Հայու Ոգին

Մի հարցնէք ի՞նչ է, ո՞ւր է,
Ո՞ւրկէ կու գայ Հայու ոգին:
Ինչպէս արեւն է հուրհրան,
Ինչպէս կանանչն է դաշտերուն,
Ա՜յ ճիշդ այդպէս, ամէն տեղ է
Հայու ոգին:

Մեր հովերուն, մեր լեռներուն
Մեր դաշտերուն հոսող առուի
Կանչին հետն է
Հայու ոգին:

Մեր դաշտերու հովը որ կայ, մեղեդի՛ է.
Մեր ձայնաւոր աղբիւրները, ըսես՝ սաղմոս ու շարական:
Երդիքներէն, բուրրվառ ու վառ թոնիրներէն
Ջերմ աղօթքի ու խունկի պէս դէպի երկինք՝
Կապոյտ ծուխն է
Հայու ոգին:

Մի հարցնէք, ուրկէ՞ կուգայ, կամ ո՞ր ճամբով:
Եկած է ան՝ Հայկէն կարճնեղ, կապարճն ուսին,
Գեղապատշաճ:
Եկած է ան՝ թըլոր Դաւթի թուր կէծէկէն,
Մեր հեթանո՛ս նախնիներէն,
Բագիններու բոց կրակէն եկած է մեզ,
Հայու ոգին:

Ան եկած է կռուի ճակատ մեր դաշտերէն:
Բիւր նիզակներ, նետ ու վահան երկաթակուռ.
Սաղաւարտեայ այր ու ձիեր, գրոհ, արի՛ւն:
Էդ արիւնի, ու արցունքի ճամբաներէն եկած է մեզ
Հայու ոգին:

Ան եկած է Աւարայրի մեր յաղթական պարտութենէն,
Շէն Անիի հազար ու մի գմբէթներէն,
Ու հազար մի զանգակներու ղօղանջներէն:
Մեր հողերուն նետուած բեղուն
Սերմերուն պէս ապրող սիրտն է
Հայու ոգին:

Ան մեզ կու գայ մեր վանքերու քարո՛ւտ ճամբով,
Ժամ-վարժարան բանուկ ճամբով:
Մեր պապերու ոսկորներէն, գերեզմանի տխուր ճամբով:
Արեւին հետ ան վար կ’իջնէ, մեր արտերուն, մեր
սրտերուն,
Ու վեհափառ Արարատի անե՛լ, անյայտ ճամբով կու գայ
Հայու ոգին:

Հայու ոգին կա՛նչն է սիրոյ աղջիկներուն եւ թէ տղոց.
Պապկէ՛ պսակ, պակկէ՛ նարօտ հարսնիքներուն:
Ե՛րգն է ուրախ, տափ ու ծնծղայ, արծա՛թ ծիծաղ,
Աղջիկներու պա՛ր հեզանազ:
Հայ մայրերու գութ ու բարի, ու միւռոնով լեցուն սրուակ
Աչքերէ՛ն է որ կը կաթի
Հայու ոգին:

Մեր պապերու հնադարեան դպրութիւնն է ու հին լեզուն:
Ձմեռ բուքին, Նարեկացու վանքի խուցի ճրա՛գն է ան:
Մագաղաթէ հին, հին մատեան տաղարանի
Ու Մեսրոպի գերեզմանին ու երազին
Այբենգիմն է
Հայու ոգին:

Մեր լեզուն է արեւավառ որ թէ՛ մարմին, թէ՛ հոգի է.
Կը բաշխուի որպէս նշխարհ, որպէս հաղորդ ու նկանակ:
Կը բաշխուի որպէս մարմին, որպէս գինի,
Գինի ու մաս՝
Հայու ոգին:

Այդ ոգին է որ կը գաղթէ, կ’ելլէ ճամբայ
Մեր երկնքէն ու մեր հողէն, ու կը գտնէ
Ուր Հա՛յ մը կայ ու անոր հետ զրոյց կ’ընէ:
Ան կը ժպտի, ան կը տխրի, ու անոր հետ արցո՛ւնք կու
լայ:
Ու կը հսկէ որ ոչ մէկ Հայ չըլլա՛յ շեղի էն լոյս ճամբէն:
Մեր հոգիի էն լո՛յս ճամբէն, որ մեր հողին
Ու երկնքին մեզ կը տանի
Հայու ոգին:

Ինչ ալ ըսենք, բայց դեռ քիչ է,
Ի՞նչն է իրաւ հայու ոգին:
Եթէ նայիք ձեր հոգւոյն մէջ,
Պիտի գտնէք մեր պապերէն բազմութին մը.
Պիտի գտնէք սաղաւարտեայ բանակ մը հին.
Պիտի գտնէք իմաստութիւնն ու ճրագը մեր վանքերուն:

Ձեր հոգւոյն մէջ պիտի գտնէք
Ձեր լեռներուն ու ժայռերուն մէջ թաքնուած,
Արձագանգի պէս թաքնուած,
Հայու ոգին:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...