Դրան առջեւ անգամը,
Պապը ցանեց շողգամ մը:
Շողգամը շուտ աճեցաւ.
Պապը քաշեց, հա Քաշքըշեց,
Շողգամ հողէն Չհանեց:
Պապը կանչեց Մամիկը.
Մամը կանչեց Ծովիկը,
Իր անուշիկ թոռնիկը։
Թոռը մամէն,
Մամը պամէն,
Պապը շողգամէն,
Հա՜ քաշեցին, Քաշքըշեցին,
Շողգամ հողէն չհանեցին։
Թոռը կանչեց շնիկը,
Շունը կանչեց փիսիկը,
Շատ նազելի փիսիկը,
Փիսոն շունէն,
Շունը թոռէն
Թոռը մամէն
Մամը՝ պապէն,
Պապը՝ շողգամէն,
Հա՜ քաշեցին, Քաշքըշեցին,
Շողգամ հողէն Չհանեցին:
Փիսոն կանչեց Մկնիկը
Մուկը կանչեց Լոռիկը
Ծլվլացող ծիտիկը,
Ծիտը մուկէն
Մուկը փիսոյէն
Փիսոն շունէն
Շունը թոռէն,
Թոռը՝ մամէն,
Մամը՝ պապէն,
Պապը՝ շողգամէն,
Որ՜ քաշեցին, Քաշքըշեցին,
Շողգամ հողէն հանեցին
