Հայերէն տառերը օգտագործուած են նաեւ իբրեւ թուանշաններ: Այդ տառ-թիւերով միջնադարեան
Հայաստանի մէջ ստեղծուած են գիտութիւններու վերաբերեալ բոլոր գիրքերը: Հայերէն 36 տառերը
գրուեցան 9-ական տառ պարունակող 4 շարքով, որոնք համապատասխանօրէն միաւորներ,
տասնաւորներ, հարիւրաւորներ եւ հազարաւորներ կը նշանակեն։
Ահաւասիկ տառերու թուային արժէքները։ Այս 36 տառերը զուգորդելով կարելի է գրել 1-էն մինչեւ
9999 թիւերը:
Օրինակ: ԺԱ=11
ՌՋՂԱ=1991
ՓՋՂԸ=8998
ՌՆՀԱ=1471