Արամ Մանուկեան

Արամ Մանուկեան

(Սարգիս Յովհաննիսեան)

1879–1919

Քաղաքական, պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ, 1915թ. Վանի ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներէն, որուն յաղթական աւարտէն ետք ղեկավարած է Վանի նահանգապետութիւնը։

Իբրեւ Հայոց ազգային խորհուրդի լիազօր ներկայացուցիչ՝ Ա. Մանուկեան 1917թ. կու գայ Երեւան եւ

կը գլխաւորէ նորաստեղծ Յատուկ կոմիտէն: 1918թ. Ան կը ստանձնէ դիկտատորի լիազօրութիւններ: Սարդարապատի եւ Բաշ-Ապարանի մարտերուն ժամանակ՝ իրականացուց կազմակերպչական մեծ

աշխատանք, անոր վրայ դրուած էր հայկական բանակի թիկունքին ապահովումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք՝ ան փաստացի ղեկավարած է երկիրը՝ մինչեւ Թիֆլիսի

մէջ ստեղծուած ՀՀ առաջին կառավարութեան` Հ. Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ (1918թ. Յուլիս 23) Երեւան փոխադրուիլը:

Նոր կառավարութեան կազմին մէջ՝ Արամ Մանուկեան ներքին գործոց նախարարն էր եւ այդ պաշտօնը

վարեց մինչեւ իր մահը:

«Մեր կուսակցութեան մէջ ոչ ոք ունի Արամի աստղը: Եւ ինչպէս հոյակապ կը փայլի այդ աստղը: Լաւ լսէ,

թէ ինչ կ՝ըսեմ քեզի: Հեռուէն թէ մօտէն ուշադիր հետեւած եմ ու կը հետեւիմ իր գործերուն: Մեծ մարդոց

յատուկ քայլերով, թռիչքներով կ՝առաջանայ: Արդէն Վանի հերոսամարտը կազմակերպելով ու վարելով`

Արամ դուրս եկաւ մեր կուսակցութեան սահմաններէն ու դարձաւ ազգային դէմք` Վասպուրականի հերոսը:

Իսկ այժմ, մեր այս անհնարին ծանր պայմաններուն մէջ, մեր աչքերուն առջեւ` տես ինչեր կ՝ընէ: Քեզի բան

կ՝ըսեմ, – մարդ չէ, հրաշք է…: Արամն է, որ կը լուսաւորէ բոլորիս ճամբան, եւ քանի ան կայ, կասկած չունիմ,

որ պիտի յաջողինք եւ լոյս աշխարհ ելլենք այս… խոր վիրապէն: Լա’ւ լսէ, Արամը ալ միայն մերը չէ, միայն Դաշնակցութեան չէ, ան բոլորինն է: Տե՛ս, ինչպէս գերած է, իր ու գործին հետ կապած ժողովրդականները,

այն ժողովրդականները, որոնք Դաշնակցութեան համար լաւ խօսք չէին պահած: Մազերս ճերմկած են Դաշնակցութեան մէջ, բայց նման բան լսած ու տեսած չեմ: Արամի աստղին կը հաւատանք ո՛չ միայն մենք` դաշնակցականներս, այլեւ անոնք` ժողովրդականները ու բոլորը»:

Սարգիս Օհանջանեանի 

«… Երբ գիշերը գայ, մտնէք ձեր հոգիի սենեակը, խօսիք ձեր խղճին հետ եւ ըսէք, արդեօք աշխատա՞ծ էք

հայ ժողովուրդի համար այնպէս, ինչպէս Արամը, եղա՞ծ էք այնքան անձնազոհ, որքան Արամը, տուա՞ծ էք

ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովուրդին, ինչպէս Արամը…»

Նիկոլ Աղբալեան

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...