Ծանօթանանք Հայաստանի մէջ բնակող ինչպէս չուող, այնպէս ալ ձմեռը այստեղ մնացող քիչ յայտնի
թռչուններու տեսակներուն:
Ալկիոն

Ալկիոնները ունին 22 տեսակ, իսկ Հայաստանի մէջ կը հանդիպինք անոնց միայն մէկ տեսակին, որ կը
կոչուի երկնագոյն ալկիոն: Թռչունը 27-38 կրամ է։ Թռչելէն բացի նաեւ կը սուզուի ջուրին մէջ: Կը սուլէ
ականջ ծակող ձայնով: Տարածուած է լճակներու, լիճերու, գետերու, ջրաւազաններու մէջ: Կը սնուի մանր
ձուկերով եւ ջրային անողնաշարաւորներով:
Ալպիական ճայ

Ալպիական ճայը ագռաւներու ընտանիքին պատկանող թռչուն է: Նստակեաց է։ Կը շրջի կայուն եւ
միասնական երամներով: Կը սաւառնի մեծ բարձրութիւններով՝ ժայռագագաթներու շուրջ: Ունի սուր
ձայն: Կը սնուի անողնաշարաւորներով եւ հատապտուղներով: Բոյնը գաւաթաձեւ է: Գրանցուած է
ՀՀ Կարմիր գիրքի մէջ:
Ամուրիկ

Ամուրիկները նստակեաց թռչուններ են, կը շրջին երամներով: Աշնան եւ ձմրան այլ տեսակներու հետ
կը կազմեն մեծ երամներ: Կը բնակին անտառներու, այգիներու եւ պուրակներու մէջ: Կը սնուին
սերմերով: Բոյնը գաւաթաձեւ է՝ պատրաստուած չոր խոտաբոյսերէ, մամուռէ:
Այգիի դրախտապան

Ժամանակի մեծ մասը կ’անցնէ գետնի վրայ, կը բնակի լեռնատափաստաններու մէջ: կը սնուի սերմերով , անողնաշարաւորներով: Գարնանային վերադարձը՝ Ապրիլի վերջէն մինչեւ Մայիսի սկիզբն է: Բոյնը
գաւաթաձեւ է, պատրաստուած չոր ցեղուններէ: Բոյն կը դնէ գետնին ՝թուփի կամ քարի տակ պահուած: Աշնանային չուն՝ Սեպտեմբերի վերջն է:
Անապատային խածկտիկ

Հազուագիւտ հանդիպող տեսակ է: Կ’ապրի կիսանապատային ու նօսր բուսականութեամբ տարածքներու
մէջ եւ ձեռք բերած է միջավայրի գոյներուն զարմանալի նմանութիւն, որուն շնորհիւ անտեսանելի է գիշատիչներուն համար: Կը սնուի սերմերով, հատապտուղներով եւ անողնաշարաւորներով: Գրանցուած է
ՀՀ Կարմիր գիրքի մէջ:
Բզակտուց

Նստակեաց է, քիչ տարածուած: Քալելու ընթացքին կերը կը հաւաքէ կտուցին մէջ, յաճախ կը լողայ՝
գլուխը կիսասուզելով ջուրի մէջ: Կը բնակի գետերու, լիճերու ափերուն: Կը սնուի անողնաշարաւորներով:
Վերջին տարիներուն թուաքանակը խիստ նուազած է: Գրանցուած է ՀՀ Կարմիր գիրքի մէջ:
Գետային ջրածիծառ

Քիչ տարածուած թռչուն, կը բնակի ձկնաբուծական լճակներու, լիճերու մէջ: Կը սնուի ձուկերով: Ձուկ որսալու ժամանակ կը թռչի թեւերու դանդաղ թափահարումներով, գլուխը խոնարհած:
Դեղնագլուխ արքայիկ

Ձմերող թռչուն է, տարածուած է: Կ’արձակէ մէկ կամ մի քանի անգամ կրկնուող ձայներ: Մշտապէս կը
թռչկոտի ճիւղէ ճիւղ: Կը բնակի բարձրաբուն ծառերու վրայ,
այգիներու մէջ: Օգտակար է. կը ոչնչացնէ անտառի վնասատու միջատներու ձմերող տեսակները:
Մօրակտցար

Նստակեաց է, տարածուած: Կը հանդիպի մեծ երամներով: Վտանգի պահուն կը թռչի կարճ տարածութիւններ:
Կը բնակի լճակներու, լիճերու եւ ճահիճներու մէջ: Կը սնի ջրային եւ ցամաքային անողնաշարաւորներով:
Ներկարար

Տարածուած թռչուն է, թռիչքը ուղիղ է, կը խուսափի անտառներէն, սակայն կարելի է տեսնել լքուած
այգիներու մէջ: Կը սնուի խոշոր միջատներով եւ հատապտուղներով:
Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար պատրաստեց՝
Նարէ Մուրատեան
