Ղա­զա­րոս Ա­ղա­յեան

Հայ մանկագրութեան վարպետ ու սիրուած ուսուցիչ Ղազարոս Աղայեան ծնած է 1840-ին

Ապ­րիլ 4-ին­, Բոլ­նիս-­Խա­չէն (այժմ՝ Վ­րաս­տա­նի մէջ) հա­յաբ­նակ գիւ­ղը։

Սկզբ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ծննդա­վայ­րի ­Շամ­շուլ­դա գիւ­ղի քա­հա­նայ ­Տէր ­Պետ­րո­սի մօտ։

1853ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի «­Ներ­սի­սեան» դպրո­ցը. մէկ տա­րի յե­տոյ ինք­նա­կամ հե­ռա­ցաւ

դպրո­ցէն։ Այ­նու­հե­տեւ իր գի­տե­լիք­նե­րը լրա­ցուց ինք­նակր­թու­թեամբ։

Աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէզ մտաւ իբ­րեւ գրա­շար՝ ­Թիֆ­լի­սի մէջ, ա­պա՝ ­Մոս­կո­ւա եւ Ս. Փե­թերս­պուրկ։

1867ին վե­րա­դար­ձաւ Անդր­կով­կաս. նշա­նա­կուե­ցաւ Ս. Էջ­միած­նի տպա­րա­նի կա­ռա­վա­րիչ եւ խմբագ­րեց

«Ա­րա­րատ» ամ­սա­գի­րը (1869-70)։
Այ­նու­հե­տեւ, իբ­րեւ ու­սու­ցիչ, դա­սա­ւան­դեց Ա­խալց­խա­յի, Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի, Ե­րե­ւա­նի եւ Շու­շիի

թե­մա­կան դպրոց­նե­րուն մէջ (1870–1882)։ Շրջան մը նաեւ ե­ղաւ Վ­րաս­տա­նի եւ Ի­մե­րե­թիա­յի հայ­կա­կան

դպրոց­նե­րու թե­մա­կան տե­սուչ։
Իբ­րեւ հրա­պա­րա­կա­գիր՝ նախ աշ­խա­տե­ցաւ «­Փորձ» հան­դէ­սի խմբագ­րու­թեան մէջ իբ­րեւ քար­տու­ղար։

­Գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ «Աղ­բիւր» ման­կա­կան պատ­կե­րա­զարդ ամ­սագ­րի խմբագ­րու­մին մէջ։

1880ա­կան­նե­րէն աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց նաեւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման մէջ։

1895ին ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ՝ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան պատ­կա­նե­լու

մե­ղադ­րան­քով. աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւան, ա­պա՝ Ղ­րիմ (1898-1900)։ Այ­նու­հե­տեւ, մին­չեւ կեան­քին

վախ­ճա­նը, գտնո­ւե­ցաւ ցա­րա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան հսկո­ղու­թեան տակ։
Վախ­ճա­նե­ցաւ 1911 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նիս 20ին, ­Թիֆ­լիս։

Ղ. Ա­ղա­յեան իր ե­տին թո­ղուց հա­րուստ եւ բազ­մա­ճիւղ գրա­կա­նու­թիւն։

Ա­ռա­ջին տպա­գիր գոր­ծը ե­ղաւ «­Հար­կա­ւոր է օգ­նել չքա­ւոր­նե­րին» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, որ լոյս տե­սաւ

«­Մե­ղու ­Հա­յաս­տա­նի» օ­րա­թեր­թին մէջ, 1862ին։ Իր «Ա­րու­թիւն եւ ­Մա­նո­ւէլ» գոր­ծով (1867), Ա­ղա­յեան

հի­մը դրաւ ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան վէ­պին՝ հայ նոր գրա­կա­նու­թեան մէջ։ ­Վէ­պը ա­նո­ղոք պայ­քա­րի կոչ է

խա­ւա­րին ու յե­տամ­նա­ցու­թեան դէմ՝ ըն­թա­նա­լով Ա­բո­վեա­նի բա­ցած ու­ղիէն։

Ա­ղա­յեա­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ար­ձա­կի ու­շագ­րաւ նմոյշ­նե­րէն են՝ «Եր­կու քոյր» վի­պա­կը, «­Բա­ժա­նու­թիւն»ը,

«­Սէ­րը ար­տաք­սո­ւած» գոր­ծը։ Մ­շա­կած է «­Քէօ­րօղ­լի» վի­պեր­գու­թեան ե­րեք դրուագ­ներ։ ­Մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին Ա­ղա­յեա­նի ի­դէալն ա­ւե­լի ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն ար­տա­յայ­տո­ւած է «­Տորք Ան­գեղ» եր­կա­րա­շունչ

բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ (1888), ո­րուն ա­տաղ­ձը Մ. ­Խո­րե­նա­ցիի «­Հա­յոց պատ­մու­թեան» մէջ ե­ղած ա­ռաս­պելն է

Ան­գե­ղեան ­Տոր­քի մա­սին։

Բայց յատ­կա­պէս մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցաւ Ա­ղա­յեան ման­կա­կան գրա­կա­նու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ։

­Ման­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջին ժո­ղո­վա­ծուն՝ «Ս­րինգ հո­վո­ւա­կան»ը լոյս տե­սաւ 1882ին,

յա­ջոր­դը՝ «­Բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ»ը, 1890ին։ ­Հե­քիաթ­նե­րը մեծ կշիռ ու­նե­ցան Ա­ղա­յեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան

վաս­տա­կին մէջ։ Ան հէ­քեա­թը կը հա­մա­րէր ի­րա­կան աշ­խար­հի ու կեան­քի ճշմար­տա­ցի պատ­կեր­ման,

մա­նուկ­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն մի­ջոց եւ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը պաշտ­պա­նէր չա­րին

կռո­ւով յաղ­թե­լու սկզբուն­քը։ Ա­ղա­յեա­նի հէ­քեաթ­նե­րուն հե­րոս­նե­րը անձ­նա­կան բա­րօ­րու­թիւ­նը կը

ստո­րա­դա­սեն հան­րա­յին եր­ջան­կու­թեան գա­ղա­փա­րին։ Իր «Ա­նա­հիտ» հէ­քեա­թը (1881) հայ

հէ­քեա­թագրու­թեան լա­ւա­գոյն նմոյշ­նե­րէն մէ­կը կը նկա­տո­ւի։
Իսկ ման­կա­վար­ժա­կան իր գոր­ծե­րու շար­քին ա­ռան­ձին յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի է Ա­ղա­յեա­նի

«Ու­սումն մայ­րե­նի լե­զո­ւի» դա­սա­գիր­քե­րու շար­քը՝ նա­խակր­թա­րա­նի Ա, Բ, Գ, Դ. դա­սա­րան­նե­րու հա­մար։

­Շուրջ 40 տա­րի (1875-1916) Ա­ղա­յեա­նի այս դա­սա­գիր­քը ե­ղաւ ա­մե­նա­տա­րա­ծո­ւած այբ­բե­նա­րա­նը ա­տե­նի

հայ դպրոց­նե­րուն մէջ։

­Հայ­կա­կան ման­կագ­րու­թեան ար­ժա­նա­ւոր ռահ­վի­րան է ­Ղա­զա­րոս Ա­ղա­յեան, որ ոչ միայն բա­նիւ, այ­լեւ՝

գոր­ծով ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ հայ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման եւ ա­նոնց՝

իբ­րեւ գի­տա­կից մար­դու եւ հա­յու լիար­ժէք կազ­մա­ւոր­ման։
Ան հա­մալ­սա­րա­նա­կան յա­տուկ ու­սում չու­նե­ցաւ, բայց ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ եւ ինք­նա­զար­գա­ցու­մով

յա­ջո­ղե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­­թիւ­նը խո­րաց­նել եւ ման­կա­վար­ժա­կան նո­րա­րար

շար­ժում­նե­ր հաս­տա­տել եւ։
Անոր խօսքերէն են`
— ­Յա­ճախ շատ գի­տուն փրո­ֆե­սո­րը պի­տա­նի չէ որ­պէս ու­սու­ցիչ:
— ­Դաս­տիա­րա­կե­լու հա­մար ոչ թէ եր­կար ժա­մա­նակ է հար­կա­ւոր, այլ կարճ ժա­մա­նա­կի խե­լա­ցի

օգ­տա­գոր­ծում:
— Ա­շա­կեր­տը պի­տի հաս­կա­նայ, մար­սէ ա­մէն բան, ինչ որ սո­վո­րում է վար­ժա­պե­տից, որ­պէս­զի նա ոչ

թէ մի ան­շունչ բա­ռա­գիրք դառ­նայ, այլ նա­խա­պատ­րաս­տո­ւի լի­նել կեն­դա­նի եւ ա­ռողջ դա­տո­ղու­թիւն

ու­նե­ցող խե­լօք մարդ:
— Աշ­խա­տու­թիւ­նը բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րի մայրն է, ինչ­պէս ծու­լու­թիւ­նը ծնող է ա­մե­նայն մո­լու­թեան:

Ան­գործ մնա­ցած հո­ղի վրայ բուս­նում են ա­մէն տե­սա­կի ան­պի­տան խո­տեր, իսկ մշա­կո­ւող հո­ղը, ո­րը

նպա­տակ ու­նի շա­տե­րին սնունդ տա­լու, զար­դար­ւում է ա­մէն տե­սա­կի բա­րի­քով:
Աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը միայն խօսք եւ քա­րոզ չէր այս մեծ հա­յուն հա­մար։ Իր ան­ձին ու կեան­քին կեն­դա­նի

օ­րի­նա­կով դաս­տիա­րա­կեց սե­րունդ­նե­րը, ո­րոնց շա­րու­նակ յի­շե­ցուց, թէ լիար­ժէք մարդ դառ­նա­լու հա­մար

նա­խա­պայ­ման են եր­կու հիմ­նա­կան սկզբունք­ներ.- ­Նախ՝ մայ­րե­նի լե­զո­ւի պաշ­տա­մուն­քը, ա­պա՝ մար­դուն

տրո­ւած աս­տո­ւա­ծա­յին գե­րա­գոյն պար­գե­ւը, որ սէրն է դէ­պի մարդն ու մարդ­կա­յի­նը։ Ինչ­պէս Ա­ղա­յեան

ինք գրած է՝
— ­Բա­ւա­կան չէ ազ­գա­սէր եւ հայ­րե­նա­սէր ըլ­լա­լը, պէտք է քիչ մըն ալ լե­զո­ւա­սէր ըլ­լալ. պէտք է սի­րել,

պաշ­տել, գգո­ւել հա­րա­զատ մօր հա­րա­զատ լե­զուն: Այս սեր­մը միայն կը բա­նայ մեր առ­ջեւ լե­զո­ւի

ան­հատ­նում ճո­խու­թիւ­նը, ա­նոր նրբու­թիւ­նը եւ քաղց­րու­թիւ­նը:
— ­Տէ՜ր Աս­տո­ւած, ին­չե՜ր ես դրել մար­դու հո­գում քո մի ե­ռա­տառ բա­ռովդ, որ է՝ ­Սէր:

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...