Հայկի Յաջորդները-Արամ Նահապետ

Հայկ նահապետ շատ զաւակներ ու թոռներ ունեցաւ, ամենամեծ զաւակը Արմենակն էր։

Արմենակ իր զաւակներուն հետ գնաց եւ ապրեցաւ ընդարձակ դաշտի մը մէջ,

որ կը կոչուէր Արարատեան դաշտ, ուր մէկ կողմը Արարատ լեռն էր, միւս կողմը Արագած քառագագաթ լեռը։

Քառ=4 Քառագագաթ=չորս գագաթ ունեցող:

Արմենակ այդ բարեբեր հողին մէջ տնկեց պտղատու տարբեր տեսակի ծառեր։ Արմենակին յաջորդեց իր որդի Արամայիսը:

Ան հիմնեց շատ մեծ ու գեղեցիկ քաղաք մը, եւ կոչեց Արմաւիր ։ Արմաւիրը դարձաւ Հայաստանի առաջին մայրաքաղաքը։

Արամայիս Շարա անունով շատակեր որդի մը ունեցաւ, հայրը երբ տեսաւ, որ իր որդին չի կշտանար, զինք իր ընտանիքին հետ միասին,

ղրկեց Հայաստանի ամէնէն առատ ցորեն տուող շրջանը։ Շարա այդ տեղի անունը դրաւ Շիրակ եւ հոն ապրեցաւ։

Շարայի շատակեր անունը այնքան տարածուեցաւ, որ անոր մասին դարձուածք մը ստեղծեցին, շատակերներուն կ՛ըսեն,-

«Եթէ դուն Շարայի որկորն ունիս մենք Շիրակի ամբարները չունինք»։

Հայերը բազմացան ու լեցուցին Հայաստան աշխարհը բայց զօրաւոր չէին, որովհետեւ Հայկի պէս զօրաւոր նահապետ մը չունէին։

Դրացի ազգերը կը յարձակէին Հայաստանի վրայ եւ կը չարչարէին հայերը, մինչեւ վերջապէս ունեցանք շատ քաջ նահապետ մը։

Արամ Նահապետ

Արամ  նահապետ շատ հայրենասէր էր, եւ Հայկ նահապետի նման ազատասէր։ Ան կ՛ըսէր,

«աւելի լաւ էր հայրենիքիս համար մեռնիմ, քան տեսնեմ, թէ ինչպէս օտար ազգերը քար ու քանդ կ՛ընեն  մեր երկիրը:

Արամ նահապետ շատ կռիւներ մղեց,  քաջաբար յաղթեց եւ  ընդարձակեց Հայաստանը։

Յաղթելու համար պէտք է ունենանք հզօր բանակ: Հայ տղաքը պէտք է Հայկ եւ Արամ Նահապետներու պէս քաջ զինուորներ ըլլան,

որպէսզի Հայաստան մնայ ազատ ու անկախ։

Օտարները մեզ եւ մեր երկիրը կը կոչեն Արամի անունով։ Յոյները մեզ կը կոչեն Արմէն, պարսիկներն ու ասորիները Արմենիկ, իսկ մեր երկիրը Արմենիա։

Եկէք պատասխանենք.-

-Ո՞վ էր Հայկ նահապետի յաջորդ՝ քաջ եւ ազատասէր նահապետը

– Հայկ նահապետի քաջ եւ ազատասէր յաջորդը՝ Արամ նահապետն էր:

– Ո՞վ էր Հայկ նահապետի շատակեր յաջորդը

-Հայկ նահապետի շատակեր յաջորդը՝ Շարան էր

– Շատակեր Շարայի մասին ի՞նչ դարձուածք ստեղծեցին

– Եթէ դուն Շարայի որկորն ունիս մենք Շիրակի ամբարները չունինք

– Ի՞նչ կը նշանակէ քառագագաթ

– Քառագագաթ կը նշանակէ  4 գագաթ ունեցող

– Օտարները մեզ եւ մեր երկիրը ի՞նչ կը կոչեն

– Օտարները մեզ կը կոչեն Արմէն, իսկ մեր երկիրը Արմենիա

Խաղ
Կազմեցէք Շարայի մասին գրուած դարձուածքի խճանկարը

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...