301 թուականին երբ Հայաստան ընդունեց քրիստոնէութիւնը, անոր տարածման ժամանակաշրջանին ոչնչացուեցան հեթանոս աստուածներուն նուիրուած արձաններն ու տաճարները, պահպանուած են միայն Անահիտի պղնձաձոյլ արձանի գլուխն ու Գառնիի հեթանոսական տաճարը։
Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ պետական կրօն հռչակելէն ետք, հեթանոս աստուածներուն նուիրուած որոշ սովորոյթներուն, պաշտամունքային տարրերուն քրիստոնէական շունչ հաղորդուած է՝ զանոնք կապելով Հայ եկեղեցւոյ տարբեր տօներուն կամ արարողութիւններուն հետ, բայց իրականութեան մէջ անոնք քրիստոնէական հիմք չունին՝ օրինակ բարեկենդանը, տեառնընդառաջը, վարդավառը եւայլն։


Հայկական դիցաբանութեան համաձայն հեթանոս հայերու աստուածներն են
ԱՐԱՄԱԶԴ
Հին հայերու գերագոյն աստուածը, երկնքի եւ երկրի արարիչը, բոլոր աստուածներու հայրը։
ԱՆԱՀԻՏ
Արամազդի դուստրն էր կամ կինը, Անահիտը՝ հայոց ամենասիրելի դիցուհին էր, կը կոչուէր մայր աստուածուհի, բոլոր տեսակ խոհեմութիւններու եւ պարկեշտություններու մայր, մարդոց բարերար։
ՎԱՀԱԳՆ
Հայոց դիցարանի երրորղ աստուածն էր։ Վիշապաքաղ Վահագնը հայերու ամպրոպի ու կայծակի աստուածն էր, որմէ թագաւորներն ու զօրավարները քաջութիւն կ’աղերսէին։
ԱՍՏՂԻԿ
Վահագնի տարփածուն էր (սիրահարը)։ Հայոց սիրոյ եւ ջուրի աստուածուհին, որուն պաշտամունքը կապուած էր Արուսեակ (Վեներա) մոլորակի հետ։
ՆԱՆէ
Արամազդի դուստրը, իմաստութեան եւ ողջախոհութեան, հաւանաբար նաեւ ռազմի աստուածուհի, որուն պաշտամունքը սերտօրէն կապուած էր մայր դիցուհիի՝ Անահիտի պաշտամունքին։
ՄԻՀՐ
Երկնային լոյսի եւ արեգակի աստուածն էր լուսաճաճանչ Միհրը՝ Արամազդի միւս որդին, Անահիտի եւ Նանէի եղբայրը։
ՏԻՐ
Հին հայերու իմաստութիւններու, ուսման, գիտութեան աստուածն էր Տիրը՝ Արամազդ գերագոյն աստուծոյ գրիչը կամ քարտուղարը։
ԱՄԱՆՈՐԸ եւՎԱՆԱՏՈՒՐ
Հայերու համաժողովրդական սիրոյ ու ճանաչման արժանացած աստուածներն էին Ամանորը եւ Վանատուրը։ Ամանորը, որ հին հայերէնով կը նշանակէ նոր տարի, հին հայերու նոր տարին անձնաւորող աստուածն էր եւ կը համարուէր «նոր պտուղներու ամենաբեր»։ Անոր տօնն ու պաշտամունքը կը կատարուէր հայոց նոր տարուայ օրերուն՝ Նաւասարդին, որ հայոց հին տոմարով կը համընկնէր յուլիսի վերջերը եւ օգոստոսի սկիզբները, տարուայ այն ամիսներուն, երբ կը հասուննային նոր միրգերն ու պտուղները։
