Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Տարածքի Եւ Սահմաններու Ձեւաւորումը

Ռուսական զօրքերը, որ առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ նուաճած էին Արեւմտեան Հայաստանի մեծ մասը, 1917-1918 թթ. լքած էին ռազմաճակատը եւ վերադարձած Ռուսաստան: Օգտուելով այս կացութենէն, Թուրքիան ոչ միայն վերստին նուաճեց արեւմտեան Հայաստանը, այլեւ փորձեց սեփականացնել Արեւելեան Հայամստանի մէկ մասը:

Առաջին համաշխարհային պատերազմին Թուրքիան եւ անոր դաշնակիցները պարտուեցան: Յաղթող երկիրները պարտուած Թուրքիոյ հետ 1920 թ. Օգոստոսին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մերձակայքը գտնուող Սեւր քաղաքին մէջ հաշտութեան պայմանագիր կնքեցին:

Սեւրի պայմանագիրը կը վերաբերէր ընդհանրապէս առաջին համաշխարհային պատերազմէն յետոյ Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր կողմէ կեղեքուած ժողովուրդի՝ արաբներու, հայերու, քիւրտերու եւ միւսներոու բախտին: Սեւրի պայմանագրով ճանչուած էր այդ ժողովուրդներու անկախութիւնը: Միջազգային մակարդակով հաստատուած էին նաեւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները՝ իր բնօրրանի‎ Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան անցած էին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթները, այսինքն՝ այն տարածքները, ուր մինչեւ 1915 թ. եղեռնը հայ ազգաբնակչութիւնը յարաբերական մեծամասնութիւն կը կազմէր: Հայաստան ելք ստացած էր դէպի Սեւ ծով:

Սեւրի պայմանագրով Արաբական երկիրները (Սուրիա, Իրաք, Լիբանան եւ այլն) թօթափելով թրքական դարաւոր լուծը, յետագային ստացան պետական անկախութիւն: Մինչդեռ Արեւմտեան Հայաստանի (ինչպէս նաեւ քիւրտերը) ճակատագրի համար որեւէ դրական նշանակութիւն չունեցաւ:

Թէեւ Օսմանեան կայսրութիւնը քայքայուեցաւ, սակայն Թուրքիան պահպանեց ազգային պետականութիւնը եւ իրեն հռչակեց հանրապետութիւն: Նոր Թուրքիան, օգտուելով պորշեւիկեան Ռուսաստանի օժանդակութենէն, չճանչցաւ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը: Հայաստանի երիտասարդ պետութիւնը ուժ չունէր Թուքիոյ պարտադրելու, իսկ եւրոպական պետութիւնները եւ ԱՄՆ-ն, որ ստորագրեր էին պայմանագիրը, չցանկացան օգնել Հայաստանին:

Հայաստանի ներկայիս պետական սահմանները կայունացան Երկրորդ հանրապետութեան հաստատումէն ետք: Սակայն տարածքային կորուստները մեծ եղան:

Ամենամեծ կորուստը Հայաստանը ունեցաւ արեւմուտքի մէջ, որ պաշտօնապէս ձեւակերպուեցաւ պորշեւիկեան Ռուսաստանի եւ Թուքիոյ միջեւ 1921 թ. Մարտի 16-ին Մոսկուայի մէջ կնքուած պայմանագրով: Առանց Հայաստանի մասնակցութեան, անոր թիկունքին կնքուած այդ անարդարարացի պայմանագրով Թուրքիոյ յանձնուեցան նոյնիսկ այն տարածքները, որոնք մինչեւ 1918 թ. գտնուած էին Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ՝ Կարսի մարզը եւ Երեւանի նահանգի Սուրմալուի գաւառը:

Նոյն պայմանագրով Հայաստանէն անարդարացիօրէն անջատուեցաւ Նախիջեւանը եւ դրուեցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:

1921 թ. հաստատուեցաւ նաեւ հայ-վրացական սահմանը, երբ վրացական զօրքը հայկական բանակի ճնշումի տակ հեռացաւ նախկին Թի‎ֆլիսի նահանգի հարաւային, այսինքն՝ Լոռիի տարածքէն:

Բարդ իրադրութեան պայմաններուն ձեւաւորուեցաւ նաեւ արեւելեան Ատրպէյճանի հետ անցնող սահմանը:

Նոր անկախացած Ատրպէյճանը կը հաւակնէր շարք մը հայաբնակ տարածքներու: Սակայն Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան յաղթանակէն յետոյ, Ատրպէյճանը, որ խորհրդայնացած էր Հայաստանէն քիչ մը աւելի շուտ եւ հրաժարած էր տարածքային պահանջքներէն, Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը կը ճանչնայ որպէս Հայաստանի անքակտելի մաս: Սակայն կարճ ժամանակ վերջ Ատրպէյճանը հրաժարեցաւ իր որոշումէն եւ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի օգնութեամբ իրեն բռնակցեց նաեւ Ղարաբաղը:

Այսպէս Հայաստանի ներկայիս տարածքը ձեւաւորուեցաւ ցարական Ռուսաստանի չորս վարչատարածքային միաւորներու տարբեր մասերէն, որոք են՝ Երեւանի նահանգ առանց Նախիջեւանի եւ Սուրմալուի գաւառներու, Ելիզաւետպոլիի նահանգը՝ Զանգեզուրի եւ Ղազախի գաւառները իրենց մեծ մասով, Թի‎ֆլիսի նահանգի Բորչալու գաւառի մեծ մասը եւ Կարսի մարզի ծայր արեւելեան փոքրիկ հատուածը (Ախուրեան գետի եւ ներկայիս պետական սահմանի միջեւ):

Յետագային սահմանային աննշան փոփոխութիւններ կատարուած են Ատրպէյճանի հետ:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...