Հետաքրքրական Փաստեր Ձիւնի Մասին

Ձիւնը, ձիւնի փաթիլն ու ձիւնի տեղումները… այս բոլորը շատ գեղեցիկ է:

Սակայն կան նաեւ  ձիւնի մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ, որոնք ոչ բոլորը գիտեն։

Գիտէ՞ք արդեօք.

-Թէ ինչո՞ւ ձիւնը ճերմակ է: Ան բաղկացած է օդէն, իսկ լոյսը, որ կ’իյնայ ձիւնի փաթիլներուն վրայ,

կը ցրուի հնարաւոր բոլոր ուղղութիւններով եւ փաթիլը ճերմակ գոյն կը ստանայ:

-Չկան ձիւնի միանման 2 փաթիլներ, իսկ ահա հաւասարաչափ փաթիլներ կրցած են գտնել:

Անիկա տեղի ունեցած է 1611 թուականին, փաթիլները գտած է Իոհան Կեպլերը: Նման երեւոյթ այլեւս չէ արձանագրուած:

– Սովորական ձիւնի փաթիլի չափը 5 մմ է, բայց ԱՄՆ-ի մէջ յայտնաբերուած է «ամենամեծը»` 38 սմ:

-Գիտէ՞ք թէ, ճերմակ ձիւնէն բացի կայ նաեւ՝ Սեւ, կանաչ, նարնջագոյն ձիւն, այսպիսի գոյներով ձիւն եկած է Միացեալ Նահանգներու (1955թ.),

Ռուսիոյ (2007թ.) եւ Զուիցերիոյ (1969թ.) մէջ: Ի տարբերութիւն սովորական ճերմակ ձիւնի, գունաւորները այրուածքներ հասցուցած են:

-Սահարա անապատը ձիւն «տեսած է» 1979 թուականին՝ առաջին եւ վերջին անգամ:

-Աշխարհի մէջ ամենաշատը ձիւն կը տեղայ Պէյքըր լերան վրայ, որ կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ:

Համաշխարհային ցուցանիշը այստեղ գրանցուած է 1998-1999 թուականներուն տեղացած 2850 սմ ձիւնի շնորհիւ:

-2007 թուականի Դեկտեմբեր 20-ին Հարբինի մէջ ձիւնի եւ սառոյցի քանդակներու միջազգային փառատօնին ժամանակ

600 հմուտ քանդակագործներէ բաղկացած խումբը հանդիսաւոր կերպով բացաւ աշխարհի ամենամեծ ձիւնէ քանդակը:

200 մ. երկարութեամբ եւ 35 մ բարձրութեամբ հիասքանչ ստեղծագործութիւնը։

աղբիւր՝ galatv.am

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...