«Կապոյտ Վերարկուն» Հեքիաթը կը Կարդայ Դաւիթ Յակոբեան

Սիրելի’ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ցիներ, բոլորիս կողմէ սիրուած յայտնի դերասան Դաւիթ Յակոբեանը, որ իր բարի դերերով դարձած է բոլորիս սիրելի պապիկը, ընդունեց մեր առաջարկը եւ սիրով ձեզի համար կարդաց «Կապոյտ Վերարկու» Հեքիաթը, որ վստահաբար հաճելի պիտի ըլլայ զայն լսել սիրուած դերասանի կողմէ։

Դերձակ էր Դաւիթին մեծ հայրը: Դաւիթ երբ մանուկ էր, շատ կը սիրէր մեծ հօրը արհեստը դիտել, թէ ան ինչպէ՛ս կը կտրէր կերպասները, կը ձեւէր եւ գեղեցիկ հագուստներ կը կարէր:

Ձմրան օր մըն էր, մեծ հայրը կապոյտ կերպասի կտոր մը գտաւ դարակին մէջ:

–  Այս կերպասէն քեզի վերարկու մը կը յարմարցնեմ,-ըսաւ:

Ուստի կերպասը կտրեց, ձեւեց եւ վերարկու մը կարեց Դաւիթին համար, որպէսզի ան չմսի ձմրան ցուրտ օրերուն:

Յետոյ միասին փողոց ելան ձիւնի վրայ անասուններուն ոտնահետքերը տեսնելու համար:

Դաւիթ շատ սիրեց կապոյտ վերարկուն, սակայն յաջորդ  ձմրան չկրցաւ հագնիլ, որովհետեւ ինք մեծցած եւ հետեւաբար վերարկուն ա՛լ պզտիկցած էր:

–  Ասկէ քեզի ուրիշ բան մը կրնամ կարել,- ըսաւ մեծ հայրը:

Կապոյտ վերարկուն կտրեց, ձեւեց  եւ այս անգամ բաճկոն մը կարեց:

Դաւիթ հագաւ կապոյտ բաճկոնը եւ միասին խաղավայր գացին, ուր մեծ հայրը հեծանիւ վարել սորվեցուց անոր:

Դաւիթ շատ սիրեց կապոյտ բաճկոնը, սակայն ժամանակի ընթացքին բաճկոնը հինցաւ:

Այնպիսի վիճակ մը առաւ որ այլեւս անգործածելի դարձաւ:

–  Ասկէ քեզի ուրիշ բան մը կրնամ ձեւել,- ըսաւ մեծ հայրը:

Ան անմիջապէս բաճկոնը կտրեց, ձեւեց եւ անկէ կապոյտ գլխարկ մը կարեց:

Դաւիթ գլխարկը անցուց գլխուն, յետոյ մեծ հօրը հետ գետափ գնաց, ուր  միասնաբար ձուկ որսացին:

Դաւիթ շատ սիրեց կապոյտ գլխարկը, սակայն օր մը շուն մը խլեց ու բզիկ-բզիկ ըրաւ զայն:

Հետեւաբար գլխարկէն միայն կերպասի կտորիկ մը մնաց Դաւիթին ձեռքը:

–  Ասկէ քեզի ուրիշ բան մը կրնամ ստեղծել,- ըսաւ մեծ հայրը:

Առաւ կտորիկ կապոյտ կերպասը, կտրեց, ձեւեց, եւ կոճակի մը վերածեց: Եւ Դաւիթին շապիկին վրայ կարեց:

Ժամանակի ընթացքին կոճակն ալ փճացաւ, միայն կապոյտ դերձան մը մնաց շապիկին վրայ:

Կապոյտ կերպասէն  ոչինչ մնաց,- ըսաւ Դաւիթ տխրագին:

–  Ո՛չ, ո՜չ, այս կապոյտ դերձանէն դուն բան մը կրնաս ստեղծել: Ինծի կապոյտ վերարկուն պատմէ տեսնեմ,- ըսաւ մեծ հայրը:

Դաւիթ մէկ-մէկ պատմեց կապոյտ կերպասէ վերարկուն, բաճկոնը, գլխարկը եւ կոճակը: Պատմեց  նաեւ այդ զգեստներով՝ մեծ հօրը հետ անցուցած հաճելի պահերը:

Մեծ հայրը ժպտեցաւ ու ըսաւ.

– Տեսա՞ր, հեքեաթի նիւթ դարձաւ կապոյտ կերպասը: Մանուկները ճիշդ քեզի պէս հաճելի պահեր պիտի անցընեն, երբ մտիկ ընեն կամ կարդան այս հէքեաթը:

աղբիւր՝ Փոքրիկ

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...