզի մէջ՝ Կիրանց գիւղէն մօտ 12 քմ արեւմուտք, Կիրանց-ջուր վտակի ձախ ափին: Վանքը կառուցուած է 13-րդ դարուն:
Աւանդութեան համաձայն քարագործ վարպետը կ’ունենայ շատ ընդունակ աշակերտ մը, որ ինքնուրոյն կը կառուցէ վանքը: Աշխատանքը աւարտելէն ետք կը կանչէ վարպետը՝ իր առաջին աշխատանքը գնահատելու համար: Վանքը այնքան փառահեղ կ’ըլլայ, որ անուանի վարպետը կը նախանձի իր աշակերտէն եւ կը փորձէ ամէն կերպ գտնել թերութիւններ, սակայն չի կրնար: Երկար մտածելէ ետք կ’ըսէ՝ «Կիրը անցուցած է», այստեղէն ալ կը յառաջանայ վանքի անունը:
Տաւուշի գողտրիկ անկիւններէն է նաեւ «Սրանոց» կամուրջը ՝ Կիրանց գետի վրայ:
Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ին պատրաստեց Նարէ Մուրատեան