Ծառը սէր է
Մեր Աստծոյն, մեզի ուղղուած սէրն իմաստուն։
Ծառը խինդն է
Մոլորակի մեզ պարգեւած ցնծումը յորդ։
Ծառը խոհն է
Սրտի ծալքերն արտայայտող, Արարիչին։
Ծառը լոյսն է
Այս մեր երկրին, միշտ նորոգուող յարատեւող։
Ծառն աղօթք է,
Երկինք ուղղուած, միշտ բարձրացող ու միշտ շնչող։
Ծառը կեանք է
Գաղտնիքն անոր յարատեւող մասնիկը սուրբ։
հեղինակ՝ Բանաստեղծուհի
Մարիանա Պերթիզլեան- Ղազարեան

