Հայկ Նահապետ

Հայկ Նահապետը (նաեւ Հայկ, Հայկ դիւցազն) կը համարուի հայոց նախահայրը։

Ըստ ժողովրդական վկայութեան, Հայկ անունը կը նշանակէ «հսկայ», «յաղթանդամ»։ Հայկը շատ քաջ է, դիւցազն է, կը սերի դիցերէն։ Հայկի մայրը անահիտ դիցուհին է, որ երբեմն կը կոչուի «մեծն տիկին հայոց», «մեծամայր»։

Հայկը յաղթանդամ եւ գեղեցիկ ռազմիկ է, որսորդ։ Անուր զէնքը՝ սուրը, նետ ու աղեղը գերբնական են։ Հայկ Նահապետը մեզի տուած է աստուածային ծագման օրէնքներ, կը կարգաւորէ նաեւ ժամանակը՝ ըստ Անանիա Շիրակացիի, հայոց տոմարի ամսանունները կը ծագին Հայկի զաւակներու եւ դուստրերու անուններէն։

Հայկի կեանքի ամենայայտնի պատմութիւնը անոր պատերազմն է բաբելոնեան առաջնորդ Բելի դէմ։ Բաբելոնեան աշտարակաշինութեան խառնաշփոթի ընթացքին Տիտանեան Բէլը ինքզինք կը հռչակէ աշխարհակալ եւ կը պարտադրէ, որ բոլորը պաշտեն զինք։ Սակայն Հայկը չի ճանչնար Բելի ինքնակոչ իշխանութիւնը իր հարազատներու եւ ցեղակիցներու վրայ։ Բաբելոնի մէջ իր անդրանիկ զաւակի՝ Արամանեակի (Արմէն) ծնելէն ետք, Հայկը երեք հարիւր այլ ցեղակից ընտանիքներու հետ միասին կը վերադառնայ Հայք։ Հայրենիք ժամանելուն պէս, Հայկը բնակութիւն կը հաստատէ Տուրուբերանի Հարք գաւառի մէջ։ Հարք անունը կը մեկնաբանուի որպէս «հայրեր», «հայրենիք». հաւանաբար, Հարք անուանումը կապուած է Հարիանա կամ Արիանա արիաց նախահայրենիքի հետ, որ ըստ որոշ տեսութիւններու կը գտնուի Հայկական լեռնաշխարհի մէջ, Արածանի գետի հովիտի մէջ եւ անոր շրջակայքին։ Հարքի մէջ Հայկը կը հիմնէ բնակավայր եւ զայն կ’անուանէ Հայկաշէն։

Այդ ընթացքին Բէլը, դառնալով Ասորեստանի տիրակալ, մեծ բանակով կը ներխուժէ Հայք։ Հայկի թոռ Կադմոսը, որ բնակութիւն հաստատած էր Հայկական լեռնաշխարհի հարաւին՝ Կորճայքի մէջ, Արարատ լերան ստորոտին, կը զգուշացնէ Հայկը Բելի արշաւանքի վերաբերեալ։ Հայկը իր բազմաթիւ զաւակներով եւ թոռներով Հայկաշէնէն կը մեկնի (Վանայ լիճի հիւսիսային ափի եզրով) դէպի այժմեան Վան քաղաքը։ Վանէն հարաւ իյնկած Հայոց Ձոր կոչուող գետի հովիտի մէջ Հայկը եւ Բէլը իրենց բանակներով դուրս կ’ելլեն իրար դէմ։ Հայկը իր բանակը կը դասաւորէ եռանկիւնաձեւ գետի հիւսիսային (աջ) ափին, աջէն եւ ձախէն տեղադրելով իր աւագ որդին եւ թոռնիկը՝ Արամանեակն ու Կադմոսը։ Սակայն Բէլը, տեսնելով իր զօրքի ակնյայտ քանակական առաւելութիւնը, Հայկի փոքրաթիւ ռազմիկներու համեմատ, կը հրամայէ իր զինուորներուն ամբոխով անցնել գետը եւ յարձակուիլ Հայկի եւ իր զօրախումբի վրայ։ Ինքը Բէլը կը խուսափի մարտէն, կը բարձրանայ բուլրի մը վրայ, ուրկէ կը հետեւի մարտին։

Ճակատամարտի ամենաթէժ պահուն, Հայկը կը նկատէ Բէլին բլուրի վրայ, կ’անցնի գետը եւ, մօտենալով Բէլին, կը նետահարէ անոր եռաթեւ նետով։ Քանի որ Հայկի նետը երկաթէ ծայր ունէր, իսկ Բելի լաթերը պղնձէ էին, Հայկի արձակած նետը կ’անցնի Բելի լաթերու միջէն եւ եւ զինք կը գամէ գետնին։ Տեսնելով Բելի մահը, անոր զօրքը սարսափահար փախուստի կը դիմէ։

Հայկը կը հրամայէ ռազմադաշտի մօտ կառուցել ամրոց, զոր կ’անուանէ Հայկաբերդ։ Այդ ամրոցի մնացորդները պահպանուած են մինչ օրս։ Հայկը կը հրամայէ Բէլի դիակը տանիլ Հարք եւ, թաղել Հայկաշէնէն ոչ հեռու, բլուրը դարձնել անոր գերեզմանը՝ ի զգուշացում բոլոր օտարներուն, ով կը յանդգնի յարձակուիլ Հայկի հայրենիքի վրայ։ Ի յիշատակ Հայկի տարած յաղթանակին եւ անոր բազբաթիւ արարքներուն, ժողովուրդը մեր երկիրը կ’անուանէ Հայք։

Անկէ ետք երկար տարիներ ապրելով, Հայկի արեւը (հոգին) կը համբարձի երկինք եւ կը դառնայ Օրիոն համաստեղութիւնը, զոր հայերը կ’անուանեն Հայկի համաստեղութիւն։

Հակառակ որոշ առասպելական դրուագներու, Հայկի մասին պատմութիւնը հիմնուած է իրական պատմական իրադարձութիւններու վրայ եւ կ’արտացոլէ նահապետական հայկական ցեղախումբերու պատերազմները հիւսիսային Միջագետքէն Հայկական լեռնաշխարհ ներխուժող ցեղերու դէմ։ Հայկի անունը եւ առասպելացուած արարքները կը յիշատակուին նաեւ արեւմտաիրանական ցեղերու մօտ եւ գտած են իրենց արտացոլումը Աւեստայում Հայօշեանգ (Յուշանգ) անուան տակ։

Հայկէն կը սերի Հայկազունի արքայատոհմը։ Որդիներն են Արամանեակ, Խոռ, Մանաւազ,  դստրերը Արեգի, Սահմի եւ ուրիշներ։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...