Ծիծեռնակաբերդի Խորհուրդը

1965 թուականի Ապրիլ 24-ին՝ Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցին, Երեւանի մէջ կազմակերպուեցան զանգուածային ցոյցեր, որոնց արդիւնքով 1965-ի Մարտ 16-ին ընդունուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան

զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը կանգնեցնելու որոշումը։

Յուշարձանի շինարարութիւնը աւարտին հասաւ 1967-ին, եւ բացումը տեղի ունեցաւ 1967 թ. Նոյեմբեր

29-ին։

«Ծիծեռնակաբերդ»-ը կառուցուած է Երեւանի` համանուն բլուրի վրայ: Յուշահամալիրը դարձած է համայն հայութեան ուխտատեղի։ Ամէն տարի Ապրիլ 24-ին հարիւր հազարաւոր հայեր եւ օտարներ կը բարձրանան այնտեղ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու 1915 թուականին թրքական կառավարութեան իրագործած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն։

 

 

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը բաղկացած է երեք հիմնական կառոյցներէ՝ Յաւերժութեան տաճար, «Վերածնուող Հայաստան» Յուշասիւն եւ Յուշապատ։ Յաւերժութեան տաճարը բաղկացած է 12 քարէ

սալերէ, որոնք դասաւորուած են շրջանաձեւ կորացած դէպի ներս։ 12 թիւը ընտրուած է՝ հիմք ընդունելով երկրաչափական օրէնքները, անոնք կը խորհրդանշեն խոնարհուող ժողովուրդը եւ որեւէ կապ չունին պատմական Հայաստանի նահանգներու հետ։ Շրջանի կեդրոնը յաւերժական կրակն է։

44 մեթր բարձրութեամբ սիւնը կը խորհրդանշէ հայերու վերածնունդը: Երկու մասէ կազմուած բարձր սիւնը ժողովուրդի մօտ տարբեր բացատրութիւններ ունի: Մէկ մասի կարծիքով կը խորհրդանշեն Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանները, այլոց կարծիքով` Մեծ ու Փոքր Մասիսները:

Յուշարձանի շուրջը տարածուող այգիին մէջ կը գտնուի 100-մ. երկարութեամբ պատ, որուն վրայ

փորագրուած են ջարդերու ենթարկուած ամենայայտնի քաղաքներու եւ գիւղերու անունները։

1995 թուականին յուշահամալիրի տարածքին բացուեցաւ փոքր ստորգետնեայ թանգարան, ուր կարելի է

գտնել տեղեկութիւններ 1915 թուականի իրադարձութիւններու մասին։ Թանգարանին մօտ կը գտնուի

պուրակ մը, ուր օտարերկրեայ պաշտօնեաները Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կը տնկեն ծառեր։ Համալիրի մօտ կանգնեցուած է ոչ մեծ խաչքար՝ ի յիշատակ 1988 թուականին Սումգայիթի մէջ

կազմակերպուած հայերու ցեղասպանութեան զոհերուն։

Յուշահամալիրի ճարտարապետներն են՝ Արթուր Թարխանեանն ու Սաշուր Քալաշեանը:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...