Ամբողջական Դաս. Կաղանդ Նաւասարդ Նոր Տարի

Հայերը ունեցած են տարեգլուխի տարբեր անուններ, որոնք կոչուած են՝ Կաղանդ, Նաւասարդ, Նոր տարի եւ այլ անուններով:

Ժամանկին, մեր նախնիները տարեգլուխը կամ Նոր Տարին դիմաւորած են Մարտ 22-ին, գարնանային գիշերահաւասարի օրը:

Այդ օրը նաեւ բնութեան ծաղկելու օրն է։

Բոլոր գաւառներու մէջ Կաղանդը նշուած է մեծ տօնախմբութեամբ, տաճարներու մէջ կատարուած են տօնական ծէսեր

եւ աստուածներուն զոհեր մատուցուած են։

Հայկական այլ տարեգլուխ էր Նաւասարդը։

Նաւասարդը հայկական տոմարի ամիսներէն մէկն է, ունի 30 օր՝ Օգոստոս 11-էն մինչեւ Սեպտեմբեր 9:

Ըստ աւանդոյթին, Ք.Ա. 2492 թուականի Նաւասարդ 1-ին, այսինքն` Օգոստոս 11-ին,

Հայկ Նահապետ պարտութեան մատնեց բռնակալ Բէլը եւ ազատութիւն պարգեւեց հայերուն:

Այդ ժամանակէն ի վեր հայերը սկսած են Նոր տարին տօնել Օգոստոս11-ին:

Նաւասարդ, կը նշանակէ Նոր Տարի. Նաւ=Նոր, սարդ=տարի, նաւասարդ=նոր տարի։

Նաւասարդի մեծ տօնին ներկայ կը գտնուէին` երկրի թագաւորն ու թագուհին, նշանաւոր մարդիկ, եւ հայկական բանակը,

Ժողովուրդ կը հաւաքուէր Հայաստանի բոլոր գաւառներէն: Տօնախմբութիւնը կը տեւէր մի քանի օր:

Կը կազմակերպէին խաղեր, մրցոյթներ եւ կը պատրաստէին տարբեր կերակուրներ՝ հատիկեղէն, ղափամա, չիր, ընկոյզ եւ այլն:

Սեղանի զարդը կը համարուէր տարեհացը, որուն մէջ պատրաստելու ընթացքին կը դրուէր «գուշակութեան» դրամը.

Հացը կը բաժնուէր 12 հաւասար մասերու, եւ ընտանիքի այն անդամին, որուն բաժին կ՛իյնար դրամը, Նոր տարիին անոր յաջողութիւն կը սպասէր:

18ր-դ դարուն, երբ Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը տոմարը փոխեց, հայերը սկսան Նոր Տարին նշել Յունուար մէկին:

Մինչեւ այսօր Նոր Տարին կը դիմաւորենք Յունուար մէկին, սակայն կան արարողութիւններ, որոնք հին ժամանակներէն մնացած են եւ մինչեւ այսօր կը պահպանուին։

Օրինակ` կէս գիշերին ամբողջ ընտանիքը կը հաւաքուի մոմի լոյսով լուսաւորուած սեղանի շուրջ եւ աղօթքով կը դիմաւորէ նոր Տարին:

Նոր տարուայ առաջին օրը եկեղեցի կ՛երթանք բարօրութիւն խնդրելու:

Հին ժամանակ, պատանիները տանիք բարձրանալով, իրենց գուլպաները պարանով կ՛իջեցնէին կրակարանի ծխնելոյզէն,

որպէսզի տանտէրերը մէջը լեցնէին իրենց տան բարիքները։ Մեր նախնիները նոյնպէս ունեցած են ձմեռնային հրաշագործ,

զոր կ՛անուանէին Մեծ պապուկ կամ Կաղանդ պապա: Ան կապուած էր կաթողիկոս Սահակ Պարթեւի անուան հետ։

Հայերը նոր տարուայ ծառը կը զարդարէին ընկուզեղէնով,  ցորենի հասկերով, լուբիայով, զանազան միրգերով

եւ յատկապէս խնձորներով, որոնք պտղաբերութիւն կը խորհրդանշէին։

Հին ժամանակ, Կաղանդի ծառը կը տանէին եկեղեցի. եւ քահանայի օրհնութիւնը ստանալէ ետք, տուն կը բերէին։

Տօնածառի խորհուրդը

Եղեւնի

Նոր տարիին զարդարուող ծառը կեանք կը խորհրդանշէ, իսկ յատկապէս եղեւնին, որպէս մշտադալար ծառ՝ յաւերժութիւն։

Աստղ

Ծառի գագաթին դրուող աստղը՝ աւետող աստղն է, որ կը խորհրդանշէ Յիսուսի ծնունդը։

Լոյս

լոյսը հաւատացեալ ժողովուրդն է, որ կը սփռէ Յիսուսի լոյսը։

Կարմիր Գնդակներ

Կը խորհրդանշեն  կեանքն ու Յիսուսի արիւնը, որուն շնորհիւ փրկուեցաւ մարդկութիւնը։

Խաղ

Կազմեցէք այս խճանկարը

Բառարան

Ծէս= կրօնական արարողութիւն

Մատուցել= նուիրել, տալ

Տոմար= օրացոյց

Աւանդոյթ= սերունդէ սերունդ անցած սովորութիւն

Ղափամա= բրինձով եւ մեղրով եփուած խոշոր դդում (հայկական ճաշատեսակ) 

Գուշակութիւն = կախարդութիւն

Արարողութիւն=հանդիսութիւն

Բարօրութիւն= Երջանկութիւն

Հրաշագործ=հրաշք գործող

Պտղաբեր=բարիք բերող

Խորհրդանշել= իմաստ ունենալ

Մշտադալար=միշտ կանաչ

Յաւերժ=միշտ մնացող, անմահ

Աւետող= ուրախ լուր բերող (աւետիս= ուրախ լուր)

Սփռել=տարածել

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...