Հրապուրիչ Կարմիր Խնձորը

1943 ին, Գերմանական Նացի Կեդրոնական բանտի մը փշաթել ցանկապատին ետեւ, ցնցոտիներ

հագած հրեայ պատանի մը կը ճեմէր յուսահատ: Յանկարծ ան հեռուէն քալող գեղջուհի մը նշմարեց:

Ակամայ անոնց աչքերը իրարու հանդիպեցան: Տղան համարձակութեամբ հարցուց. «Բան մը ունի՞ս

ուտելու»:
Աղջիկը զգուշութեամբ գրպանէն խնձոր մը հանեց եւ նետեց: Անօթի տղուն սիրտը ուրախութեամբ

խայտաց, երբ փայլուն կարմիր խնձորը օդին մէջէն ձեռքին մէջ ինկաւ, սնունդ եւ յոյս բերելով իրեն հետ:
«Վաղը նորէն եկուր», ըսաւ  աղջիկը ու ժպտեցաւ:

Յաջորդ օրը, նոյն ժամուն, ան եկաւ եւ դարձեալ խնձոր մը նետեց: Այս գաղտնի ժամադրութիւնը

շարունակուեցաւ եօթը ամիսներ, որոնց ընթացքին այս աղջիկը դարձաւ բանտարկեալին աչքին

լոյսը եւ հոգիին յոյսը, որուն պատճառով կրցաւ տոկալ բանտի տառապանքին եւ առանձնութեան:

Օր մը, բանտարկեալ պատանին լսեց թէ պիտի տեղափոխուէին այդ վայրէն: Ան կոտրած սրտով

գոյժը հաղորդեց պատանուհիին, որուն սիրուն աչքերը տխրեցան: Յաջորդ օրը, բանտարկեալները

ուրիշ վայր մը փոխադրեցին: Այս որբ պատանին յաճախ կու լար ցաւատանջ մղձաւանջներ ունենալով:

Անոր միակ մխիթարութիւնը գեղջուհի աղջկան աչքերն էին ու իրենց գաղտնի հանդիպումներուն

յիշատակը, որ սրտին խորքը պահած էր: Վերջապէս պատերազմը դադրեցաւ եւ Ռուսական բանակը

ազատագրեց այս բանտարկեալները:

Տարիները անցան ու այս հրեայ երիտասարդը Նիւ Եորք գաղթեց: Օր մը ծանօթացաւ գաղթական

օրիորդի մը, որուն հետ ճաշարան մը երթալու ընթացքին, աղջիկը հարցուց թէ ինք ո՞ւր էր պատերազմի

ժամանակ: Երիտասարդը ըսաւ թէ Գերմանական Կեդրոնական բանտի մը մէջ էր այդ ահռելի շրջանին:

«Իսկ դո՞ւն» հարցուց աղջկան:

«Ես ու ընտանիքս խնայուեցանք հալածանքէ եւ Գերմանական ագարակի մը մէջ աշխատեցանք»:

Յանկարծ աղջկան աչքերը սառեցան եւ ան յիշողութեան փոշոտած էջերը դարձնելով ըսաւ. «Մեր

պարտէզին մօտ Գերմանական բանտ մը կար, ուր պատանի բանտարկեալի մը հանդիպեցայ: Թէեւ

գրեթէ չէինք խօսիր, բայց ակնյայտ էր որ զիրար կը սիրէինք անմեղութեամբ:

Ես ամէն օր խնձոր մը կը նետէի անոր: Բայց օր մը ան փոխադրուեցաւ: Կը խորհիմ որ մեռաւ, բայց

անոր յիշատակը կը պահեմ սրտիս խորքը:»

«Այդ տղան ցնցոտինե՞ր հագած էր: Եւ օր մը քեզի ըսա՞ւ որ այլեւս մի՛ գար, որովհետեւ պիտի

փոխադրուէին:» «Այս բոլորը ո՞ւրկէ գիտես», հարցուց օրիորդը զարմացած: Տղուն սիրտը պիտի

պայթէր կարծես՝ մինչ ապշած աղջկան ձեռքը բռնեց եւ ինքզինք հաւաքելով ըսաւ. «Զիս կերակրեցիր,

երբ անօթի էի եւ յուսադրեցիր՝ երբ անյոյս էի:

Դուն էիր որ իմ կեանքս ազատեցիր: Աստուած մեզ դարձեալ միաւորեց: Այս անգամ ազատ ենք: Բանտի

փշաթելերը մեզ չե՛ն բաժներ եւ չեմ ուզեր երբեք զատուիլ քեզմէ: Կուզե՞ս հետս ամուսնանալ…» Առանց վարանումի՝ օրիորդը ըսաւ «Այո՛ կ՛ուզեմ:»

«Ան որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ:»
«Հաւատք, յոյս, սէր. այս երեքը: Ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է:»

Աղբիւր «Օրհնաբեր Նռնենին»

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...