Հայերէն Առաջին Թերթը. Ազդարար

Հայերէն առաջին թերթը կամ պարբերական հրատարակութիւնը եղած է «ԱԶԴԱՐԱՐ»ը, որ հրատարակուած է 1794-1796 թուականներուն, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ: Ամսագիրը լոյս տեսած է ընդամէնը 18 թիւ: Խմբագրած ու իր հիմնադրած տպարանին մէջ թերթը հրատարակած է Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանը: Թերթը լոյս տեսած է գրաբարով, մասամբ նաեւ Հնդկահայ եւ Նոր Ջուղայի բարբառներով:

«ԱԶԴԱՐԱՐ» բաժանորդներ ունեցած է Մատրասի, Կ.Պոլսոյ, Նոր Նախիջեւանի, Վաղարշապատի եւ այլ վայրերու մէջ: Ան նպատակ ունեցած է հաղորդել ընթացիկ ամսուան կարեւոր տեղեկութիւնները : Տպագրած է նաեւ հրապարակախօսական յօդուածներ, բնագիտական հանրամատչելի զրոյցներ, թարգմանական նիւթեր:
1970 թուականին «ԱԶԴԱՐԱՐ» 175- ամեակի առիթով Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը երկու հատորով ամբողջութեամբ վերահրատարակեց «ԱԶԴԱՐԱՐ»ը :

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...