Դուք ձեր մրրիկով մեր Մարմինը թանկ՝
Հազար Տէր-Զօրի կլափին տուիք կե՛ր:
Բայց մե՛նք՝ Սասունցի Դաւի՛թ իբր անմեռ՝
Հազար ծագերէն կը ձայնենք.
-Ներկա՛յ…
Ձեր բորանին դէմ՝ մենք բո՛րբ արեգակ,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր նենգին զէնքով մեր Անունն անժանգ՝
Աշխարհի սիրտէն սրբե՛լ ճգնեցաք:
Բայց մե՛նք՝ յաւերժին մէջ քանդակուած Հա՛յկ՝
Պատմութեան էջէն կը թնդանք.
-Ներկա՛յ…
Ձեր չար ջանքին դէմ՝ մենք մէ՛կ եւ կո՛ւռ կամք,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր ոխին կրակով դարձուցիք մոխի՛ր,
Չորս հովի՛ն տուիք մեր Գիրն ու Ոգին:
Բայց մենք՝ լուսասփիւռ Մեսրո՛պ լուսածին՝
Անցեալի ձորէն կը գոռանք.
-Ներկա՛յ…
Ձեր հրդեհին դէմ՝ ծովի՛ պէս անծիր,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր խօլ մոլուցքին անկուշտ մանգաղով
Մեր հոգւոյն հանդէպ Հաւատքն յօտեցիք:
Բայց մե՛նք՝ խաչակիր Վարդա՛ն անառիկ՝
Ողջ Աւարայրէն կը փողենք.
-Ներկա՛յ…
Ձեր մանգաղին դէմ՝ մենք կաղնի՛ անխռով,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ:
Ձեր խուժ խուժանին ժանիքներով ժանտ
Յօշեցի՛ք մեր Հողն անոյշ եւ կանաչ:
Բայց մե՛նք՝ դարեղէն Մասի՛ս աննուաճ՝
Գալիքի բարձրէն կ՛որոտանք.
-Ներկա՛յ…
Ձեր ճանկերուն դէմ՝ մենք ժա՛յռ պողպատեայ,
Ձեր հեղեղին դէմ՝ մենք թո՛ւմբ անվտանգ,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ…