Հայրենիքէն Դուրս՝ Հայրենեաց Համար. Մխիթարեան Միաբանութիւն

Սուրբ  Ղազար կղզին (իտալերէն.՝ San Lazzaro degli Armeni, անգլերէն.՝ Saint Lazarus Island) կը գտնուի Իտալիոյ Վենետիկի ծովածոցի մերձաւոր ջուրերու մէջ: Կղզիի մակերեսը կը կազմէ  0,033քմ2, այստեղ կը բնակի 22 մարդ: Կղզին  հիմնադրուած է տասներկուերորդ դարուն, լքուած եղած է միչեւ տասնվեցերորդ դար, իսկ 1717 թուականին Վենետիկի իշխող խորհուրդի կողմէն, ան տրուած է Մխիթարեան միաբանութեան:

Մխիթարեան միաբանութիւնը հոգեւոր, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւն է: Հիմնադրուած է 1701 թուականի Սեպտեմբեր 8- ին, Կ.Պոլսոյ մէջ ՝ վանահայր Մխիթար Սեբաստացիի կողմէն: Ընդամէնը երկու տարի ետք ՝ Օսմանեան  իշխանութիւններու հալածանքներէն փախչելով՝ միաբանութիւնը կը տեղափոխուի Պենեպոլես (Վենետիկ): Հասարակութեան աչքէն հեռու, վանականները ունին իրենց գաղտնի պարտէզը:

Վենետիկի Հանրապետութեան հրամանով միաբանութիւնը կը տեղափոխուի Սուրբ Ղազար կղզի, ուր վանքը կը կառուցեն եւ հին եկեղեցին կը նորոգեն՝ Մխիթար Սեբաստացին եւ անոր տասնեօթ վարդապետները:

Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրման սկզբնական շրջանին Վենետիկի աջակցութիւնը ստանալու նպատակով կը թարգմանուին եւ կը հրատարակուին շարք մը աշխատութիւններ: Միաբանութիւնը թարգմանութիւններուն զուգահեռ հանդէս կու գայ ինքնուրոյն աշխատութիւններով: Եկեղեցին հրատարակած է Հայկական պատմական, բանասիրական եւ գրականագիտական աշխատութիւններ:

Սուրբ Ղազար կղզիի եկեղեցւոյ պահոցներուն մէջ  կայ շուրջ 150,000 անուն գիրք:

Միաբանութեան գրադարանը  բաղկացած է երեք հատուածներէ. գլխաւոր գրադարանին մէջ շարուած են եւրոպական գրականութեան հազուագիւտ հատորները, Պայրոնի սենեակը եւ  Ձեռագիրներու կլոր սենեակը, ուր կը պահուին հայկական ձեռագիրները:

Սուրբ Ղազար կղզին՝ գիտնականներու եւ ուսանողներու երկարաժամկէտ հիւրընկալելու աւանդոյթ ունի: Կղզիի մէջ հիւրընալուած է Լորտ Պայրոն, ան առաջին հայագէտներէն է. Միաբանութեան վանականներէն սորված է հայերէն, անոր օգնութեամբ  անգլերէնէն հայերէն եւ հայերէնէն անգլերէն թարգմանուած են շարք մը կրօնական եւ աշխարհիկ ձեռագիրներ, ստեղծուած է անգլերէն-հայերէն բառարան:

«Եթէ սուրբ  գրութիւնները ճիշտ կը մեկնաբանուին, ապա Հայաստանի մէջ գտնուած է դրախտը », – գրած է Լորտ Պայրոն:

Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար պատրաստեց՝

Նարէ Մուրատեան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...