Հայաստանի Լեռները

1-ԱՐԱՐԱՏ ԼԵՌ

 

Հրաբխային բարձրաւանդակի հարաւային մասին վրայ, կը գտնուին Հայկական լեռնաշխարհի ամենաբարձր լեռնագագաթներու մեծ մասը՝ ՄԱՍԻՍԸ:

Ան կը բարձրանայ Հայաստանի կեդրոնը, Արարատեան դաշտին մէջ: Ունի երկու գագաթ՝ Մեծ Մասիս՝  5156 մ. եւ Փոքր Մասիս՝ 3925 մ.: Անոնք ծածկուած են յաւիտենական ձիւնով:

Արարատը խորհրդաւոր ազդեցութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդին վրայ, ան հայ ժողովուրդի յաւերժութեան խորհրդանիշն է:

ՄԱՍԻՍ ԼԵՌԸ հայկական լեռնաշխարհին եւ ընդհանրապէս հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ ամենաբարձր լեռն է՝ 5156 մեթր:

Մասիս լեռը յայտնի է Աստուածաշունչի միջոցաւ, բայց ոչ թէ Մասիս, այլ ԱՐԱՐԱՏ  անունով:

Աստուածաշունչը Արարատը կը համարէ այն լեռը, ուր համաշխարհային ջրհեղեղի ժամանակ Նոյ նահապետը իր ընտանիքով ապաստանած է եւ այնտեղէն կեանքը կրկին տարածուած է աշխարհով մէկ:

Աստուածաշունչի միջոցաւ Արարատ անունը ընդունուած է քրիստոնեաներու կողմէն եւ տարածուած միւս ժողովուրդներու մէջ:

Մասիսը կը զբաղեցնէ մօտ 1200 քկմ. մակերես: Ան կազմուած է ընդհանուր հիմքի վրայ նստած  երկու կոնաձեւ՝ Մասիս եւ Սիս գագաթներէն:

Մասիսի հիւսիս-արեւելեան լանջին վրայ, պարզ օրերուն կ՛երեւի լերան գագաթէն մինչեւ ստորոտը ձգուող հսկայական խորխորատ մը, որ յայտնի է «Վիհ Մասեաց» անունով:         

Մասիսը սուրբ սար համարելով, մարդիկ երկար ժամանակ չեն փորձած բարձրանալ Մասիսի գագաթը: Պատմութեան յայտնի է, որ առաջին անձնաւորութիւնը, որ փորձած է Մասիս լեռ բարձրանալ Յակոբ Մծբնացի եպիսկոպոսն է ( 4-րդ դար):

Առաջին անգամ Մասիսի գագաթը յաջողած է բարձրանալ  Դորպատի համալսարանի փրոֆեսոր Ֆրետրիկ Պարոտը, որուն կ՛ուղեկցէր Խաչատուր Աբովեանը:

2-ԱՐԱԳԱԾ

Արագած լեռը կը գտնուի Հայկական բարձրաւանդակի հրաբխային մասին մէջ կը գտնուի  Արագած ու Գեղամայ լեռնազանգուածները։

Արագած լեռը կը գտնուի Արարատ լեռէն 100ք.մ. դէպի հիւսիս:

Արագածը Հայաստանի երկրորդ բարձր լեռն է: Ունի 4095 մ. բարձրութիւն:

Իր չորս կոնաձեւ գագաթներուն համար կը կոչուի քառագագաթ:

Արագածի հողը բարեբեր է: Ան ունի առատ աղբիւրներ եւ լիճեր: Արագածի կողերուն կը ծլին բազմաթիւ ծաղիկներ, որոնցմով կը պատրաստուի շատ համեղ եւ ընտիր մեղր:

Ժողովուրդը Արագածը կը կոչէ նաեւ Ալագեազ, Ալագէօզ:

-Ըստ աւանդութեան, Արագածի գագաթին վերեւը կայ աստղ մը, որ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչին աչքն է: Այդ աչքը կը հսկէ Հայաստանին վրայ, որպէսզի վտանգներէ հեռու պահէ զայն եւ այդ կը կոչուի «Լուսաւորչի կանթեղ»:

-Արագածի անունը կապուած է Արա Գեղեցիկի հետ: Սկիզբը կոչուած է «Արայի գահ» յետոյ «Գահ» բառը դարձած է «Գած» եւ եղած «Արագած»:

-Արագածի ստորոտը կը գտնուի Բիւրականի աստղադիտարանը, որ աշխարհի ամէնէն նշանաւոր աստղադիտարաններէն մէկն է:

Այնտեղ՝ Արագածին շուրջ, 2005-ի Մայիսի 28-ին, 200.000 հայեր պարեցին միասնութեան շուրջ պարը:

3-ԲԻՒՐԱԿՆ ԼԵՌՆԱՇՂԹԱՅ

Բիւրականի լանջէն կը բխին հազարաւոր ջրառատ ջրաղբիւներ: Այստեղէն սկիզբ կ՛առնեն Արաքս գետը եւ Արածանիի քանի մը վտակները:

Գեղեցիկ է Բիւրակնի բնութիւնը: Հայ Ժողովուրդը սրբացուցած է իր բնօրրանի այս հրաշալի անկիւնը:  

Ըստ աւանդութեան, Հայկ Նահապետը բռնակալ Բելի դէմ դուրս գալէ առաջ,  իր նետը ամբողջ օրը պահած է Բիւրակնի սառնորակ աղբիւրներու ջուրին մէջ, համոզուած ըլլալով, որ հայրենի ջուրերը զօրութիւն կու տան իր զէնքին:

Բիւրակնը հայութեան համար եղած է ոգեշնչման աղբիւր: Անոր մասին յօրինուած են առասպելներ, անոր նուիրուած են բազմաթիւ երգեր ու բանաստեղծութիւններ:

4-ՍԻՓԱՆ ՍԱՐ

Սիփան սարը կը գտնուի Նեմրութէն արեւելք, Վանայ լիճի հիւսիսային ափերուն մօտ: Ան իր բարձրութեամբ կը զիջի միայն Մասիսին եւ յաճախ կը կոչուի «Երկրորդ Մասիս»:

Սիփանէն հիւսիս-արեւելք կը տարածուի Ծաղկանց լեռները, ուր յայտնի է ԹՈՆԴՐԱԿ գագաթը: Այս գործող հրաբուխ է, այժմ այցելուները կը տեսնեն թէ ինչպէս ան կը ծխայ արտավիժելով ծծմբային կազ եւ ջրային տաք գոլորշիներ:

Սիփան սարը ունի 4434 մ. բարձրութիւն: Սիփանը Հայաստանի երկրորդ բարձր լեռն է:

Ըստ աւանդութեան Նոյի տապանը ուզած է հանգչիլ Սիփան սարին վրայ եւ ըսած է

Սի՛ս, Սի՛ս ընդունէ զիս:

Իսկ Սիփանը պատասխանած է

Գնա՛  ի Մասիս, ան մեծ է քան զիս:

5-ՆԵՄՐՈՒԹ

Նեմրութ լեռնագագաթը, կը խոյանայ դէպի Վանայ Լիճի արեւմտեան ափը, ան ունի հատած Կոնի տեսք, լանջերը զառիթափ են:

6-ՆՊԱՏ լեռ

Ծաղկանց լեռներու համակարգին մէջ, Թոնդրակէն արեւմուտք, յայտնի է նաեւ ՆՊԱՏ լեռը, որուն լանջէն, հայոց Պապ թագաւորը 371 թուականին ղեկավարած է Ձիրաւի դաշտին մէջ հայոց զօրքի ճակատամարտը պարսիկներուն դէմ:

 

7-ԿԱՐՍԻ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ՍԱՐԱՀԱՐԹԸ

Արաքսի եւ անոր վտակ Ախուրեանի մէջ կը գտնուի ԿԱՐՍԻ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ՍԱՐԱՀԱՐԹԸ, որուն արեւելեան եզրին կառուցուած է միջնադարեան Հայաստանի Անի մայրաքաղաքը:

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...