Հայկական Մանրանկարչութիւն

Միջնադարեան Հայաստանի մէջ մանրանկարչութիւնը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ. հակառակ դարերու ընթացքին մեր կրած աւերիչ արշաւանքներուն որոնք մեծ թիւով հայկական մշակութային ու գեղարուեստական արժէքներ ոչնչացուցած են: Ամէն պարագայի շուրջ 25.000 հին հայկական ձեռագրեր պահպանուած են ամբողջ աշխարհի մէջ, որոնց մեծ մասը Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանին մէջ պահուած են: Այժմ Մատենադարանի հայկական ձեռագրերու թիւը 10 հազարը անց է ու անոնք շատ նշանակալից եւ մեծարժէք են գեղարուեստական տեսակէտէն:

Նկարազարդումի եւ գեղանկարչութեան օգնութեամբ, ձեռագիր գրութիւնը մեկնաբանելու միջոցին դիմած են բոլոր ժողովուրդները իրենց գրերու գիւտէն անմիջապէս ետք: Նոյնն ալ եղած է մեր պարագային, երբ Մեսրոպ Մաշտոց հնարած է Այբուբենը 405 Թ:
Սեփական գրականութիւն ունենալու ձգտումը այնքան զօրաւոր եղած է Հայ ժողովուրդին մէջ, որ 5-րդ դարուն արդէն, հայերէնի թարգմանուած եւ գրուած են կրօնական եւ աշխարհիկ բովանդակութեամբ բազմաթիւ գրքեր: Էջմիածնի 989 թուականին Աւետարանին վերջաւորութեան զետեղուած մանրանկարները արդէն, այնքան կատարեալ են, որ մտածել կու տայ թէ անոնք վստահ ունին նախորդներ, ապա կարգ մը այլ հետազօտութիւններէ ետք, հայ գրքային գեղանկարչութեան սկիզբ կը նկատուի 5-րդ եւ  6-րդ դարերը. իսկ անկման շրջան 19-րդ դարը, հետեւաբար հայ ժողովուրդի ստեղծագործութիւնը ծաղկած է 13-րդ դարուն:

Հայկական նկարազարդ ձեռագրերու մեծ մասը կը կազմեն աւետարանները: Աշխարհիկ բովանդակութիւն ունեցող մանրանկարներուն առաջինը՝ Աւարայրի Ճակատամարտին (451 Թ.) պատկերացումն է 1482 թուականի շարակնոցին մէջ: Նկարազարդ Աւետարաններու գերակշռութիւնը կը բացատրուի, թէ անոնք որպէս պաշտամունքային գրքեր այդ շրջանին մեծ նշանակութիւն ունէին եւ տարածուած էին բոլոր միջավայրերուն մէջ:

Ինչպէ՞ս էին նկարիչները, իրենց կը ներշնջէր Աւետարանի բովանդակութիւնը: Կը հրապուրէր զիրենք զարդարուեստի բնագաւառը եւ կարծես, միջնադարի հայ մանրանկարչի զարդարուեստի մտածողութեան հորիզոնը լայն էր, անսպառ եւ բազմակողմանի:

Նկարիչները կը մտցնէին յօրինուածքին մէջ բուսական ձեւեր, իրական եւ առասպելական կենդանիներ: Հարկ է յիշել որ նկարիչը ձեւերը կը փոխէր ըստ իր զարդանկարի ոճական մտայղացման: Բայց, աւելի անշուշտ, անոնք, զարդանկարներուն մէջ կը մտցնէին, մարդկային կերպարանքներ եւ ամբողջ տեսարաններ: Ու երբեմն ալ ժամանակակից կեանքն ու կենցաղը ներկայացնելով, զանազան երեւոյթներով եւ առարկաներով:

Մանրանկարչական գեղանկարչութիւնը կը բաժնուի երկու հիմնական ուղղութեան: Առաջինը կը բնորոշուի՝ անձերու թուի պակասով, գոյներու սահմանափակութեամբ՝ առանց ոսկիի գործածութեան, դէմքերու եւ շարժումներու արտակարգ արտայայտչականութեամբ եւն… երկրորդը կը բնորոշուի՝ հագուստներով, զարդանաշխով, յատկապէս մարդոց դէմքերու մանրակրկիտ մշակումով, կապոյտ ֆոնով եւ ոսկիով եւն…

Համեմատաբար, Միջնադարեան Հայաստանի նման, փոքր երկրի համար մեծ է թիւը իրարմէ տարբեր գեղարուեստական գործերու քանակը: Երբ մանաւանդ նկատի ունենանք թէ ինչպիսի՞ պայմաններու մէջ, ինչո՞վ եւ ինչպէ՞ս կը նկարազարդէին այդ նկարիչները, որովհետեւ ըստ յիշատակութիւններու աշխատանքային լաւ պայմաններ գրեթէ չկային:

Հին շրջաններուն նկարազարդումը կը կատարուէր մագաղաթներու վրայ, մագաղաթը կը պատրաստուէր զանազան ընտանի կենդանիներու կաշիէն, ան որքան նուրբ, թափանցիկ եւ ճերմակ ըլլար այնքան բարձրորակ կը համարուէր: 10-րդ դարուն սկսան թուղթ ալ գործածել, թուղթը նոյնպէս կը մշակուէր այնպիսի վարպետութեամբ, որ մագաղաթի նմանութիւն կը ստանար:

Կիլիկիան նկարիչներու աշխատանքները իրենց գեղարուեստական բարձր որակէն զատ, կը յատկանշուէին ու աչքի կը զարնուէին իրենց փայլով եւ կատարման վարպետութեամբ:

Հայաստանի մէջ գրքերու գեղանկարչութեան զարգացումը հաւասարաչափ չէ ընթացած: Եղած է ծաղկման եւ թուլացման շրջաններ:
Երկրի աշխարհագրական դիրքը այնպէս մը եղած էր որ հայ ժողովուրդը ստիպուած էր պատերազմելով ետ մղել Պարսկաստանի, Հռոմի, Բիւզանդացիներու, Թուրքերու, Թաթարներու յարձակումները կամ դաշնակցելով անոնցմէ մէկուն հետ, սպառել ուժերնին պատերազմներուն մէջ: Այսպիսով, Հայաստանը միշտ չէ կրցած պահպանել իր մշակոյթի ինքնուրոյնութիւնը եւ բարձր մակարդակը:

Բագրատունիները վերականգնեցին Հայաստանի գրեթէ անկախութիւնը, եւ այդ տարիները հանդիսացան հայ մշակոյթի ծաղկման ժամանակաշրջան:

Ժամանակի մշակութային, վարչական եւ առեւտրական կեդրոնը Անի քաղաքն էր: Մեծ նշանակութիւն ունէին Հաղբատի ու Սանահինի վանքերը, Տաթեւի վանքը եւ Վասպուրականը մշակութային տեսակէտէն:

Այս փայլուն զարգացումը ընդհատուեցաւ Թուրք-Սելճուքներուն արշաւանքով: (1065–1210 Թ.Թ.) հարիւր յիսուն ծանր ու մռայլ տարիներու ընթացքին կանգ առաւ ճարտարապետական շինարարութիւնը, եւ գրքային գեղանկարչութիւնը: Հետագային, պատմական իրադարձութիւններու բերումով, Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայկական պետութեան գեղանկարչութիւնը ծաղկեցաւ:

Պատերազմները եւ նոր աշխարհայեացքը, Աւետարաններու տիրականութիւնն ու զօրեղութիւնը տկարացուցին. բայց գիրքը նկարազարդելու արուեստը չէր կրնար անհետանալ, հետեւաբար փոփոխութիւններ մէջտեղ եկան, այդ պատճառով այդ շրջանի մանրանկարներու մէջ մենք կը տեսնենք մարդկային կեանքի եւ գործունէութեան երեւոյթները: Նաեւ գերիշխող երկու ուղղութիւններուն՝ Ազնուականի եւ Ժողովրդականի, միացումը:

11-րդ դարու վերջաւորութեան կը ստեղծուի Կիլիկիան հայկական պետութիւնը: Անոր հիմնադիրները գաղթած էին Հայաստանէն: Իրար յաջորդող  երեք գործունեայ եւ շնորհալի թագաւորներու՝ Լեւոն Բ.-ի, Հեթում Ա.-ի եւ Լեւոն Գ.-ի գահակալութեան տարիներուն, Կիլիկիան սահմանները ընդարձակելէ զատ, ստեղծեց իր մշակոյթը, որը գրքային գեղանկարչութեան մէջ ունեցաւ շատ արտայայտիչ դրսեւորում: Հայկական արուեստի մէջ  այլեւս երբէք չենք գտնէր զարդանկարներ, պայծառ բայց ներդաշնակ ու ազնիւ գոյներու փայլ, նրբութիւն, ճարտարութիւն, մարդկային մարմիններու պատկերացման հմտութիւն, ինչպէս 12–13-րդ դարերուն Կիլիկիայի մէջ: Աշխահիկ այդ մանրանկարներուն մէջ ներթափանցած են պալատական շրջաններու կենցաղը, ինչպէս նաեւ որսորդական, թատերական եւ կրկեսային տեսարաններով, կենդանիներու եւ թռչուններու կերպարանքներով:

16–17-րդ դարերուն Հայաստան կռուախնձոր դարձաւ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ, բայց վերջերը որոշ աշխուժացում նկատուեցաւ եւ այդ շրջանի ստեղծագործներէն էր Յակոբ Ջուղայեցի:

Հայկական ձեռագրական գեղանկարչութիւնը իր բացառիկ ինքնատիպութեամբ, խորաթափանցութեամբ եւ ստեղծագործական ներշնչուածութեամբ, գեղեցկութեամբ, համաչափութեամբ, գոյներու մաքրութեամբ ու ներդաշնակութեամբ իր փայլուն տեղն ունի գեղարուեստի համաշխարհային գանձարանին մէջ:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...