Լեւոն Շանթ

Թատերագիր, արձակագիր Լեւոն Շանթ բուն անունով Լեւոն Նահաշպետեան, ապա հօր՝ Սեղբոսի անունով՝ Սեղբոսեան, ծնած է 1869 թ. Ապրիլ 6-ին՝ Կոստանդնուպոլիս:

Վաղ հասակին զրկուած է ծնողներէն։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կ.Պոլսի Սկիւտարի ճեմարանը։

1884-91թթ յաճախած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, 1892-99թթ ուսանած է Գերմանիա՝ խորանալով մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան մէջ։

1899թ. վերադարձած է Անդրկովկաս, աւելի քան տասը տարի դասաւանդած Թիֆլիսի Գայեանեան օրիորդաց

եւ Երեւանի թեմական դպրոցներէն ներս։

Թիֆլիսի մէջ մասնակցած է «Վերնատուն» գրական միաւորման հաւաքոյթներուն, սերտ կապերու մէջ

եղած է Յովհաննէս Թումանեանի, Ղազարոս Աղայեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Դերէնիկ Տէմիրճեանի

եւ ուրիշներու հետ:

«Վերնատունը» կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է գրողի գրական ըմբռնումներու եւ ստեղծագործական որոնումներու համար։ Յ.Թումանեանի եւ Ս. Լիսիցեանի հետ կազմած ու հրատարակած է «Լուսաբեր»

հայոց լեզուի դասագիրքը։

1911թ. անցած է Կ.Պոլիս, դասաւանդած Կեդրոնական եւ Եսայեան վարժարաններէն ներս։ 1915թ-էն

ապրած է Եւրոպայի մէջ, 1919թ. վերադարձած է Անդրկովկաս։ Եղած է ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր։

1921թ-էն ապրած է արտասահմանեան տարբեր երկիրներու մէջ (Իրան, Ֆրանսա, Եգիպտոս)՝ զբաղելով ուսուցչութեամբ եւ գրական աշխատանքով։

1929թ-էն տեղափոխուած է Պէյրութ։ Անոր ստեղծագործական ուղին տեւած է վեց տասնամեակ։

1890-ական թուականներուն հրատարակած է բանաստեղծութիւններ եւ «Լերան աղջիկը» պոէմը,

որոնց գաղափարական հիմքը կեանքի եւ իդէալի հակադրութեան, պատրանքի եւ երազային սիրոյ

գեղեցկութեան մասին են։ Ունի վիպակներու շարք («Մնաք բարովի իրիկունը», 1891թ., «Երազ օրեր»,

1894թ., «Դուրսեցիները», 1895թ., «Վերժին», 1897թ., «Դարձը», 1897թ., «Դերասանուհին», 1899թ.),

«Կինը» (1912թ.) ուր արծարծած  է սիրոյ եւ աշխատանքի, հասարակական պարտքի եւ անձնական

ձգտումներու հակադրութեան հարցեր։

Շանթի արձակը հարուստ է հոգեբանական նրբերանգներով, քնարական ջերմութեամբ, մանաւանդ՝ կին հերոսներու ներաշխարհի խոր իմացութեամբ։ Սակայն գրողի ստեղծագործութեան նշանակութիւնը հայ գրականութեան եւ մշակոյթի պատմութեան մէջ անոր թատերգութիւններն են։ «Եսի մարդը» (1904թ.),

«Ուրիշի համար» (1905-06թթ), «Ճամբուն վրայ» (1909թ.) ան անդրադարձած է անհատի եւ հասարակութեան փոխյարաբերութեան, ազգային-ազատագրական պայքարի հարցերուն։ «Հին աստուածներ» (1909թ., հրտ.՝ 1912թ.), «Կայսրը» (1916թ.), «Շղթայուածը» (1921թ.), «Ինկած բերդի իշխանուհին» (1923թ.), «Օշին Պայլ»

(1932թ.) պատմական դրամաները իրենց նիւթով կապուած են հայ միջնադարի տարբեր

ժամանակաշրջաններու, իսկ «Կայսրը»՝ բիւզանդական պատմութեան հետ։ Սակայն, ընդհանուր առմամբ, պատմական միջավայրի հոգեբանութիւնը եւ կենցաղի ճշմարիտ վերարտադրութիւնը հեղինակին համար

էական խնդիր չէ։

Աւելի ուշ լոյս  տեսած է անոր «Հոգիները ծարաւի» (1945թ.) հոգեբանական վէպը։ Գրած է նաեւ հայոց լեզուի քերականութեան դասագիրքեր (օգտագործուած են սփիւռքի հայկական դպրոցներէն ներս)։

Մահացած է Պէյրութի մէջ 1951-ի Նոյեմբեր 29-ին։

Երեւանի մէջ Շանթի անունով կոչուած է դպրոց։

Լեւոն Շանթի Մտքերէն

-Մայրենի լեզուն թանկագին գանձ մըն է՝ դարաւոր սերունդներու աշխատանքով գոյացած եւ մեզի

աւանդուած, եւ պէտք չէ մոռնալ, թէ երբեք իրաւունք չունինք անփոյթ եւ անխնամ ըլլալու, ծռելու,

աղճատելու զայն: Ընտանիքը պարտական է միշտ մաքուր խօսելու. անճիշդ եւ անշնորհք ձեւեր պէտք

չէ գործածուին, ոչ ալ օտար ձեւեր եւ արտայայտութիւններ: Ժողովուրդ մը որքան հոգիով բարձրանայ,

իր մէջ արժանապատուութեան զգացումը զօրանայ, այնքան անոր համար բնական պահանջ կը դառնայ

մաքուր ու գեղեցիկ խօսիլ մայրենի լեզուն:
-Տղաք, ինչ որ ունինք, -հոգեկան, մտային արժէքներ կամ նիւթական հարստութիւն,- կը պատկանի ձեր ժողովուրդին, հայ ժողովուրդին, անոր պիտի վերադարձնենք:

-… Իմ փնտռածս աշխատա՛նքն է, ներքին անդուլ ու անկաշկանդ որոնումը՝ ներքին անվերջ

նուաճումները բարձունքէ բարձունք, պարիսպէ պարիսպ, տարակոյսներու անդունդներուն վրայէն,

ելքերով ու անկումներով. անդադար խոյանք մը դէպի ճշմարտութիւնը։ Գացէ՛ք, գացէ՛ք ներս, դուք՝ ձեր

եկեղեցին, ես ալ երթամ շինեմ ի՛մ եկեղեցիս, բայց այս անգամ ե՛ս, միա՛յն ես, եւ կերտուածք մը, որ վայել

ըլլայ իմ Աստծուս բնակութեանը, որու կամարներուն տակ իմ խնկելիք աղօթքիս ո՛չ մէկ բառը կեղծ չհնչէ,

ո՛չ մէկ բառի արձագանգը դատարկ չհնչէ։
«… Իմ տաճարիս հիմքը իմ բանականութիւնս պիտի ըլլայ, սիւները՝ իմ կամքս է, ու գմբէթն ալ ըլլալու է

հաւատքս։
«… Քանի կ՛ապրինք՝ շինենք պիտի, պիտի շինենք մեր Աստծուն իր տաճարը. շինենք ու փլի, շինենք ու

քանդենք, շինենք ու շինենք միշտ, բայց երբե՛ք, երբե՛ք չաւարտենք։ Հէնց որ աւարտի, ալ տաճար չէ Աստծու…
«… Ամէնէն ստոր հոգիները միայն հայհոյել կրնան այն Աստծուն, որուն երբեմն երկրպագեր են»։

(Հին Աստուածներ)

 

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

Գիշերապահը

Գիշեր է. տա՜նկ, տա՜նկ, հսկայ ժամացոյց։
Հանգիստ է չորս դին, կը ննջեն բոլոր.
միայն ինքն է որ՝ հանգոյցէ հանգոյց
փողոցներ կ՛անցնի լուռ, քայլամոլոր։

Պաղ հովը կու գայ, կը զարնէ ճակտին,
ուր հին-հին յուշեր յանկարծ կը յածին,
ինչպէս երկնքի քօղէն ալ անդին
մոռցուած աստղեր մերթ վառ կ՛առկայծին։

Ու միտքն ակամայ թափով մ՛ինքնաբեր
կը թռչի հեռուն՝ տունը հայրենի.
է՜, կեանքն ուրիշ էր, սրտերն ալ տարբեր
այն լեռներուն մէջ վեհ ու ամեհի։

Ու պարզ կը յիշէ… Գիշեր է խորին.
իրենք քոյր-եղբայր լարումով անհուն
լռիկ պաշարած ալեհեր հանին՝
կ՛ունկնդրեն անոր վէպերն հմայուն։

Եւ հանին ինքն ալ ներշնչուած արդէն
Մհերի ուժը կը պատմէ տղոց.
երբ յանկարծ բուքը տնակի երդէն
այլանդակ ձայնով կը հանէ հոգոց։

Ահեղ ոռնումով կարծես կը խօսի,
կը սուլէ բառեր բիրտ ու չլսուած,
բա՛ռ, որ դժոխքի խորքէն կը հոսի…
Ու խաչ կը հանէ հանին երկիւղած։

Իսկ տղաքը լուռ կը նային իրար
ու ամէն մէկը կը խորհի ինքնին,
որ նոր Մհեր մը դառնայ անպատճառ,
երբ ինքն ալ հասնի անոր տարիքին։

Եւ ահա՜… տա՜նկ, տա՜նկ, խորհո՛ղ ժամացոյց։
Հանգիստ է չորս դին, կը ննջեն բոլոր.
միայն ինքն է որ՝ հանգոյցէ հանգոյց
փողոցներ կ՛անցնի լուռ, քայլամոլոր։

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...