Աշխարհը Փոխած Հայեր

Արշիլ ԳՈՐԿԻ. 20-րդ դարու մեծագոյն Գեղանկարիչ

Կեանքի վերջին տասնամեակին Արշիլ Գորկին ստեղծած է հնչեղ գոյներով ինքնատիպ կտաւներ, որոնց շնորհիւ յետագային արժանացած է համաշխարհային հռչակի՝<<Ինչպէս մօրս ասեղնագործած գոգնոցը կը բացուի կեանքիս մէջ>>,<<Նկարիչն ու իր մայրը>>, <<Հոգեւարք>> եւայլն:

Աննա Տէր-Վարդանեան. ԱՄՆ Ռազմածովային ՈՒժերու Առաջին Կին Գերագոյն Գլխաւոր Աւագ 

Առաջին կինը, որ իբրեւ այդպիսին մուտք գործած է Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժեր։ Գերագոյն գլխաւոր աւագի կոչումը ստացած է 1959 թ-ին Նիւփորթի ռազմածովային քոլեճէն որպէս  Global Strategy  Officer-ի օգնական ծառայութեան ժամանակ եւ դարձած է զինուած ուժերուն ծառայող առաջին կինը, որ արժանացած է E-9 կոչման։

Յովհաննէս Ադամեան. Գունաւոր Հեռաստեսիլի Նախահայրը 

Ճարտարագէտ-գիւտարարը հեղինակած է բազմաթիւ յայտնագործութիւններ։ Ադամեանի գլխաւոր ներդրումը գունաւոր հեռատեսիլի գիտարուեստի մշակումն է՝ հիմնուած երեք գոյներու համադրութեան սկզբունքի վրայ։ Գունաւոր հեռատեսիլ ստեղծելու իր նախագիծը ան անուանած է «Հեռատես»: Ադամեան եռագոյն պատկերման համար արտօնագիր ստացած է Գերմանիայէն, Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն եւ Մեծ Բրիտանիայէն։

Ճորճ Աւագեան Ստեղծած է Առաջին Ճազ Ալպոմը

Ստեղծած է առաջին ճազ ալպոմը եւ12″ LP-ն վերածած է արտադրական ձեւաչափի՝ աշխարհով մէկ փոխելով երաժշտութեան ձայնագրման, տարածման եւ ունկնդրելու ձեւը։ Աւագեանը Warner Bros. Records ընկերութեան հիմնադիր անդամներէն է։

Լութեր Ճորճ Սիմճեան. Դրամարկղի Գիւտարար
Աւելի քան 200 արտօնագրերու եւ բազմաթիւ սարքերու հեղինակ, որոնցմէ ամենատարածուածներն են դրամարակղը եւ հեռայուշարարը:

Տիանա Աբգար. Առաջին Կին Դիւանագէտը

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնումէն ետք ան նշանակուած է Ճաբոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  պատուաւոր դեսպան։ Նա ձգած է նաեւ գրական մեծ ժառանգութիւն՝ գիրքեր, պոէմներ եւ նամակներ։

Յովհաննէս Այվազովսկի (Այվազեան). Յայտնի Ծովանկարիչ
19-րդ դարու խոշորագոյն նկարիչներէն մէկը եւ բոլոր ժամանակներու ամենայայտնի ծովանկարիչը: Այվազովսկին ճանաչման արժանացած է կեանքի վաղ տարիներուն, եւ շարունակած է անդադար նկարել՝ ստեղծելով մօտ 6000 կտաւ։

Աշխարհի առնուազն 11 երկիր Այվազովսկիի կամ անոր ծովանկարներու պատկերներով նամականիշներ հրապարակած է։

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...