Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշակը պետական խորհրդանիշներէն է։ Կազմուած է կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն գոյներէն։ Չափը՝ լայնք 1 երկայնքը 2 յարաբերութեամբ։ Ան չափերով եւ գոյներով Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920 թթ) դրօշակի կրկնութիւնն է։
Դրօշակի գոյներու մասին կան տարբեր մեկնաբանութիւններ։
2006 թուականի օրէնքով տրուած է հետեւեալ մեկնաբանութիւնը.
- Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Հայկական բարձրաւանդակը, հայ ժողովուրդի մշտական պայքարը յարատեւման, քրիստոնէական հաւատքի, Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան համար։
- Կապոյտ գոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը խաղաղ երկնքի տակ։
- Նարնջագոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի արարչական տաղանդը եւ աշխատասիրութիւնը։