Արամ Հայկազ Ամերիկահայ արձակագիր
Նկարները՝ Արէտ Ավճուի
Շաբթուան մը պաղէն-անձրեւէն ետք, անամպ, կապոյտ երկինքին վրայ կը շողայ արեւը: Ծառերուն
բողբոջները պայթած են, ու կարծես կը տեսնես տերեւներուն մեծնալը:
Տղաս կիսամերկ փողոց ինկած էր: Մայրը մտահոգ էր.
– Պիտի պաղի՝ հիւանդանայ, հայրն ես. բան մը չընե՞ս:
– Դուն ալ մայրն ես. դուն ի՞նչ ըրիր, յետոյ ՝ ի՞նչ կ’ըլլայ որ… անոնց արիւնը տաք է, արեւը՝ ջերմ,
դիւրին-դիւրին պաղ չեն առներ: Բայց եթէ կ’ուզես՝ կ’երթամ ստուգելու, թէ ի՛նչ կ’ընեն:
Դեռ դուռէն չէի ելած՝ տղաս ու Հանցը հեւալով ներս մտան:
– Փա՛, խորոված կը շինենք կոր. մաման ո՞ւր է:
– Ներսն է. ի՞նչ խորոված, ի՞նչ բան. շունչ ա՛ռ:
– Մեծ կրակ մը վառեցինք պարտէզը. Ճէքին հաթտակները բերելու գնաց, ես փաթաթէսները
պիտի տանիմ՝ մոխիրի մէջ պիտի խորովենք:
– Անգամ մը հո՛ս եկուր, դուն կրակի հետ գործ չունիս: Եթէ հաթտակ կ’ուզես, ես կը շինեմ քեզի
համար: Դեռ վիզիդ վէրքը նոր աղեկցուցինք:
– Օ՜, մա, փլի՜զ, մա՛, շատ զգոյշ կ’ըլլամ, փլի՛զ. աղուոր մամաս. մէ՛կ անգամ, փլիիի՜զ…:
Ես աչքով նշան ըրի, որ արտօնէ:
– Աչքով մի՛ ըներ, ի՛նչ կ’ուզէք՝ ըրէ՛ք. բայց եթէ գլխուն փորձանք մը գայ՛ ինծի մի՛ վազէք: Ես յոգներ
եմ հիւանդ ու վէրք նայելէ:
Բայց հաշտութեան ծիածանը երեւցաւ. մայր ու տղայ համբուրուեցան: Տիկինը իր ձեռքով
գետնախնձորները տոպրակը դրաւ, տուաւ տղուն:
– Կրակին մի՛ մօտենար. միսն ու փաթաթէսները լա՛ւ եփեցէք, հում չուտէ՛ք, կը հիւանդանաք:
– Այո՛, մամա:
Երբ տղաս, մեծ ուրախութեամբ ճամբայ ելաւ, Հանցը՝ մեր շունը, կլոր մարմինը օրօրելով, ինկաւ ետեւէն:
Արեւը կը շողար իր սեւ մուշտակին վրայ, որ արծաթի պէս կը փայփլէր:
«Վերջերս աս շունը շատ կը կերակրեն, շատ գիրուկցեր է, ուտելիքին մէկ ժումը պէտք է պակսեցնենք»
խորհեցայ, ու դանդաղ, անհոգ քայլերով ուղղուեցայ դէպի տղոց զբօսատեղին:
Նոր ծաղկած վայրի կեռասենիին տակ, տղաքը հաւաքեր էին իրենց պաշարը, եւ կը սպասէին կրակին
հասնելուն: Երջանիկ էին ու անհանդարտ՝ ճնճղուկներու երամի մը պէս:
Միայն Հանցը տխուր էր: Ականջները կախ, դէմքը ամպոտ, կեցեր էր ծառի շուքին: Փորձեր էր
հաթտակները հոտուըտալ. զգայուն բարակ քիթը մօտեցուցեր էր, որ հոտուըտայ՝ միայն մէկ անգամ,
բայց տղաքը տեսեր էին, կասկածեր, յանդիմաներ, ու վիզէն բռնած՝ մէկդի նետեր էին…:
– Ասոնք քուկդ չեն Հանց. անդին գնա՛:
Քովը գացի, շոյեցի: Պոչը շարժեց, ըսելու պէս՝ թէ ինծի հանդէպ բան չունէր, բայց նեղուած էր:
– Տղա՛ք, զգո՛յշ եղէք, ձեռք-ոտք չայրէ՛ք, դրացիին տունը կրակ չտա՛ք,- ազդարարեցի, ու երգ մը
մռմռալով՝ դարձայ տուն:
Տասը վայրկեան չէր անցած՝ տղաս ու Հանցը խոհանոց մտան:
Տղուս վրայ ակնարկ մը՝ եւ հասկցայ, որ մեծ բան մը պատահած էր: Դէմքը մուր, հող, քրտինք էր.
վարի շրթունքը կը դողար, ու շապիկին մէկ թեւը չկար: Ո՛ւր որ է պիտի լար:
– Հո՛ս եկուր տեսնեմ, տղա՛ս, ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ պատահեցաւ. ի՞նչ է եղածը…:
Շրթունքները քիչ մը եւս դողացին ու լուռ՝ գլուխը դարձուց դէպի շունը.
– Հա՛նցը:
– Հա՞նցը…,- կրկնեցի ես հարցական:
– Հաթտակները կերաւ:
– Չեփա՞ծ…:
– Անոր համար՝ ի՞նչ կարեւորութիւն…: Չենք գիտեր՝ ե՛րբ կերաւ. մենք ապուրով եւ փաթաթէսներով
զբաղած էինք, մէկ ալ տեսնենք՝ Հանցը կայ, հաթտակները չկան:
– Ուտելը տեսա՞ք:
– Չէ՛, բայց երբ բերանը հոտուըտացինք՝ բերնէն հաթտակի հոտ կու գար: Յետոյ ուրիշ մէկը չկար
հոն իրմէ զատ…:
– Ուէ՜լ, ուրիշ անգամ նորէն կը շինէք: Այս անգամ Հանցը հետդ չես տանիր: Իբր պատիժ՝ զինք կը
կապենք հոս:
Յուսահատ՝ գլուխը շարժեց ժխտական:
– Ինչո՞ւ… ի՞նչ եղաւ որ…:
– Երբ տեսանք՝ հաթտակները չկան, վէճ ունեցանք: «Չես գիտեր՝ ինչո՛ւ կը պահէք զայն. վերջապէս
գերմանացի շուն է. ի՞նչ կը սպասես. անո՛ւնն իսկ գերմանական է. դեռ աղէկ որ Հիթլէր կամ Կէօրինկ չէ… Ամերիկա կ’ապրի, ու գողութիւն կ’ընէ» ըսին: Պիտի ծեծէին: Կռուեցանք: Փաթաթէսի բաժինս առի եւ եկայ:
Շապիկին պոչով բռնած էր գետնախնձոր մը, այրած կեղեւով ու թերեւս հում միջուկով…:
Հանգստացուցի զինք, ու ղրկեցի լուացուելու: Երբ վերադարձաւ՝ ձեռքս ուսին դրի եւ ըսի.
– Հանցը պիտի պատժենք որկրամոլութեան համար, այս իրիկուն ու վաղը՝ ճաշ չկայ: Արդէն շատ գիրցած է.
թո՛ղ հասկնայ՝ ինչ է եղեր գողութիւն ընելը: Անպիտանը…:
Օրը շուտ անցաւ. ձայնասփիւռէն գիշերուան վերջին լուրերը լսելէ ետք՝ պառկեցանք:
– Արա՛մ, ելի՛ր տունը գող կայ,- փսփսուքով կէս գիշերին արթնցուց զիս կինս:
– Ի՞նչ, գո՞ղ կայ… հապա շունը չհաջե՜ց…,- ցատկեցի ես տեղէս:
– Անպատճառ անօթի ձգելուդ համար քէն ըրած է… լսէ՛, խոհանոցը մէկը կայ:
Սիրտս կը բաբախէր. ծունկերս կը դողային: «Գողերը կիները չեն սպաններ, դո՛ւն գնա նայելու»,
պիտի ըսէի, բայց ամչցայ: Անգամ մը-երկու բարձր հազացի՝ գողը զգուշացնելու համար:
Նրբանցքի լոյսին կոճակը դարձուցի, եւ «Հայր մեր որ յերկինս ես» ըսելով ուղղուեցայ խոհանոց: Աչքս
մօտեցուցի դրան ճեղքին:
Սառնարանին դէմ, կաթի շիշը ձեռքը, գիշերանոցով գետին նստած էր տղաս: Քովը՝ Հանցը, քիթը՝ կաթով
լեցուն իր կապոյտ պնակին մէջ, մեծաղմուկ կը լափէր: Տղաս, գիրուկ, ճերմակ ձեռքը դրած անոր մէջքին,
վրան հակած՝ գորովալի խօսքեր կը փսփսար ականջին:
– Շա՜տ անօթի էիր, հա՞, վա՜խ եմ ըսեր, քեզ պատժեց չա՛ր փափան: Բայց դուն ալ գողութիւն ընելու չէիր…: Կերա՞ր. ուրիշ կ’ուզե՞ս, սպասէ՛, անդի՛ն, մի՛ լիզեր քիթս-բերանս. տեսա՞ր, թափեցի՛ր, սո՛ւս, ձայն մի՛
հաներ, հիմա կ’արթննայ փափաս…:
Ուսիս վրայէն մէկը կը շնչէր, գլուխս դարձնելով տեսայ, որ «մաման» էր. ուշացած ըլլալուս համար եկեր է
զիս փնտռելու:
Բան չըսինք իրարու. ձեռք ձեռքի, մութին մէջ, վերադարձանք մեր անկողիններու ջերմութեան։