Կոմիտաս

Երաժշտահան, երաժշտագէտ, երաժիշտ-բանահաւաք, երգիչ, խմբավար, մանկավարժ Կոմիտասը

հայ ազգային երաժշտահանութեան դպրոցի հիմնադիրն է:

Բուն անունով Սողոմոն Գէորգի Սողոմոնեանը ծնած է 1869 թուականի Սեպտեմբեր 26-ին Քիոթահիա

քաղաքի   երաժշտասէր ընտանիքի մը մէջ: Երբ մէկ տարեկան էր անոր մայրը կը մահանայ, իսկ տաս

տարեկանին ան կորսնցուցած է իր հայրը:

Կոմիտաս իր մեծ մօր հետ կ’ապրի մինչեւ 1881 թուական, երբ իրենց հայկական թեմի առաջնորդը

կ’երթայ Էջմիածին եպիսկոպոս օծուելու համար: Գէորգ Դ Կաթողիկոսը առաջնորդին կը պատուիրէ,

որ ան իր հետ մէկ որբ երեխայ բերէ Էջմիածինի վանքի մէջ կրթութիւն ստանալու համար:

Կոմիտաս կ’երթայ Էջմիածին եւ այնտեղ իր զարմանահրաշ երգով մեծ տպաւորութիւն կը գործէ

կաթողիկոսի վրայ: Ի վերջոյ, 20 թեկնածուներու մէջէն կ’ընտրուի փոքրիկ Սողոմոնը (Կոմիտասը):

1890 թուականին ան կը դառնայ սարկաւագ, 1893 թուականին կ’աւարտէ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը:

Անոր կը շնորհուի աբեղայի աստիճան եւ կը տրուի 7-րդ դարու նշանաւոր բանաստեղծ, շարականներու

հեղինակ Կոմիտաս կաթողիկոսի անունը:

Ճեմարանի մէջ Կոմիտաս կը նշանակուի երաժշտութեան ուսուցիչ: 1895 թուականին անոր կը տրուի

վարդապետի աստիճան:

Նոյն թուականի աշնան Կոմիտաս կը մեկնի Թիֆլիս` երաժշտական ուսումնարանի մէջ ուսանելու:

Հանդիպելով յայտնի երաժշտահան Մակար Եկմալեանին` կը  փոխէ իր մտադրութիւնը եւ վերջինիս

աշակերտելով կ’ուսումնասիրէ եւ կ’իւրացնէ հարմոնիայի դասընթացը:

Կաթողիկոսի բարեխօսութեամբ թոշակ ստանալով հայ մեծ քարիւղի արդիւնաբերող Ալեքսանդր

Մանթաշեանէն` Կոմիտաս կը մեկնի Պեռլին՝ երաժշտական կրթութիւնը կատարելագործելու: 1899թ.-ին,

կը վերադառնայ Էջմիածին եւ կը սկսի ղեկավարել տղամարդոց բազմաձայն երգչախումբը:

Կոմիտաս կը Ճամբորդէ երկրի բոլոր շրջանները, գիւղերը`   փնտռելու զանազան ժողովրդական երգեր եւ

պարեր: Այսպիսով, ան կը հաւաքէ մօտաւորապէս 3000 երգ, որոնց մեծ մասը յարմարեցուած էր

երգչախումբով երգելուն:

Կոմիտասի գլխաւոր աշխատանքը իր «պատարագ»-ն է, որ մինչեւ այսօր կը կատարուին եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան մէջ: Պատարագի մշակումը ան սկսած էր 1892 թուականին, բայց չաւարտեց

Առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկման պատճառով: «Պատարագ»-ը առաջին անգամ

հրատարակուած է 1933 թուականին Փարիզի մէջ եւ առաջին անգամ ձայնագրուած է 1988 թուականին

Երեւանի մէջ:

Կոմիտաս առաջին ոչ եւրոպացին էր, որ ընդունուեցաւ Միջազգային երաժշտական ընկերութիւն: Ան

բազմաթիւ դասախօսութիւններ եւ կատարումներ ունեցած է ամբողջ Եւրոպայի, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի

մէջ` ներկայացնելով մինչեւ այդ ժամանակ շատ քիչ ճանչցուած հայկական երաժշտութիւնը:

1910 թուականէն ետք ան ապրած եւ աշխատած է Պոլսոյ մէջ։

Այնտեղ ան հիմնած է 300 անդամէ բաղկացած «Գուսան» երգչախումբը:

1915 թուականի Ապրիլ 24-ին ան շատ ուրիշ հայ մտաւորականներու պէս ձերբակալուած է եւ քալած

աքսորի ճամբով դէպի Արաբական անապատները: Անոր լաւ ընկերները` թուրք բանաստեղծ Էմին

Եարտաքուլը եւ ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորգենթաուն, միջամտած են, եւ Կոմիտաս ազատած է:

Ան տեղափոխուած է Փարիզ, ուր մահացած է հոգեբուժական դարմանատան մէջ 1935 թուականին:

Յաջորդ տարի անոր աճիւնը փոխադրուած է Երեւան: 1950-ական թուականներուն Կոմիտասի

ձեռագրերը նոյնպէս փոխադրուած են Փարիզէն Երեւան:

Այսօր Երեւանի երաժշտանոցը կը կոչուի Կոմիտասի անունով եւ անոր դիմացի այգիին մէջ կը գտնուի

անոր արձանը:

2015 թուականին Երեւանի մէջ բացուած է Կոմիտասի անուան թանգարան-ուսումնարանը։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...