Զգուշացէք. համացանցով չտարուիք այնքան մինչեւ մոռնաք ձեր իսկական կերպարը, իրական կեանքը,

մարդկային շփումը շատ կարեւոր է, անոր ալ ժամանակ յատկացուցէք։

Եթէ ձեր ծնողները երբեմն ձեզ կ’արգիլեն համակարգիչին առջեւ նստիլ, հաւատացէք, որ անոնք ձեր մասին կը մտածեն եւ կը նշանակէ,

որ դուք արդէն չափը անցած էք։ Աշխատեցէք դիմել ժամացոյցի օգնութեան, ժամացոյցը լարեցէք, ան թող ձեզ զգուշացնէ, թէ ինչքան նստած էք համակարգչին աջեւ։

Եթէ ձեր դասերը աւարտելէն ետք նստիք համակարգիչին դիմաց, վստահ եմ, որ ձեր ծնողները չեն արգիլեր, բայց յիշեցէք,

որ երկար նստիլը կը վնասէ ձեր առողջութեան՝ ողնաշարի կամ տեսողութեան խնդիր կրնաք ունենալ։

Համացանցի մէջ կան նաեւ տեսանիւթեր կամ տեղեկութիւններ, որոնք կրնան ձեր տարիքին չհամապատասխանիլ,

սարսափի մատնել ձեզ, կան նաեւ ոչ ճիշտ տեղեկութիւններ՝ այնպէս որ յաճախ ձեր ծնողները ձեր մասին մտահոգուելու

պատճառով է, որ կ’արգիլեն համացանցի օգտագործումը, աշխատեցէք ընկերանալ ձեր ծնողներուն հետ եւ անոնց խորհուրդով օգտուիլ համացանցէն։