Կանաչ Գրիչ. Սկզբունք որ Կ’օգնէ Լաւ Բան Ընելու Ձգտում Ունենալ

«Կանաչ գրիչ» սկզբունքը կրնայ օգտագործուիլ կրթութեան ոլորտէն ներս: Ան բոլոր տարիքի ուսանողներուն կը սորվեցնէ չկեդրոնանալ ձախողումներու վրայ եւ  նկատել յաջողութիւնները:

«Կանաչ գրիչ» մեթոտը մշակուած է Թաթիանա Իվանքոյի կողմէ, երբ ան իր դստեր հետ կը սորվէր տառերը գրել:

Երբ երեխան կը գրէր, մայրը երեխայի սխալները չէր շեշտեր կարմիր գրիչով, ինչպէս կ՛ընէին տարրական դպրոցէն ներս: Ան կանաչ գրիչով կ՛ընդգծէր այն տառերը, որոնք երեխան ճիշդ գրած էր:
Աղջիկը շատ սիրեց այդ մեթոտը, եւ միշտ իւրաքանչիւր տողէ ետք ան կը հարցնէր. ո՞ր մէկն է ամենէն գեղեցիկը:

Այդպիսով երեխան կը կեդրոնանար ճիշդ կատարուածին վրայ եւ ենթագիտակցօրէն կը ձգտէր կրկնել այն, ինչ իտէալական էր:

«Կանաչ գրիչ» սկզբունքով մենք ոչ թէ սխալներէն խուսափելու, այլ լաւը ընելու ցանկութիւն կը յառաջացնենք:

Մանկութենէն մեզի կը սորվեցնեն կեդրոնանալ թերութիւններու վրայ, թէ ինչն է սխալ, թէ ինչն է մեր կարծիքով վատ: Ատիկա կը սորվեցնեն դպրոցէն ներս՝ կարմիր գրիչի օգնութեամբ, երբ գրուած 20 մասնիկներէն միայն մէկը կարմիրով ընդգծուած կ’ըլլայ: Ատոնցմէ 19-ը լաւ գրուածը կ’անտեսուի, իսկ մէկը` անկատարը, կը շեշտուի կարմիրով: Տունը, երբ աւելի յաճախ մեզ կը նախատեն սխալներու համար, քան կը գովեն լաւ գործերու համար:

Կարմիրով վատը ընդգծելը, որ մենք կը տեսնենք մանկութենէն, եւ որ հասուն տարիքի մէջ հնարաւոր չէ արմատախիլ ընել մեր գիտակցութենէն, կը դառնայ կեանքի դժգոհութեան ամենատարածուած պատճառը:

Կանաչ գրիչի սկզբունքով կը տեսնէք, որ եթէ նոյնիսկ երբ չենք մատնանշեր երեխայի սխալները, ատոնք աստիճանաբար կը վերանան ինքնուրոյն, որովհետեւ երեխան կը ձգտի շատ բան ընել ` իր կամքով:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...