Հայաստանի Անկախութիւնը

1918թ.ի գարունն էր, թէեւ Արարատեան դաշտը կը փայլէր կանաչ խոտերով եւ գոյնզգոյն ծաղիկներով,

բայց գիւղերը եւ տուները քարուքանդ եղած էին, Հայաստան տխուր վիճակի մէջ էր, Արարատ լեռը եւ Արարատեան դաշտին մէկ մասը գրաւելէն ետք, թուրքերը եկած էին գրաւելու նաեւ այսօրուան Հայաստանը:

Հայ ժողովուրդը որոշած էր կռուիլ եւ պաշտպանել իր հայրենիքը, հայ քաջերը զէնքերը շալկած կ՛երթային կռուելու,

հայ մեծ ղեկավար մը՝ Արամ Մանուկեան, առաջնորդեց հայ ժողովուրդը` պաշտպանելու իր հայրենիքը եւ անոր ազատութեան համար կռուելու:

Պատերազմի ընթացքին, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի շրջաններուն մէջ, մէկ հայ 10-ը թուրքի դէմ կռուեցաւ, կազմուած բանակի գունդերը յարձակեցան թշնամիին վրայ եւ դուրս վռնտեցին զայն Հայաստանէն, հայերը յաղթեցին:

600 տարի օտարներու իշխանութեան տակ ապրելէն ետք,  մենք ունեցանք ազատ եւ անկախ հայրենիք, ըսաւ մեծ հայրիկը երկար շունչ մը քաշելով եւ հպարտութեամբ շարունակեց:

1918թ. Մայիս  28-ին, մենք ունեցանք Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը, որ ներկայ Հայաստանի հիմքն էր, այն ժամանակ մենք ունեցանք մեր զինանշանը, Հայոց Եռագոյն դրօշակը՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյներով, եւ ունեցանք մեր քայլերգը:

Հայ ժողովուրդը իր ողջ կեանքի փորձը խտացուց ազգային-պետական մեր դրօշի երեք գոյներուն մէջ.

  • Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Հայկական բարձրաւանդակը, հայ ժողովուրդի մշտական պայքարը յարատեւման, քրիստոնէական հաւատքի, Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան համար։
  • Կապոյտ գոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը խաղաղ երկնքի տակ։
  • Նարնջագոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի արարչական տաղանդը եւ աշխատասիրութիւնը։

Բառեր

Առաջնորդել=Ճամբայ ցոյց տալ, գլխաւորել

Գունդ= զօրքի մաս, խումբ

Հիմք= սկիզբ, խարիսխ

Բարձրաւանդակ=բարձութիւններու վրայ տափակ տարածութիւն

Յարատեւ= անդադար, շարունակ

արարչական= Աստուածային

Տաղանդ= Ձիրք շնորհք

Խաղ-խճանկար

կազմեցէք Տարօնի եւ Տաթեւիկի խճանկարը

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...