Հեռատեսիլը ելեկտրոնային սարք է պատկերներու եւ ձայներու ընդունման եւ ցուցադրման համար,
որոնք կը փոխանցուին անլար ալիքներով:
Հեռատեսիլի խցիկը շարժուող պատկերը կը վերածէ ելեկտրական ազդանշաններու: Ռատիօալիքներու օգնութեամբ այդ ազդանշանները, հաղորդուելով արբանեակներով կամ անցնելով ստորգետնեայ հաստ
լարերով, կը հասնին մեր հեռատեսիլին: Վերջինս եկած ալիքային ազդանշանները կրկին կը վերածէ
պաստառի վրայ ցուցադրուող պատկերներու եւ բարձրախօսէն հնչող ձայներու:
Հեռատեսիլը գիտութեան համեմատաբար նոր բնագաւառներէն է: Հեռատեսիլի առաջին համակարգը
1907թ.-ին առաջարկած է հայ ճարտարագէտ, գիւտարար Յովհաննէս Ադամեանը: 1925թ.-ին, ան
պատրաստած եւ ցուցադրած է «Հեռատես» կոչուող առաջին եռագոյն հեռատեսիլը, որ ժամանակակից
գունաւոր հեռատեսիլներու նախահայրն է:
1923թ.-ին, ռուս գիւտարար եւ ճարտարագէտ Վլատիմիր Զուորիկինը յայտնագործած է ելեկտրոնային
խողովակը: 1930-ական թուականներուն ի յայտ եկած է ճառագայթային խողովակը, որ առայսօր կը մնայ իւրաքանչիւր ժամանակակից հեռատեսիլի «սիրտը»:
1929թ.-ին, ցուցադրուած է աշխարհի առաջին հեռատեսիլի հաղորդումը (առանց ձայնի): Մինչեւ 1953թ.
բոլոր հեռուստահաղորդումները սեւ ու ճերմակ էին: 1953թ.-ին, ԱՄՆ-ի մէջ ցուցադրուեցաւ առաջին
գունաւոր հեռուստահաղորդումը: Հայաստանի մէջ առաջին հեռատեսիլի հաղորդումը եթեր
հեռարձակուած է 1956-ին, առաջին գունաւոր հաղորդումը՝ 1971-ին: