Կեանքի Դաս. 1-10-100-1000

Անգամ մը բնագիտական եւ ուսողական  գիտութիւններու փրոֆէսոր մը, ցանկալով իր ուսանողներուն ամբողջ կեանքի համար  յիշուող դաս մը տալ,

գրատախտակին վրայ գրեց մեծ 1 թիւը, յետոյ նայեցաւ երիտասարդ ուսանողներուն եւ բացատրեց․

̶ Ասիկա ձեր մարդկայնութիւնն է` կեանքի մէջ ամենաանհրաժեշտ յատկութիւնը:

Յետոյ 1-ին կողքը նկարեց 0 եւ շարունակեց․

̶ Իսկ ասիկա ձեր ձեռքբերումներն են, որոնք մարդկայնութեան հետ միասին ձեզի կը բարձրացնեն տասնապատիկ:

Եւս մէկ 0` ձեր փորձն է, որուն հետ դուք 100 անգամ աւելի մեծ մարդ էք:

Եւ այսպէս շարունակ փրոֆէսորը կ՛աւելացնէր 0-ները` յաջողութիւն, զգուշութիւն եւ այլն:

̶ Ամէն աւելցուցած 0-ն տաս անգամ կ՛ազնուացնէ ձեզ, – կը շարունակէր փրոֆէսորը:

Յանկարծ ան ջնջեց թիւի սկիզբը կանգնած 1-ը, մնացին անպէտք ու անբովանդակ 0-ները: Փրոֆէսորն ըսաւ․

̶ Եթէ դուք չունենաք մարդկայնութիւն, մնացածը 0 արժէք ունի:
—————————–

Առաջին տեղը պէտք է ըլլայ դաստիարակութիւնը, յետոյ նոր կրթութիւնը:

Շատ լաւ է, որ երեխան վաղ հասակէն գրել, կարդալ, հաշուել գիտէ, կը խօսի երեք լեզուով, կը ստանայ բարձր թուանշաններ,

բայց եթէ ան չի հետեւիր համամարդկային արժէքներուն` գթասրտութիւն, ազնուութիւն, փոխօգնութիւն,

յարգանք,  ապա անոր գիտելիքները անարժէք ու անպէտք են իրեն եւ կողքիններուն:

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...