Մայիսեան Անկախութիւնը

Ա.-ԹՈՒՐՔ-ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏՐԱՊԻԶՈՆԻ ՄԷՋ

1918-ի Փետրուար 14-ին Կովկասեան ճակատին մէջ կը սկսին թրքական յարձակումները: Հայկական ջոկատները հերոսաբար կը մարտնչին, սակայն ի վիճակի չեն ըլլար թուրքերը կասեցնելու: Թուրքերուն կը յանձնուի Երզնկայի մէջ գտնուող զէնքն ու զինամթերքը:

1918-ի Ապրիլ 10-ին, թուրք Վէհիպ փաշան կը հրահանգէ երեք օրուան ընթացքին դատարկել Արտահանի, Կարսի եւ Պաթումի շրջանները:

Մարտ 16-ին թուրքերը կը գրաւեն Արտահանը:

Բ.-ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԵՐԽՈՒԺՈՒՄԸ ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Ստանալով Անդրկովկասի անկախութեան լուրը, թրքական բանակի հրամանատար Վէհիպ փաշան կը պահանջէ անյապաղ յանձնել Կարսը: Անդրկովկասեան կառավարութեան նախագահ՝ Չխենկելին կը համաձայնի եւ կը պահանջէ հայկական առաջին բանակի հրամանատար՝ Կէներալ Նազարբէկովէն դատարկել Կարսը: Չխենկելին այդ քայլով կը ցանկայ Կարսի փոխարէն ստանալ Պաթումը:

ԹիՖլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդը 1917-ի Մայիս 11-ին, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան հետ կ՛ուղարկէ նաեւ իր ներկայացուցիչները: Պաթումի մէջ կը սկսին բանակցութիւնները, սակայն թուրքերը կը շարունակեն իրենց յարձակումները: 1918-ի Մայիս 15-ին թուրքերը կը գրոհեն Ալեքսանտրապոլը, հայերը կատաղի դիմադրութիւն ցոյց կու տան:

Անդրկովկասեան կառավարութեան պահանջով Ալեքսանտրապոլը կը յանձնուի թուրքերուն: Անկէ յետոյ թուրքերը կը շարունակեն իրենց յարձակումը եւ Մայիս 21-ին կը գրաւեն Սարդարապատի գիւղն ու կայարանը:

Գ.-ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԵՐԸ

Թուրքերուն դիմադրելու համար կը ստեղծուի Երեւանեան զօրախումբ կէներալ  Մովսէս Սիլիկեանի հրամանատարութեամբ:

Դրոյի զօրախումբի խնդիրն էր Բաշ Ապարանէն ետ քշել թրքական 9-րդ գունդը: Գնդապետ Դանիէլ Բիւրումեանի հրամանատարութեամբ գործող Սարդարապատեան ջոկատը, 1918-ի Մայիս 24-ին յարձակման անցնելով կը ջախջախէ թուրքերը եւ կը գրաւէ Սարդարապատը:

Սարդարապատէն յետոյ 1918թ.-ի Մայիս 24-ին, Դրօն իր զօրախումբով կը մտնէ Ալի Քուչակ գիւղը, իսկ Մայիս 25-ին կը ջախջախէ թրքական երկու գունդ եւ ետ կը շպրտէ թշնամիին:

Փաստօրէն Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի մարտերուն թուրքերը պարտութիւն կրեցին եւ Երեւանը փրկուեցաւ թշնամիէն:

Ղարա Քիլիսէի մէջ ( այժմ Վանայ Ձոր) 1918-ի Մայիս 24-28 տեղի ունեցաւ մեծ ճակատամարտ: Հայերը ունէին մօտ 7000, իսկ թուրքերը 10.000 զինուոր հաշուող զօրք:

Հետագային Վէհիպ փաշան խոստովանեցաւ թէ «Հայերը Ղարա Քիլիսայի մէջ ցոյց տուին, որ աշխարհի լաւագոյն զինուորները կրնան ըլլալ»:

Մայիսեան հերոսամարտի արդիւնքով ստեղծուեցաւ Հայաստանի հանրապետութիւնը:

1918 Մայիս 28-ին հռչակուած հայոց անկախ պետականութիւնը հայ ժողովուրդի դարաւոր երազանքն էր:

Դ.-ՊԱԹՈՒՄԻ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

1918-ի Յունիս 4-ին, Պաթումի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուեցաւ հաշտութեան պայմանագիր: Մեզի համար այս հաշտութեամբ յիշուած պայմանները խիստ ծանր էին: Այս պայմանագրով թուրքերուն անցաւ արեւելեան Հայաստանի մեծ մասը:

Այս պայմանագրին համաձայն հայերը պիտի ունենային սահմանափակ թիւով զօրք եւ Պաքուէն դուրս պիտի բերէին իրենց զօրքերը:

Ե.-ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ

Հանրապետութեան հռչակումը հիմք դրաւ պետական նոր մարմիններու կազմաւորման: Ստեղծուեցաւ Օրէնսդիր Խորհուրդ՝ Խորհրդարան, որ կազմուեցաւ ԹիՖլիսի եւ Երեւանի ազգային խորհուրդներու հիման վրայ: Խորհրդարանը կազմուած էր 46 անդամէ, որոնցմէ 18-ն դաշնակացական էին:

Գործադիր բարձրագոյն իշխանութիւնը կը կոչուէր Մինիսթրներու Խորհուրդ, իսկ հետագային՝ նախարարներու Խորհուրդ:

Դաշնակցութիւնը կառավարութեան վարչապետի պաշտօնը վստահեցաւ Յովհաննէս Քաջազնունիի:

Երեւանի Ազգային Խորհուրդը կը գլխաւորէր Արամ Մանուկեան:

Հայոց Ազգային Խորհուրդն ու Կառավարութիւնը ԹիՖլիսէն Երեւան ժամանեց Յուլիս ամսուն: 1 Օգոստոս 1918-ին Երեւանի մէջ բացուեցաւ Հայաստանի Խորհրդարանի առաջին նիստը եւ Յ.Քաջազնունին ներկայացուց կառավարութեան կազմը.-

Արամ Մանուկեան                          Ներքին Գործոց նախարար

Ալեքսանտր Խատիսեան               Արտաքին Գործոց նախարար

Խաչատուր Կարճիկեան                Ֆինանսաւորումի նախարար

Յովհաննէս Հախվերտեան                        Զինուորական նախարար

Վարչապետը ներկայացուց կառավարութեան ծրագիրը.-

1-Վերականգնել տնտեսութիւնը:

2-Վերջ տալ անիշխանութեան:

3-Ստեղծել ոչ մեծաթիւ բայց ուժեղ բանակ:

4-Լուծել Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ սահմանային վիճելի հարցերը:

5-Նախապատրաստել սահմանադիր ժողովի:

* 1918-ի Դեկտեմբեր 6-ին ստեղծուեցաւ Երդուեալ Ատենակալներու Դատարանը:

*1919-ին հայերէն լեզուն օրէնքով հաստատուեցաւ, որպէս պետական լեզու, Հայաստանը ունեցաւ իր զինանշանը, որուն հեղինակներն էին ճարտարապետ՝ Ալեքսանտր Թամանեան եւ նկարիչ՝ Յակոբ Քոճոյեան:

Որպէս քայլերգ ընդունուեցաւ «Մեր հայրենիք»ը, սահմանուեցան նաեւ տօնական օրերը:

1919-ի Յունիսին տեղի ունեցան խորհրդարանի ընտրութիւնները:

Ընտրուեցան խորհրդարանի 80 անդամներ, որոնց մեծամասնութիւնը դաշնակցականներ էին: Վարչապետը դարձաւ Ա.Խատիսեանը:

Զ.-ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ

Հայաստանի անկախութիւնը առաջինը ճանչցաւ Թուրքիան՝ 1918-ի Յունիս 4-ին:

Ատրպէյճանի հետ բարդ էին յարաբերութիւնները՝ սահմանային վէճերու պատճառով:

Երեւանի մէջ իրենց ներկայացուցիչները ունէին՝ Պարսկաստանը, Վրաստանն ու Ատրպէյճանը:

Հայաստանը հիւպատոսներ նշանակեց՝ ԱՄՆ-ի, Պուլկարիոյ, Եդովպիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ:

Հայաստանը դիւանագիտական կապեր ունէր Ռուսաստանի տարածքին ստեղծուած շարք մը պետութիւններու հետ:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...