1869 թ.-ի Փետրուար 19-ին Լոռիի Դսեղ գիւղին մէջ ծնած է ամենայն հայոց բանաստեղծ, գրող,
հասարակական գործիչ Յովհաննէս Թումանեան:
Ան սկսած է ստեղծագործել 1880-ականներու կէսէն, այդ ժամանակ ալ կը սկսի համագործակցիլ
հայկական տարբեր թերթերու եւ ամսագրերու հետ։ «Բանաստեղծութիւններ» հաւաքածուի լոյս
տեսնելէն ետք գրողը լայն ճանաչում ձեռք կը բերէ:
1899 թուականին Յովհաննէս Թումանեանը կը կազմակերպէ «Վերնատուն» գրական խմբակը, որուն
անդամ կը դառնան բազմաթիւ հայ նշանաւոր գրողներ ու բանաստեղծներ։
1905-07 թուականներուն Թումանեան կը մասնակցուի Պաքուի (Ատրպէյճան) հայ-թաթարական
ընդհարումներու հաշտեցման։ Ցարական կառավարութեան կողմէն երկու անգամ կը ձերբակալուի
(1908 եւ 1911) ու բանտ կը նետուի։ 1912–1921 թթ. Թումանեան կը դառնայ Հայ գրողներու կովկասեան
միութեան նախագահ, իսկ Հայքի խորհրդայնացումէն ետք կը դառնայ օգնութեան կոմիտէի նախագահ
(1921-22)։
Յովհաննէս Թումանեան այն եզակի գրողներէն է, որ գրած է բոլոր տարիքի մարդոց համար: Մանուկներու
բազում սերունդներ մեծցած են անոր հեքիաթներու աշխարհի մէջ: Իսկ ժողովրդական բանահիւսութեան
վրայ ստեղծուած թումանեանական բալատներն ու առասպէլները ընթերցողը կը վերադարձնեն դէպի մեր ակունքներ:
1923-ին` 54 տարեկան հասակին Թումանեան կը հեռանայ աշխարհէն՝ մեզի թողնելով մեծ ժառանգութիւն:
Թումանեանի ստեղծագործութիւնները կը գտնէք այստեղ tumanyan.info