– Հաւը Մեղուին վրայ ծիծաղելով կ’ըսէ.
– Ի՛նչ անշնորհք ճանճ ես դուն, ամբողջ օրը ծաղիկէ ծաղիկ կը թռչկոտիս եւ օգուտ մը չունիս:
– Իսկ դո՛ւն, հաւի՛կ, ի՞նչ կը շինես,- հարցուց մեղուն:
– Միթէ չե՞ս գիտեր, թէ ի՛նչ կը շինեմ, ես քեզի պէս պարապ-սարապ չեմ տզտզար: Ես օրը մէկ հաւկիթ կ’ածեմ, գիտե՞ս մէկ հաւկիթը քանի է:
– Գիտեմ, գիտեմ, հասկցայ: Բայց ես կը կարծէի դուն օրը հարիւր հաւկիթ կ’ածես:
– Ինչպէ՛ս կարելի է օրը հարիւր հաւկիթ ածել, անխե՛լք մեղու:
– Հապա եթէ քու ածածդ ընդամէնը մէկ հաւկիթ է, ուրեմն ինչո՞ւ հարիւր անգամ կը կչկչաս, լսեցէ՜ք, հաւկիթ ածեր եմ: Իմ կարծիքովս ՝ այսքան կչկչալուդ մէկ հաւկիթը շատ քիչ է: Այնպէս չէ՞, իմաստո՛ւն հաւիկ:
– Բայց դո՛ւն ի՞նչ կը շինես, դո՛ւն, որ իմ մէկ հաւկիթս քիչ կը համարես:
– Ես ինչ որ կը շինեմ, քեզի պէս կչկչալով չեմ յայտներ ուրիշներուն: Ես մեղր կը շինեմ: Գիտե՞ս ինչ է մեղրը: Այդ հաւու կերակուր չէ, քու խելքդ չի հասնիր, հաւի՛կ:
աղբիւր՝ horizonweekly.ca