«ՀԱՅՐ ԻՄ, ԻՆՉՈ՞Ւ ԶԻՍ ԼՔԵՑԻՐ». Ռոպէր Հատտէճեան

Խաչափայտին վրայ իր հոգին աւանդելէ քանի մը վայրկեան առաջ, Յիսուս դէպի երկինք դարձուց

իր արցունքոտ աչքերը եւ գոչեց.
Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս լքեցիր։

Այն Աստուածը, որուն կ’ուղղէր այդ պաղատագին հարցումը, իր Հայրն էր։ Առաջին մէկ օրէն ի վեր

այնպէս տնօրինուած էր ուրեմն,որ զաւակ մը, նոյնիսկ եթէ Աստուծոյ զաւակը ըլլար, օր մը պիտի

կարենար լքուիլ իր հօրը կողմէ։
Հայր մը, իրաւ հայր մը կրնա՞յ լքել իր զաւակը։ Ո՛չ։ Իրաւ հայր մը երբեք ու երբեք չի կրնար լքել

իր զաւակը։

Իրաւ Հայր մը, երբեք ու երբեք յօժար կամքով չի կրնար արտօնել որ իր զաւակը չարչարուի,

խոշտանգուի, գամուի Խաչափայտին վրայ եւ ամէնէն տառապալից պայմաններու մէջ, իր հոգին

աւանդէ։
Բայց Յիսուս իր սեփական կեանքը չէ՛ր, որ կ’ապրէր այս երկրագունդին վրայ։ Ան աշխարհ իջած

էր ապրելու համար մեր բոլորին կեանքը։

Յիսուսին կեանքին մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքը պիտի ապրուէր եւ մենք իւրաքանչիւրս,

փոխադարձաբար,

Յիսուսին կեանքին մէջ պիտի տեսնէինք մեր սեփական կեանքին մէկ շերտը։
Աշխարհ այն տառապալից հովիտն է, ուր մարդ օր մը անպայման պիտի անջատուի իր հօրմէն,

պիտի անջատուի իր բոլոր սիրածներէն, իր բոլոր սրտակից հարազատներէն, եւ առանձինն պիտի

ապրի մարդկութեան ուսերուն վրայ դրուած Գողգոթան։

Աշխարհ այն տառապալից հովիտն է, ուր մարդ օր մը պիտի զգայ, թէ պարտաւոր է իր մարմինը

հացի նման բաշխել ամբողջ մարդկութեան,

եւ եթէ հարկ է, զոհուիլ ուրիշներու գոյատեւման համար։ Երբ հասնի այդ պահը, այլեւս իր հայրն

անգամ ոչի՛նչ պիտի կարենայ ընել իրեն համար

եւ ամպերուն ետեւէն պիտի հետեւի իր զաւկին Գողգոթային, ապրելով տառապալից այն

հպարտութիւնը, զոր ամէն ծնողք կը զգայ,

երբ կը տեսնէ թէ իր զաւակը յումպէտս չէ ապրած եւ յումպէտս չէ չարչարուած, թէ իր զաւակը

կատարած է իր սրբազան այն առաքելութիւնը,

որուն համար աշխարհ ղրկուած էր։
Խաչափայտին վրայ իր հոգին աւանդելէ քանի մը րոպէ առաջ Յիսուս դարձեալ նայեցաւ դէպի

երկինք եւ ըսաւ.
Հա՜յր իմ, ահաւասիկ քու ձեռքերուդ մէջ կ’աւանդեմ իմ հոգին։
Դարձեալ մեր բոլորին տխուր պատմութիւնը կը խտանար ահաւասիկ այդ հառաչանքին մէջ։

Առաջին մէկ օրէն ի վեր տնօրինուած էր ուրեմն, որ մեր վերջին ապաւէնը դարձեալ մեր հարազատ

այն հայրն էր,

որ մեզ աշխարհ բերած էր՝ որպէսզի կատարենք մեր առաքելութիւնը։ Որքան ալ մեր բախտին ու մեր պարտականութիւններուն լքուած ըլլայինք

տառապանքներու այս հովիտին մէջ, երբ հնչէր ժամը, մենք սրտի հանգստութեամբ եւ հեզահամբոյր համակերպութեամբ պիտի վերադառնայինք դէպի մեր սկզբնակէտը, դէպի մեր արմատը, դէպի այն

հողն ու երկինքը, ուրկէ ղրկուած էինք։
Եւ իր Խաչափայտին վրայ երբ Յիսուս վերջապէս հասկցաւ որ հնչած էր իր վերջին երկվայրկեանը,

դարձեալ նայեցաւ դէպի երկինք եւ արտասանեց իր վերջին տխուր խօսքը.
Ամէն ինչ կատարուած է։
Ամէն ինչ կատարուած է։ Պարտականութիւնը, որ դրուած էր մեր ուսերուն վրայ, գլուխ հանուած է

խղճմտանքով ու պատուով, նուիրումով ու մարդասիրութեամբ, ժպիտով ու արցունքով,

արժանապատուութեամբ ու գիտակից ընտրութեամբ։

Ամէն ինչ կատարուած է, եւ ինչ որ կը սպասուէր մեզմէ, իրականացած է։ Վճարած ենք մեր սրբազան

պարտքը մեր նախնիներուն, մեր ժամանակակիցներուն հանդէպ, մենք ալ մեր կարգին բաներ մը

կերտած ենք տառապանքի սա հովիտին մէջ, եւ թանկագին ժառանգութիւն մը թողած ենք մեր

յաջորդներուն։ Երանի՜ մեզի, որ կը նայինք մեր շուրջ եւ այս աշխարհէն մեկնելէ առաջ, ճակատաբաց

հաշիւ կուտանք մեր մեծ Դատաւորին, ըսելով.
Տէ՜ր իմ. Հա՜յր իմ, ամէն ինչ կատարուած է։
ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
«Յուշատետր»

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...