Հրաշագեղ Ջերմուկն ու Անոր մասին Պատմուած Բանահիւսութիւնները

Ջերմուկ առողջարանային քաղաքը Հայաստանի ամենագեղատեսիլ հանգստավայրերէն մէկն է: Անիկա յայտնի է իր տաք հանքային աղբիւրներով, տեսարժան վայրերով եւ այդ վայրերու մասին հիւսուած բանահիւսութիւններով:

Ջրահարսի վարսեր

Ջերմուկի յայտնի ջրվէժ ՝ Ջրահարսի վարսեր հասնելու համար պէտք է  մօտ 20 վայրկեան քալել թափուող ժայռերու մէջէն անցնող արահետով: Այդ ճանապարհին կրնաք անցնիլ բնական կամուրջի տակէն եւ երազանք պահել: Տեղացիները կամուրջը այդպէս ալ կ’անուանեն՝ «երազանքներու կամուրջ» եւ կը վստահեցնեն, որ եթէ կամուրջի տակէն անցնիք ձեր երազանքները կ’իրականանան :

Ջրվէժը ունի 72 քմ բարձրութիւն: Անիկա թեքութեամբ կը թափի Արփա գետի մէջ եւ կը յիշեցնէ աղջկայ  վարսեր: Ջուրը զինք գրկող ժայռերու հետ գեղեցիկ տեսարան կը ստեղծէ:

Կը պատմուի, որ հին ժամանակներուն ջրվէժի վերի մասին՝ ուղաձիգ ժայռի վրայ, կը գտնուէր հզօր իշխանի ամրոցը: Իշխանը ունէր շատ գեղեցիկ դուստր, որուն ձեռքը խնդրելու կու գային աշխարհի տարբեր ծայրերէն: Սակայն գեղեցկուհին կը մերժէր զիրենք, որովհետեւ անոր սիրտը կը պատկանէր հովիւի գեղեցիկ, երիտասարդ եւ քաջարի տղուն:

Ամէն օր՝ կէսգիշերէն ետք, աղջիկը իր ննջարանի պատուհանէն  ձոր կը նետէր երկար պարան մը, որով երիտասարդ կտրիճը  խորունկ կիրճէն կը բարձրանար սիրեցեալի մօտ: Սակայն շուտով իշխանը աղջկան սենեակին մէջ կը գտնէ պարանը եւ կը գիտնայ ճշմարտութիւնը։ Իշխանը կը զայրանայ կ’անիծէ զայն՝ ըսելով. «Եթէ դարձեալ հանդիպիս հովիւի տղուն, ջրահարս դառնաս ու երբեք ջուրէն դուրս չելլես»: Սական սիրահարներուն ոչինչ չէր կրնար ետ պահել հանդիպման գայթակղութենէն: Դարձեալ սիրեցեալին իր դղեակ բարձրանալ օգնելու համար, գեղեցկուհին պարանի փոխարէն ժայռի բարձունքէն կը կախէ իր երկար ու գեղեցիկ վարսերը: Սակայն նոյն ակնթարթին կը կատարուի հօր դաժան անէծքը. գեղեցկուհին կը դառնայ ջրահարս, իսկ կիրճ թափուող անոր գեղեցիկ վարսերը կը դառնան հրաշագեղ ջրվէժ, զոր ժողովուրդը կ’անուանէ «Ջրահարսի վարսեր»:

Ջերմուկի ճոպանուղի

Կառուցուած է 2007թ-ի վերջին: Ան կրնայ մէկ անգամէն տեղափոխել 200 մարդ:

Ճոպանուղին տեղակայուած է Շիշ լերան բարձունքին վրայ, որ ունի  2080 մ. բարձրութիւն: Սակայն անբարձիչ սարքը կը  բարձրանայ մինչեւ 2450 մ.: Ճոպանուղիի ամենաերիտասարդ աշխատակիցը 14-ամեայ պատանի է, ան ամէն օր լերան բարձրութիւնը կը յաղթահարէ ձիով՝ այն ալ մի քանի անգամ :

Ջերմուկի խորհրդանիշ եղնիկը, հրաշք ջուրը

Երբ մարդու ապրուստի հիմնական միջոցը որսորդութիւնն էր, Ջերմուկի կուսական անտառները լի էին ամենատարբեր որսի կենդանիներով։ Օր մը փորձառու  որսորդ մը նկատելով եղնիկներու ընտանիք կ’ուզէ որսալ անոնցմէ մէկը: Սակայն եղնիկի հայրը կը ցատկէ եւ անոր փոխարէն ծանր կը վիրաւորուի: Որսորդը կը սկսի հետապնդել  վիրաւոր եղնիկը, սակայն կենդանին  կը կարենայ հասնիլ ջուրի մօտ եւ խմելով՝ անմիջապէս  կ՛ապաքինուի: Իսկ որսորդը տեսնելով կատարուածը կ’ապշի: Անկէ ետք կը տարածուի «Ջերմուկ» ջուրի համբաւը, իսկ հրաշք ջուրի գաղտնիքը մարդոց հասցուցած եղնիկը կը դառնայ ժողովուրդի սիրելին եւ Ջերմուկի խորհրդանիշը:

Հանքային ջուրեր ըմպելասրահ

Այնտեղ հանքային ջուրը կը հոսի տարբեր ծորակներէ` ըստ ջուրի ջերմաստիճանի՝ հասնելով մինչեւ 60 աստիճան։

Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար պատրաստեց Հայկուհի Մուրատեան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...