«ԿՈՅՐԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ». Ուիլիամ Սարոյեան (տեսանիւթ)

 

 

 

 

 

 

 

 

Մարդ մը իր կնոջ հետ, իրենց էշը հեծած՝ լեռնային ճանապարհով դէպի Պիթլիս կ’երթային,

երբ անոնց դիմաց  յայտնուեցաւ կոյր տղամարդ մը, որ խարխափելով կը քալէր:

Ամուսինը կնոջ ըսաւ.

– Աստուած քեզի երկու աչք տուած է, իջիր եւ ոտքո’վ գնա, կո’յրը թող իշուն նստի:

Կինը պատասխանեց.

– Կոյրը խորամանկ կ’երեւի, եկուր սուս ու փուս անցնինք քովէն:

Բայց ամուսինը խղճաց կոյրին եւ ուզեց, որ ան էշով երթայ:

– Կը տեսնե՞ս, արդէն իր ոտքը վնասած է: Իջի’ր, թող իշուն նստի, ըսաւ ամուսինը։

Կինը էշէն իջաւ, եւ կոյրը տեղաւորուեցաւ ամուսինին կողքը: Կինը քալելով, իսկ տղամարդիկ էշը

հեծած գացին, մինչեւ վերջապէս քաղաք հասան:

Տեղ հասնելէն ետք, ամուսինը դիմելով կոյրին ըսաւ.

– Հասանք Պիթլիս, հիմա պէտք է բաժնուինք, իջի’ր:

– Իջնե՞մ, – զարմացաւ կոյրը: – Ինչ է, կ’ուզէք էշս ձեռքէս առնե՞լ:

Կինը զգաց կոյրին խորամանկութիւնը եւ պոռաց:

– Յիմա՛ր ամուսինս:

– Իջի՛ր, հաճիս, – կը կրկնէր ամուսինը, – քեզի խղճացի եւ էշովս մինչեւ քաղաք բերի: Հիմա քու

ճամբովդ գնա’:

Կոյրը սկսաւ գոռգռալ: Մարդիկ հաւաքուեցան…

Կոյրը սկսաւ մարդոց պատմել իր յօրինած պատմութիւնը:

Ամուսինը զգաց, որ մարդիկ կոյրին խղճալով աւելի շատ անոր կը հաւատան, կնոջը ըսաւ.

– Դուն ճիշդ էիր, ես սխալ գործեցի, թող էշը իրեն մնայ, եկուր երթանք:

– Ճի՛շդ ես, – պատասխանեց կինը, – երթա’նք:

Այս լսելով` կոյրը անմիջապէս բղաւեց.

– Սկիզբը կ’ուզէիր էշս գողնալ, հիմա ալ որոշած ես կի՞նս գողնալ, իսկ կինս ողջ-առողջ տղամարդ

տեսած է եւ այլեւս  չ’ուզեր կոյր ամուսին ունենալ:

Կինը վախէն ուշաթափեցաւ: Ամուսինի լեզուն կապուեցաւ:

Մարդիկ կոյրին խղճալով՝ կը հաւատային անոր ըսածներուն:

Կինը սկսաւ լալ: Ամուսինը առանց իր կնոջ չէր հեռանար:

Հարցը լուծելու համար, բոլորը միասին գացին դատաւորին քով։

Կոյրը դատաւորին բացատրեց, որ ինք ու իր կինը իրենց էշով Պիթլիս կու գային, երբ էշը յանկարծ

սկսաւ յամառիլ եւ այլեւս տեղէն չէր շարժեր,

ուրկէ ուր յայտնուեցաւ տղամարդը, որ ուզեց էշը հանդարտեցնել եւ իրենց հետ քաղաք երթալ, իսկ

յետոյ փորձեց իշուն տիրանալ, հիմա ալ կինը ձեռքէն առնել կ’ուզէ:

Կոյրէն վերջ ամուսինը ինքզինք անիծելով պատմեց ճշմարտութիւնը:

Յետոյ կինը լալով պատմեց եղածը:

Դատաւորը տեսաւ, որ անոնց պատմածէն դժուար է գիտնալ, թէ ո’վ սուտ կը խօսի` ուստի հրամայեց.

– Տարէ՛ք եւ զիրենք առանձին սենեակներու մէջ դրէք: Ուշադիր հետեւեցէք անոնց, իսկ առաւօտեան

կը զեկուցէք, թէ ի’նչ տեսած էք:

Հրամանը անմիջապէս կատարուեցաւ:

Երբ կոյրը զգաց, որ մինակ է, սկսաւ ժպտիլ: Յետոյ յօրանջեց, մկանները ձգեց, պարեց ու ինքն իրեն ըսաւ.

– Էշի տէր դարձայ, եթէ կնոջն ալ տիրանամ, կեանքը իմս կ’ըլլայ:

Ամուսինը դարձեալ կ’անիծէր իր յիմարութիւնը, որ ուզեց օգնել կոյրին:

Կինը անվերջ կու լար

Առաւօտեան այս բոլորի մասին զեկուցեցին դատաւորին:

Դատաւորը կոյրը բանտ ղրկեց: Իսկ ամուսինն ու կինը իրենց իշուն հետ ուրախ-զուարթ հեռացան:

Ուիլիըմ Սարոյեան

Նկարներու հեղինակ Լալա Սարգսեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...