Երկու հազար տարի առաջ, երբ արդէն շատ ժամանակ անցած էր Հայկի եւ Բէլի մենամարտէն, հայերը կը շարունակէին պահել իրենց ազգային ինքնութիւնն ու պետութիւնը:
Ք․Ա․ 20-րդ դարուն հայկական լեռնաշխարհին մէջ ստեղծուած շարք մը պետական կազմաւորումներ մեծ դեր ունէին Հին Արեւելքի մէջ:
ՄԻՏԱՆԻ
ՄԻՏԱՆԻ Միտանի զինանշան
Ք․Ա․ 16-րդ դարուն հայկական լեռնաշխարհի հարաւային շրջանին մէջ կը յիշատակուի Միտանի թագաւորութիւնը (մայրաքաղաքը` Վաշշուգանէ):
Միտանիի տիրակալը խեթական, ասորեստանեան, եգիպտական տիրակալներու նման կը կրէր «Մեծ թագաւոր» տիտղոսը:
Միտանիի արքաները ներկայիս կը համարուին բնիկ հայ արքաներ, եւ անոնց անունները կը գտնենք Մովսէս Խորենացիի մօտ պահպանուած
Հայկազուն նահապետներու անուանացանկին մէջ:
Միտանի թագաւորութիւնը կործանուած է Ք․Ա․ 13-րդ դարուն
ՀԱՅԱՍԱ
Հայասա երկիրը կը յիշատակուի խեթական արձանագրութիւններուն մէջ Ք․Ա․ 15-րդ դարուն: Երկրի անունը կու գայ հայերու ինքնանուանումէն
խեթական –սա մասնիկով: Այն գտնուած է մեր լեռնաշխարհի արեւմուտքը (մայրաքաղաքը` Կումախա):
ՀԱՅԱՍԱ
Խեթերը կը յիշատակեն, որ իրենց արքայի եւ Հայասայի Խուկանա թագաւորին միջեւ կնքուած է հաշտութեան եւ փոխօգնութեան պայմանագիր:
Հայասան եղած է զարգացած եւ հզօր պետութիւն, ունեցած է սեփական լեզու, դիցարան, 10 հազարանոց բանակ, որ ժամանակին եղած է ռազմական մեծ ուժ:
Հայասան կործանուած է Ք․Ա․ 13-րդ դարուն:
Ուրարտու
Ուրարտուն, որուն հիմքին վրայ յետոյ պիտի ձեւաւորուէր համահայկական առաջին թագաւորութիւնը, մեր լեռնաշխարհի հիւսիսային կողմն էր:
Անիկա կը յիշատակուի ասորեստանեան աղբիւրներու մէջ Ք․ա․ 9-րդ դարուն: Ուրարտուն Արարատ անուան ասորեստանեան տարբերակն է:
Ուրարտու-Արարատ
Ուրարտուի առաջին հզօր արքան կը յիշատակուի Արամուն, որ եղած է այնքան հզօր, որ ոչ միայն կրցած է հարեւան երկիրներու յարձակումներուն դիմադրել,
այլեւ յաղթական արշաւանքներ ձեռնարկել Փոքր Ասիա , Իրան:
Նոյն այս Արամ թագաւորի հաւաքական կերպարով Խորենացին միաւորած է 3-առաջին հազարամեակներուն ապրած Արամ թագաւորները:
Ուրարտու-Արարատ զինանշան
Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար պատրաստեց՝
Մանէ Խաչատրեան
Բառեր
մենամարտ=երկու մարտիկի միջեւ կռիւ
կազմաւորում=ձեւաւորում
Յիշատակուիլ=նշուիլ
տիտղոս=անուն
համարուի=նկատել,կարծել
անուանացանկ=անուններու ցանկ
կործանուած=քանդուած
պայմանագիր=համաձայնագիր
տարբերակն=նոյն մտքի տարբեր ձեւը
հարեւան=դրացի
դիմադրել=դէմ դնել