Հին ժամանակներուն գորգերը մեծ դեր եւ սրբազան նշանակութիւն ունեցած են։ Կ’ըսուի, որ մեր նախնիները հաւատացած են, թէ պատէն կախուած գորգը, որուն վրայ սրբազան նշաններ եղած են, ընտանիքին յաջողութիւն բերած է եւ զայն կը պաշտպանէ չարիքէն։
Հայկական գորգերու մեծ մասը կը գործէին` ոչխարի բուրդէն պատրաստուած թելով, մետաքսէն եւ բամպակէն, երբեմն կ’օգտագործէին նաեւ այծի փափուկ մազէն։ Հայկական գորգերը միւսներէն կը տարբերին իրենց վառ գոյներով։ Կարմիր գոյնը կը ստանային Արարատեան դաշտի մէջ գտնուող Որդան կարմիր կոչուող որդէն։ Գորգերու մեծ մասի վրայ կը պատկերուէին վիշապներ, որոնք կը կոչուէին վիշապագորգեր։ Տարածուած էին նաեւ ծաղկագորգերը։
Հին ժամանակ հայկական գորգերը շատ թանկարժէք եղած են եւ արտահանուած են այլ երկիրներ։
Գորգերու տեսակները տես այստեղ։