Կրթութիւն, Դպրոց Եւ Ուսուցում Մասնագիտութիւն Են, Պէտք Է Ըլլան, Ըլլային

Կը մտածեմ սփիւռք(ներ)ի հայկական դպրոցի մասին, որպէսզի ան յաջողի ազգային կենդանի լեզու եւ ինքնութեան ազգային մշակոյթ փոխանցել` առանց անոնց մանրուքով գոհանալու:

Հայաստանը պետութիւն է, ունի մանկավարժական համալսարան, ուսանողներ կը պատրաստուին ուսուցչութեան: Կրթութիւնը բոլոր պետութիւններուն համար առաջնահերթ քաղաքական օրակարգ է` իր շատ կարեւոր ամավարկով, պետական եկամուտներու կարեւոր տոկոսը այդ ուղղութեամբ կը ծախսուի:Մասնագիտական խումբեր կը զբաղին ուսումնասիրութիւններով, ծրագիրներու եւ մեթոտներու մշակումով, անոնց հիման վրայ դասագիրքերու պատրաստութեամբ, որոնք եթէ ոչ ամէն տարի, բայց քանի մը տարին անգամ մը կը փոխուին:

Սփիւռքի կրթական-դպրոցական աշխատանքը, յետեղեռնեան եւ գաղթականութեան պայմաններուն մէջ, ազգային հաւատարմութեան եւ ինքնութեան պաշտպանութեան ճիգ էր, սիրողական էր` բաղդատած պետական նախաձեռնութիւններու: Եզրը բացասականութիւն պէտք չէ համարել, այլ կերպ ալ կարելի չէր: Տոկալու-տեւելու մղումը` ծնողներու եւ երախտաշատ ուսուցիչներու, կարելի դարձուց, առաջին շրջանին, բնականութեամբ հայեցի կրթութիւն տալ, ինչպէս կ՛ըսենք` ջամբել, քանի որ հայերէնը տան եւ հաւաքականութեան լեզուն էր: Այսօր հայերէնի ուսուցումը պէտք է փոխարինուի, փոխարինուած ըլլար, մասնագիտական պատրաստութեամբ, քանի որ հայ ընտանիքը գաղթականութեան տարիներու ընտանիքը չէ, օտար լեզուներու եւ մշակոյթներու ճնշումը այնքան զօրաւոր է, որ զգացականը եւ սիրողականը չեն բաւեր:

Սփիւռքի առաջին օրերու անմիջական լուծումներ գտնելու ճիգէն հարիւր տարի ետք, երբ այլեւս վերադարձը անմիջական չի թուիր, այսօր սփիւռքի հայ դպրոցները, ո՛ւր որ ըլլան անոնք, պիտի դիմագրաւեն (կը դիմագրաւեն) այս խնդիրը: Սփիւռքի հայկական դպրոցէն ծնողները իրենց զաւակներուն համար կեանքի մէջ յաջողելու ակնկալութիւն ունին: Հայ դպրոցը բնակած երկրի օրէնքով եւ պետական ծրագրով կը գործէ, պիտի գործէ: Հայերէնի յատկացուած պահերը կծկուած են միայն լեզուի եւ պատմութեան ուսուցումով, որպէս դասապահ: Գիտութիւն, աշխարհագրութիւն, մարմնակրթութիւն, այն բոլոր նիւթերը որոնք նախատեսուած են պետական ծրագրով, կ՛աւանդուին տեղական լեզուով:

Բախտաւոր պարագային, դասացուցակին մէջ, ընդհանուր առմամբ, հայերէնին օրական մէկ ժամ յատկացուած կ՛ըլլայ:

Այսինքն սփիւռքի հայ դպրոցին մէջ հայերէնը կ՛ուսուցուի (գրեթէ) օտար լեզուի պէս: Շրջապատի եւ ծնողներու համար անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ չէ հայերէնը:

Երբ հայ դպրոցի բակին մէջ հայերէն չի խօսուիր, աշակերտները «հայերէն» չեն խաղար, կը նշանակէ, որ ան կը դադրի իւրացուող կենդանի լեզու ըլլալէ: Թէեւ այդ տեսնելով` կարգ մը մարդիկ կ՛ուրախանան: Շատեր ալ կը հրճուին, որ նորերը տեղացիէն լաւ կը խօսին տեղական լեզուն, առանց երբեք մտմտալու, որ հայերէնն ալ նոյնքան լաւ պէտք է խօսիլ, նոյն բծախնդրութեամբ:

Կէս դար առաջ հայերէնը կենդանի լեզուի բոլոր յատկանիշները մասամբ պահած էր սփիւռքի մէջ: Այդ յատկանիշները աստիճանաբար նուազեցան, շրջապատի լեզուները սկսան արագօրէն ողողել մշակութային դաշտը. տեղական կեանքին մասնակցութիւն, քաղքենիացում, աշխարհագրական տարտղնում` նոյն երկրին, նոյն քաղաքին եւ ընդհանրապէս մոլորակին վրայ: Հայերէն խօսելու համար հայ խօսակից պէտք էր ունենալ, դրացի, գործակից, համագիւղացի, համաքաղաքացի: Այսինքն հայերէնը` որպէս կենդանի եւ մշակութային լեզու պահելու համար աշխարհագրական շրջանի մը մէջ, բնակչութեան խտութիւն պէտք էր:

Ընդհանրապէս ծնողներու հետաքրքրութեան պակասը հայերէնի նկատմամբ, պետական կրթական ծրագրի իրականացման եւ քննութիւններու յաջողութեան անհրաժեշտութիւնը, շրջապատի մէջ լսուող-ընթերցուող տեղական եւ օտար լեզուներու անշրջանցելի դարձած ճնշումը կը սեղմեն օղակը խօսուած, գրուած, ընթերցուող, ուսուցուող եւ իւրացուող հայերէնի շուրջ, ինչ ալ ըլլան բարեկամեցողութիւնները եւ ցանկութիւնները: Այս պարզ իրատեսութիւն է:

Այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ պէտք է ընել, ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով եւ որո՞նց հետ, որպէսզի հայերէնը իւրացուի սփիւռքի նորահաս սերունդներուն կողմէ, ըլլայ մշակոյթ կրող եւ մշակոյթ արտադրող լեզու:

Ղեկավարութիւնները նախ իրենք պիտի անդրադառնան հայերէնի ազգային-գաղափարական-քաղաքական էականութեան, այսինքն պէտք է ընդունին այն միտքը, թէ` որպէս ազգի հատուած տեւելու համար, հայերէնը կենսական է, տօնական օրերու զարդարանք չէ: Ապա, երկու լեզու սորվելու դժուարութիւնը եւ անպատեհութիւնը գոյութիւն ունին իրենք զիրենք գործնապաշտ համարողներու ուղեղին մէջ, եւ հայերէնը կը համարուի երկրորդական եւ անօգուտ: Մանուկը հեշտութեամբ եւ արագօրէն բազմալեզու կրնայ ըլլալ, եթէ անոր շուրջ յարմար սիրոյ եւ հասկացողութեան մթնոլորտ ըլլայ: Ինչպէս մասնագէտները դիտել կու տան, բազմալեզու ենթական կ՛ապրի բազմամշակութային հարստացումով` իւրաքանչիւր լեզուի մէջ գտնելով մադկային բնութեան այլազան եւ յաւերժական երեւոյթները, դրսեւորումները:

Հայերէնի ուսուցման յաջողութեան համար նախ հոգեբանական-դաստիարակչական աշխատանք պէտք է տանիլ հայ ընտանիքներուն մօտ բացատրութիւնները հասցնելով իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ: Այսինքն հայ ծնողները` հայր եւ մայր, լուսաբանել. հայերէն սորվիլ եւ խօսիլ արգելք չէ անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն կամ այլ «հացի լեզու» սորվելու: Այդ արգելքը տեսնել անկարողութեան հետեւանք է եւ նախնականութիւն:

Բայց այս ընելու համար, հայերէնի ուսուցման համար անհրաժեշտ գիտութեան եւ պատրաստութեան կողքին, ամբողջական մանկավարժական մեթոտ եւ միջոցներ պէտք է ստեղծել: Այդ մեթոտին եւ միջոցներուն տիրապետող ուսուցանող պէտք է պատրաստել:

Հայերէնի ուսուցումը երկրորդ կամ երրորդ լեզուի շրջանակէն դուրս պէտք է բերել եւ որդեգրել ԵՐԿԼԵԶՈՒԱՆԻ ուսուցման մանկավարժական մեթոտ: Ասկէ առաջ, զանազան առիթներով խօսած եւ գրած եմ, որ երկու լեզու կամ աւելի լեզուներ միաժամանակ սորվեցնել` չի նշանակեր մէկ լեզուին կամ միւսին նախապատուութիւն տալ: Երկլեզուանի ուսուցման մանկավարժութիւնը սովորական երկու կամ երեք լեզու սորվեցնելու դասական ձեւէն տարբեր է: Ան ունի հիմնական սկզբունք մը. ԵՐԿՈՒ ԼԵԶՈՒՈՎ ԱՇԽԱՐՀԸ ՃԱՆՉՆԱԼ, ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԲԱՑՈՒԻԼ: Անգլերէն չգիտցող հայ ընտանիքի զաւակը եթէ կրնայ անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն կամ այլ լեզուներ սորվիլ, ոչ մէկ պատճառ կայ, որ ան հայերէնն ալ չսորվի: Արգելքը այլ լեզուին եւ լեզուներուն մեր կողմէ տրուած ընկերատնտեսական կարեւորութիւնն է, որ պարզ բառերով կարելի է սահմանել, եւ ծնողներու եւ յաճախ նաեւ դպրոցներու մակարդակին` նպարավաճառային շահախնդրութիւնը: Տեղեկագիրներու մէջ յիշուած զանազան քննութիւններու բարենիշներու կողքին, չի խօսուիր իւրացուած յաջողակ հայերէնի որակի մասին նաեւ:

Ո՞վ չէ լսած այն գործնապաշտական միտքը, որ հայերէնը փոր չի կշտացներ:Այս ամբոխային միտքով կարելի՞ է հայ դպրոց պահել, այս միտքին բաւարարութիւն տալու համար ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հայ դպրոց պահել: Դպրոց հիմնողները, վարողները, ընդհանրապէս հայ ներազգային կեանքը առաջնորդողները իրենք իրենց հարց պէտք է տան, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչպիսի՞ պատշաճեցում-զիջումներ կ՛ընեն հաշտեցնելու համար հայրենիք ազգային-գաղափարական-քաղաքական էականութիւնը, տոկալու եւ տեւելու հիմնական առաջադրանքը (կ՛ենթադրեմ)` ընդդէմ փոր չկշտացնող հայերէնի անտեսման:

Երկլեզու մանկավարժութեան յենակէտը կեանքի լեզուի իւրացումն է: Ինչ կը վերաբերի հայերէնի, շրջապատը (բնութենական, աշխարհագրական, գիտական, կենցաղային) պիտի ուսուցուի եւ իւրացուի նաեւ հայերէնով, ինչպէս այդ կ՛ըլլայ կարեւոր համարուած լեզուներով: Այլապէս հայերէնը կը դառնայ կռնծած լեզու:

Ինչպէ՞ս…

Կազմակերպուած երկիրներու մէջ, որոնց լեզուները կարեւոր կը համարենք ապագայ պատրաստելու համար, ըստ տարիքի իւրացուելիք բառապաշարը կը ճշդուի (հիմնական բառապաշար, (vocabulaire de base): Դասագիրքերը այդ ըմբռնումով կը մշակուին: Ըստ տարիքի բառարաններ կան: Հայերէնի պարագային, նկատի ունենալով դասաժամերու թիւը եւ տարիները, պէտք է կազմուին ուսուցման եղանակները եւ տրամադրուին միջոցները, ըլլան զուգահեռ միւս լեզուներուն: Յաճախ կը խօսինք «Տէր Թոդիկ»-ի մանկավարժութեան մասին: Ես ինծի երբեմն հարց կու տամ, թէ ներկայի կարելիութիւններուն եւ առաջադրանքներուն բաղդատած, հայերէնի ուսուցումը, համեմատութիւնները պահելով հանդերձ, տեսական պահանջին բաղդատած` մի՞թէ «տէրթոդիկեան» չէ: Ութսուն կամ կամ յիսուն տարի առաջ յաջողածը մեթոտ-մանկավարժութիւնը այսօր ժամանակավրէպ է:

Սփիւռքեան կացութեան մէջ, ուր որ գտնուինք, առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով, համայնքները (իմա` ծնողները) հայախօս ըլլան թէ ոչ, հայերէնը եւ անոր ուսուցումը անխուսափելիօրէն շրջապատի մշակոյթի եւ լեզուի ուժգին ճնշման ենթակայ են: Այդ մնայուն կացութիւն է: Չենք կրնար դատարկաբանութեամբ զայն չեզոքացնել: Զայն շրջանցելու համար յատուկ մանկավարժութիւն, մեթոտ եւ միջոցներ պէտք է օգտագործել, եւ նիւթական յատկացումները չխնայել նաեւ հայերէնի ուսուցման համար: Հայերէնը չհամարել աղքատ ազգական, որպէսզի ան չդառնայ, Շաւարշ Միսաքեանի իմ յաճախ յիշած եւ սիրած բանաձեւումով` հաց պանիրի հայերէն, ինչ որ է յաճախ կացութիւնը: Նկատած ըլլալու էք, որ հայկական վարժարան յաճախող քոյր, եղբայր եւ ընկերներ, երբ առանձին են, կը դադրին իրենց սորված հայերէնով յարաբերելէ, ինչ որ ձախողութիւնն է այդ մանուկներու յաճախած դպրոցին:

Այս հարցերը քննելու, մասնագէտներու դիմելու (անոնք ըլլան հայ թէ օտար), ծրագիր մշակելու եւ գործադրելու համար կարելի չէ՞ համազգային հիմնադրամ մը ստեղծել, ո՛չ փշրանքներով: Այս խնդիրը համասփիւռքեան-համազգային է պաշտպանելու համար ազգի աւելի քան կէս համարուած համրանքը: Մեծ իրատեսութեան կարիք չկայ հաստատելու համար, որ այդ համրանքի ինքնութեան տոկոսը մեղրամոմի պէս կը հալի:

Պէտք է ըմբռնել նաեւ, որ սա կամ նա ձեւով դպրոցի շէնք ունենալ բաւարար չէ: Հիմնահարց է շէնքը հայ դպրոց դարձնել, այդ ընելու կիսամիջոցները, նոյնիսկ ազնիւ առաջադրանքները եւ երազները կը տանին ձախողութեան:

Ինչ որ կայ, ինչ որ ունինք, ինչ որ կ՛ուզենք ունենալ, պէտք է դնել գիտական-մասնագիտական հիմերու վրայ` ներդրում ընելով որակի համար: Այլապէս անոնք կը վերածուին թաղային ինքնագոհութեան յարդի բոցի:

Իրատես դառնալու համար պէտք է դարմանել ամէնուրեք եւ ամէն կարգի հաւկուրութիւնները:

Վերամուտ է: Բայց այդ առիթով չեն գրուած այս տողերը:Ազգի աւելի քան կէսին համար ահազանգային կացութեան յիշեցում է:

Դեռ պէտք է խօսիլ այն մասին, որ հայկական դպրոցը մենաշնորհն է հայկական կարգ մը գաղութներու: Պէտք է խօսիլ նաեւ դպրոց չունեցող գաղութներու մասին` փոխանակ գոհանալու միայն եղածներով: Այդ գաղութները կը գոյացնեն իսկական մեծամասնութիւն, որոնց նկատմամբ ղեկավարութիւնները պատասխանատուութիւն պէտք է զգան:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...