ՀՀ Զինուած Ուժերու Զինանշանը

2001 թուականի Յունուար 23-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ, Զինուած ուժերու

գլխաւոր հրամանատար Ռոպերթ Քոչարեանը հաստատեց ՀՀ զինուած ուժերու զինանշանը:

Զինանշանի կեդրոնին պատկերուած է թեւատարած արծիւ`   գուլխով դէպի աջ շրջուած, արծիւի

իւրաքանչիւր թեւը բաղկացած է եօթական փետուրէ (7 թիւը կը խորհրդանշէ շաբթուան օրերու թիւը,

որ արծիւի գլխու հետ կը հասկցուի նաեւ պատմական Հայաստանի 15 նահանգները): Արծիւը կը

խորհրդանշէ ուժ, հզօրութիւն, խորաթափանցութիւն, սլացք, կամք: Այդ բոլորը կը բնութագրեն

երկրի պահապան բանակը:

Արծիւի գլուխը պատկերուած է արեւի կլոր սկաւառակի վրայ, որ կը նշանակէ քանի դեռ կայ արեւը,

կ’ըլլայ նաեւ Հայաստանն ու Հայոց զինուած ուժերը:

Արեւի ճառագայթներու վրայ, արծիւի թեւերու բացուածքին մէջ պատկերուած է Հայաստանի պետական խորհրդանիշ եռագոյն դրօշակը, որ կը հաւաստիացնէ, որ Հայաստանի զինուած ուժերը կը գտնուին

պետութեան հովանիի ներքոյ: Արծիւի մարմինը կը կազմէ հայկական կլոր վահանը`   իրականացուած ծիրանագոյնի մութ ու բաց երանգներով: Վահանը կը խորհրդանշէ, որ զինուած ուժերը երկրի գոյութեան պատուարն ու պահապանն են:

Վահանի մէջ պատկերուած է հաւասարաթեւ խաչ, որ մեր քրիստոնէական ժառանգորդութեան ու

հաւատի առհաւատչեան է:

Զինանշանային վերջին տարրը սուրն է, որ կը խորհրդանշէ միշտ արթուն վիճակի եւ յանուն հայրենեաց պատրաստ է իջնելու թշնամիի գլխուն:

Հայոց բանակի օրը կը նշուի Յունուար 28-ին։

աղբիւր՝ dasaran.am

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...