ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը Լեզուի Տօնի Ծնունդ է… Մենք 4 տարեկան ենք

Չորս տարի առաջ՝ լեզուի տօնին (21 Փետրուար 2017), ստեղծուեցաւ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ (www.armlands.com)  մանկապատանեկան կայքը`

6-16 տարեկան հայորդիներու համար ներկայացնելով հետաքրքրական բազմաբովանդակ նիւթեր, խաղեր, լուրեր,

հարցազրոյցներ, եւ մանկավարժներուն յատուկ յօդուածներ։

Մէկ տարի առաջ սկսաւ գործել ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-Armlands YouTube-եան ալիքը՝ ներկայացնելով մանկական

եւ դպրոցական տարիքին յարմար տեսանիւթեր եւ գրական ստեղծագործութիւններ,

որոնք իրենց բովանդակութեամբ գրաւեցին 18 երկիրներու հետեւորդներ եւ դարձան Սփիւռքի բազմաթիւ դպրոցներու համար

կրթական ծրագրին մէջ ներառուած ուսումնաօժանդակ նիւթեր՝  հեշտացնելով ուսուցիչներու գործն ու հետաքրքրելով աշխակերտները։

Շատ են ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի տեսանիւթերուն եւ կայքին մասին դրական արձագանգները, որոնք  առիթ հանդիսացան,

որ առաւել քան երեք տարի գործենք կամաւոր. մերժուեցան կայքը հովանաւորելու բոլոր փորձերը, սակայն մեր նպատակը տկարութիւն չճանչցաւ.

տարբեր երկիրներու ուսուցիչներու հետ համագործակցիլը եւ մեր աշխատանքի կարեւորութիւնը գիտակցելով՝ շարունակեցինք մեր առաքելութիւնը

մինչեւ 2020 թուականի Օգոստոսի սկիզբ, երբ «Շողան» հաղորդաշարը հովանաւորելու առաջարկ ստացանք

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային առաջնորդարանէն, որուն յաջորդեց ՀՕՄ-ի Արեւելեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութեան առաջարկը՝

հովանաւորելու «ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի առասպելները» հաղորդումը  եւ նախապէս պատրաստուած տեսանիւթերու անգլերէն թարգմանութիւնը։

Ապա, Հայաստանի մէջ գործող Horizon of Expectation  լեզուի կեդրոնը հովանաւորեց «Լաւաշ» տեսանիւթը։

Մեր ամենամեծ աջակիցը եղաւ նաեւ բարերար մը, որ կարեւոր համարելով մեր կատարած գործը՝ հովանաւորեց ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի մէկ տարուան գործունէութիւնը։

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի անունով խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր հովանաւորներուն, որոնք գնահատեցին մեր աշխատանքը եւ այս պատասխանատու գործը վստահեցան մեզի։

Երախտապարտ ու շնորհակալ ենք բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Եգիպտոսէն, Ֆրանսայէն եւ Այնճարէն մեզի աջակից եղան իրենց խորհուրդներով՝

մատնանշելով կայքի վրիպակները, ինչպէս դասագիրքերէն նիւթեր տրամադրելով եւ առաջարկներ ներկայացնելով։

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց դրական խօսքերով կրկնապատկեցին մեր եռանդը եւ մեր նիւթերը տարածելով ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ կայքն ու ալիքը աւելի հասանելի դարձուցին։

Մենք մեր հերթին կը փորձենք առաւել կատարելագործուած աշխատիլ՝ միշտ ձգտելով աւելի լաւ արդիւնքի։

Առաւել քան վստահ ենք, որ «ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ արեւմտահայերէնի աշխարհ» կարգախօսով մեր ծաւալած գործունէութիւնը պիտի շարունակէ ծառայել իր  վեհ նպատակին՝

տարածելով ու պահպանելով արեւմտահայերէնը «աշխարհի չորս ծագերուն»։

Նշենք, որ սիրով կ’ընդունինք դպրոցներու, միութիւններու, գործարարներու կամ արեւմտահայերէնը կարեւոր համարող ոեւէ հայու կողմէ ներկայացուած

ուսուցողական տեսանիւթի առաջարկ՝ հովանաւորի անունը տեղադրելով տեսանիւթի վերջին սալիկին վրայ։

Միասին կարելի է ընել աւելին, եկէք օտարութեան մէջ ապրող երեխաները լեզուի չիմացութեան համար մեղադրելու փոխարէն, ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի դաշտը այնպէս զարգացնենք,

որ անոնք հաճոյքով քաղեն այստեղի գիտելիքները եւ մնան հայ, ինչպէս նաեւ դիւրացնենք նուիրեալ ուսուցիչներու ծանր աշխատանքը,

ուսուցման նոր պայմաններուն մէջ ներկայացնելով մատչելին ու արդիւնաւէտը։

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...