Ծիրանենին Ու Նռնենին Աւելի Քան 4000 Տարուայ Կեանք ունին. Պտղաբուծութիւն

Պտղաբուծութիւնը բուսաբուծութեան հնագոյն ճիւղերէն մէկն է: Կ’ենթադրուի, որ խնձորենին,
տանձենին, սալորենին, դեղձենին, ծիրանենին եւ նռնենին կը մշակուէին աւելի քան 4 հազար
տարի առաջ:
Պահպանուած են Բաբելոնի եւ Ասորեստանի, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի, Ղրիմի այգիներու նկարագրութիւնները:
Միջնադարուն պտղաբուծութեամբ  զբաղած են Արեւմտեան Եւրոպայի երկրներու մէջ, յատկապէս՝
Ֆրանսայի մէջ:
Հայաստան նոյնպէս պտղաբուծութեան հնագոյն երկիր է: Արմաւիրի, Շէնգաւիթի, Գառնիի մէջ
յայտնաբերուած են 3-6 հազար տարուան վաղեմութեան ծիրանենիի, դեղձենիի, սալորենիի,
որթատունկի սերմեր:
Համաշխարհային ճանաչում ունին ծիրանն ու դեղձը, որոնք յայտնի են նաեւ որպէս հայկական
պտուղներ: Աշխարհի մէջ կ’աճեցնեն մօտ 350 տեսակի պտղատու բոյս, որմէ մօտ 100-ը ունի
արտադրական նշանակութիւն: Ամենամեծ մակերեսներով պտղատու տնկարկները կը գտնուին
Չինաստանի, ԱՄՆ-ի, Հնդկաստանի, Արժանթինի եւ եւրոպական երկրներու մէջ:
Այսօր Հայաստանի մէջ մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի պտուղներու եւ հատապտուղներու
արտադրութեան, ինչպէս ներքին շուկայի պահանջները բաւարարելու, այնպէս ալ թարմ ու
վերամշակուած վիճակի մէջ արտահանելու նպատակով:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...