Մարդն ու Բնութիւնը

Մարդը դեռ հին ժամանակներուն ապրած եւ օգտուած է բնութեան բարիքներէն: Եւ անոր թուացած է,

որ այդ բարիքները անսպառ են: Մարդկային քաղաքակրթութեան զարգացման զուգընթաց մարդու ներգործութիւնը բնութեան վրայ աստիճանաբար մեծցած ու հասած է  ահռելի չափերու՝ 20-րդ դարուն,

երբ մեծ զարգացում ապրեցան երկիրներու արդիւնաբերութիւնները, եւ երբ փոխադրամիջոցներու

շահագործումը աւելցաւ: Վերջիններս ալ իրենց թափօններով սկսան աղտոտել օդը, ջուրը եւ հողը:

Իւրաքանչիւր տարի մթնոլորտ կ’արտանետուի մէկ միլիար թոն փոշի եւ այլ վնասակար նիւթեր:

Սակայն միշտ չէ, որ մարդը բացասական ազդած է բնութեան վրայ: Հողը վարած է, մշակած է,

վարժեցուցած է վայրի կենդանիները, այսինքն բնութիւնը յարմարեցուցած է իրեն: Սակայն մարդը

աւելի շատ բնութենէն վերցուցած է՝ անոր վերադարձնելով գրեթէ ոչինչ: Անոր հետեւանքով բնութիւնը

սկսած է աղտոտիլ, նուազած են անոր բնական պաշարները:

Բնութիւնը օժտուած է ինքնավերականգնման յատկութեամբ: Նախապէս, երբ մարդու ազդեցութիւնը

բնութեան վրայ չնչին էր,  բնութիւնը կը հասցնէր ինքնավերականգնման եւ ինքնազարգացման

միջոցով բուժել մարդու հասցուցած վնասները եւ պահպանել իր որակը: Այժմ վիճակը ամբողջովին

այլ է, բնութեան հասցուցած վնասները այնքան շատ են, որ վերջինս չի հասցներ վերականգնուիլ:

Այս բոլորի պատճառով յառաջացան համամոլորակային խնդիրներ.

1.Կլիման կը տաքնայ եւ կը սպառնայ համաշխարհային ովկիանոսի մակարդակի բարձրացման։

2.Քայքայում օզոնային շերտի, որ երկիրը կը պաշտպանէ ուլտրամանուշակագոյն ճառագայթներէն.

3.Զանգուածային անտառահատումներ, որուն հետեւանքով կը պակասի թթուածինը.

4.Երկրի ջրոլորտի աղտոտում՝ արդիւնաբերական թափօններով.

5.Կենդանիներու եւ բոյսերու հազուագիւտ տեսակներու ոչնչացում.

Գիտնականներու կարծիքով, եթէ միջավայրի աղտոտման ներկայ վիճակը շարունակուի հարիւրամեակներ

գուցէ տասնամեակներ յետոյ մեր մոլորակը այլեւս պիտանի չըլլայ բնակութեան համար: Այսպիսով,

որպէսզի երկարաձգենք մեր մոլորակի գոյութիւնն ու օգնենք անոր վերականգնուիլ, մեզմէ իւրաքանչիւրէն

կը պահանջուի հոգատար ըլլալ բնութեան հանդէպ եւ խնամել զայն:

Լուսանկարներ Սամուէլ Սեւատայի

Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար պատրաստեց՝

Նարէ Մուրատեան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...